Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Միաբանական Հաւաք Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երկուշաբթի, 24 Յունուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ:

Հաւաքի սկիզբը Նորին Սրբութիւնը յայտնեց «Սփիւռքի Տարի»ին մասին կատարուելիք աշխատանքներուն ու զանոնք արժեւորելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս ուղղութեամբ ան ընդգծեց հոգեմտաւոր առաքելութեան կենսունակութիւնը՝ յայտնելով, որ մեր առաքելութիւնը առաւել եւս պէտք է կեդրոնացնել Սփիւռքի վերակազմակերպման գործընթացին վրայ։

Այս առիթիվ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց 1 Յուլիս 2022-ին տեղի ունենալիք Միւռոնօրհութեան եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին: Ան ըսաւ, որ մեր Ս. Աթոռին ծառայական առաքելութեան մէջ իրենց իւրայատուկ տեղն ու դերը ունեցող յիշեալ  եկեղեցական արարողութիւնն ու միաբանական համախմբումը խթան պիտի հանդիսանան վերաժեւորելու մեր ծառայիւթիւնը եւ նոր թափ տալու Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով յայտնեց, որ նոր յանձնախումբեր պիտի յառաջանան, միաբան հայրերէ բաղկացած, որպէսզի առաւելագոյն չափով կազմակերպուին յիշեալ ծրագիրները իրականացնելու աշխատանքները։

Աւարտին, Հայրապետը կատարեց վանական կեանքի պաշօններու նոր նշանակումներ։ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան նշանակուեցաւ Մայր Տաճարի լուսարարապետ, իսկ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ։

Հուսկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, միաբան հայրերը միահունչ կերպով երգեցին «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը՝ բարի երթ մաղթելով հովուական ծառայութեան մեկնելու պատրաստ երեք միաբան հայրերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին