Ինչո՞ւ Այս Գրադարանը
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր բաղկացուցիչ կառոյցներով, երախտաւոր անդամներով եւ բարեկամներով, քաղաքական գործունէութեան կողքին, իր գոյերթին ամբողջ ընթացքին մօտէն առնչուած է նաեւ Հայ մշակոյթով:
ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի շարքերուն պատկանող, նշեալ կառոյցներուն համակիր, թէ բարեկամ՝ անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ երախտաւոր գրողներ եւ մտաւորականներ, հեղինակած կամ հրատարակած են գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ գաղափարախօսական նիւթեր ու խոհեր:
Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ ըլլալու հանգամանքը, թերեւս առիթը չէ տուած մեզի ունենալու կուսակցական կեդրոնացած գրադարան մը, ուր մէկ տեղ ամփոփուած եւ պահպանուած ըլլան մեր կուսակցութեան ու միութեան վերաբերող կամ իրենց հետ առնչուող հրատարակութիւնները:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքի սոյն էջը կը վերաբերի վերոյիշեալ գաղափարին գոնէ մասամբ իրագործումին, որն է, արհեստագիտութեան նորագոյն պայմաններէն օգտուելով ստեղծել մեր կազմակերպութեան Ելեկտրոնային Գրադարանը, որ պարբերաբար թարմացուելով, պիտի պարունակէ ոչ միայն մեզի հետ առնչուող գիրքերու ելեկտրոնային կամ թուայնացուած օրինակները, այլ նաեւ պատմական լուսանկարներ եւ այլ արխիւային նիւթեր:
Խմբ.