Այսու կը ծանուցենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, թէ 2022 թուականի Յուլիս 1-ին, Ուրբաթ, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայրապետական նստավայր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ։