Երեքշաբթի, 19. 03. 2024

ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթ

ԶԱՐԹՕՆՔ ազգային-քաղաքական, հասարակական եւ գրական օրաթերթ է: Հիմնադրուած է 26 Սեպտեմբեր 1937-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Հիմնադիրները եղած են Միհրան Տամատեան եւ Յովսէփ Սեքսենեան։ Արտօնատէրը եւ առաջին պատասխանատու տնօրէնը եղած է Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանը։

ԶԱՐԹՕՆՔ-իառաջին

խմբագիրը եղած է Վահան Թէքէեան։ Խմբագրապետութեան պաշտօնով ապա իրար յաջորդած են Լեւոն Թիւթիւնճեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Յակոբ Դաւիթեան, Միքայէլ Նաթանեան, Գրիգոր Պեքերեճեան, Համբարձում Գումրույեան, Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ Աւետիքեան, Պարոյր Աղպաշեան: 2015-էն ի վեր անոր գլխաւոր խմբագիրն է Սեւակ Յակոբեան: Լոյս կը տեսնէ տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: ԶԱՐԹՕՆՔ-ի արտօնատէրը այսօր, ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի սեփականութիւնը հանդիսացող՝ «Շիրակ» Ընկերակցութիւնն է:

ԶԱՐԹՕՆՔ պաշտօնաթերթն է

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Ունի քաղաքական, լրատուական եւ մշակութային հարուստ բովանդակութիւն։ Իր գոյերթին ընթացքին կարեւոր եւ ազդեցիկ դեր ունեցած է լիբանանահայ կեանքին մէջ։ Ջատագոված է հայրենադարձութիւնը, օժանդակած է  Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, իր էջերը տրամադրած է գիտութեան, մշակոյթի, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու: Հայրենիքի բարգաւաճումը պատկերող նիւթերը եղած են իր բովանդակութեան կիզակէտին վրայ: Հրապարակած է տար կարծիքներով  հեղինակներու ստեղծագործութիւններ եւ յօդուածներ։ Լուսաբանած է լիբանանեան եւ միջազգային անցուդարձները ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան ազգային կեանքը։ ԶԱՐԹՕՆՔ-ը աշխոյժ կերպով միջամտած է ազգապահպանման, եկեղեցական, դպրոցական, մշակութային եւ երիտասարդական հարցերուն: Սփիւռքի մէջ դրօշակակիրը եղած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ յատուկ ու լայն տեղ յատկացուցած է ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան։ Ունեցած է կանանց, մանկապատանեկան, մարզական ու գրական բաժիններ: Հրատարակած է անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով յաւելուածներ։ Նոր տարուայ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ կուսակցական թէ այլ յոբելեաններու առիթով լոյս ընծայած է բացառիկ թիւեր։ Ունեցած է մատենաշար եւ հրատարակած է գիրքեր: