Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

Ինչո՞ւ Այս Գրադարանը

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, իր բաղկացուցիչ կառոյցներով, երախտաւոր անդամներով եւ բարեկամներով, քաղաքական գործունէութեան կողքին, իր գոյերթին ամբողջ ընթացքին մօտէն առնչուած է նաեւ Հայ մշակոյթով:
ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի շարքերուն պատկանող, նշեալ կառոյցներուն համակիր, թէ բարեկամ՝  անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ երախտաւոր գրողներ եւ մտաւորականներ, հեղինակած կամ հրատարակած են գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ գաղափարախօսական նիւթեր ու խոհեր:
Կուսակցութեան աշխարհասփիւռ ըլլալու հանգամանքը, թերեւս առիթը չէ տուած մեզի ունենալու կուսակցական կեդրոնացած գրադարան մը, ուր մէկ տեղ ամփոփուած եւ պահպանուած ըլլան մեր կուսակցութեան ու միութեան վերաբերող կամ իրենց հետ առնչուող հրատարակութիւնները:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքի սոյն էջը կը վերաբերի վերոյիշեալ գաղափարին գոնէ մասամբ իրագործումին, որն է, արհեստագիտութեան նորագոյն պայմաններէն օգտուելով ստեղծել մեր կազմակերպութեան Ելեկտրոնային Գրադարանը, որ պարբերաբար թարմացուելով, պիտի պարունակէ ոչ միայն մեզի հետ առնչուող գիրքերու ելեկտրոնային կամ թուայնացուած օրինակները, այլ նաեւ պատմական լուսանկարներ եւ այլ արխիւային նիւթեր:

Խմբ.

Հիմնական ԷջԵլեկտրոնային Գրադարան

Ելեկտրոնային Գրադարան

Յայտագիր. Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի 40-ամեայ Գրական Յոբելինական Հանդէսի

Յայտագիր. Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի 40-ամեայ Գրական Յոբելինական ՀանդէսիDownload

ԶԱՐԹՕՆՔ-ի 80-ամեակի Գովազդ-Տեսերիզ

https://www.youtube.com/watch?v=zYrHdCCr_r8

Ռամկավարութեան Ոգին կամ Անհատականութեան Զարգացումը. Յ.Պ. Պօղոսեան

«Ռամկավարութեան Ոգին կամ Ամհատականութեան Զարգացումը» - Յ.Պ. ՊօղոսեանDownload

Եգիպտահայ Տարեցոյցը 1919

«Եգիպտահայ Տարեցոյցը 1919» - Մարտիրոս ՈսկեանDownload

Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 1922 – 1937

«Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 1922 - 1937» - Անդրանիկ ՏագէսեանDownload

Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն. Պետիկ Թորոսեան

«Հայ Իրականութիւնը Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի Գրիչէն» - Կազմեց ու ծանօթագրեց՝ Պետիկ ԹորոսեանDownload

Ընտրել Ելեկտրոնային Գրադարանի Մասնաբաժինը

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին

spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ