Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ի՞նչ Սխալներ Գործեցինք Որ Հոս Հասանք

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

ԶԱՒԷՆ Գ․ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

      Ի՞նչ սխալներ գործեցինք որ հոս հասանք։

      Որո՞նք էին՝ հիմնական այն սխալները, որոնց պատճառաւ մեր հազարամեայ հողերէն՝ բռնիօրէն տարագրուեցանք՝ չարչարուեցանք՝ ջարդուեցանք՝ ցեղասպանութեան ենթարկուեցանք՝ տառապեցանք՝ կրկին անգամ պարտութեան մատնուեցանք։ Որովհետեւ մեր հարազատ հողերուն վրայ չկրցանք բազմանալ՝ եւ որպէս «ՄԷԿ ՄԻԱՑԵԱԼ, ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» մէկ ոյժ՝ մենք մեզ չկրցանք պարտադրել մեր շրջապատին, եւ միջազգային հասարակութեան։

      Այո, որպէս հաւաքականութիւն՝ որպէս մէկ միաւոր՝ մէկ ժողովուրդ՝ բազմաթիւ սխալներ գործեցինք եւ կը գործենք տակաւին, աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր որ հոս հասանք, եւ կը շարունակենք նաեւ մինչեւ այսօր մեր այդ սխալները գործելու ընթացքը։

      Աւելի քան վեց հազար տարիներէ ի վեր՝ Հայաստան մը ունէինք, կորսնցուցինք՝ եւ անոր հետ կորսնցուցինք հազարամեակներու մեր հողերը, մեր մշակոյթը՝ մեր քաղաքակրթութիւնը՝ մեր հազարաւոր ճարտարապետական կոթողները՝ մեր հազարաւոր մագաղաթեայ մատեանները եւ միլիոններով մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, եւ այսօր տակաւին կը շարունակենք յամառիլ՝ եւ կը գործենք նոյն սխալները, որպէսզի վերջին 26 տարիներու ընթացքին՝ իշխանութեան վրայ եղող պատեհապաշտ եւ կեղծ հայրենասէրներուն պատճառաւ կորսնցուցինք, հրաշքով փրկուած ափ մը Հայաստանը՝ որ ժառանգեցինք՝ այսպէս կոչուած «Kommunist»ներ հայերէ։

      Հազարաւոր տարիներ առաջ՝ պատմութեան ընթացքին մեզի հետ գոյութիւն ունէին հին Սումերները՝ հին Աքքատները՝ հին Բաբելոնացիները՝ հին Գիլտէնիները՝ հին Ասորիները՝ հին Արամիները, ասոնք բոլորը գացին անհետացան, որովհետեւ ձուլուեցան՝ ջարդուեցան եւ մնացորդացը մինչեւ այսօր կը ջարդուին «ISIS»ին կողմէ, եւ այսօր այդ ժողովուրդները պատմութեան անցած են եւ չկան։

      Աւելի ուշ՝ այդ ժողովուրդներուն հայրենի հողերուն տիրեցին քիւրտերը, որոնք կրցան գոյատեւել՝ որովհետեւ իսլամական կրօնը ընդունեցին եւ բազմացան ու միլիոններու հասան, եւ իրենց կարգին նմանապէս՝ տեղացի հին ժողովուրդները ջարդեցին եւ տիրացան անոնց հողերուն՝ ստացուածքներուն, եւ կողոպտեցին ամէն ինչ, եւ բռնի պարտադրեցին իրենց կրօնը շատերուն, եւ այդ հին ժողովուրդները անհետացան։

      Բայց քիւրտերը իրենք՝ որովհետեւ գործիք դարձած էին թուրքերուն ձեռքը դարերով, այսօր թուրքերը կը փորձեն ջարդել զիրենք՝ որովհետեւ քիւրտերը կ՛ուզեն իրենց բնակած հողերուն վրայ պետութիւն ստեղծել։ Որոշապէս մաս մը՝ հիւսիսային Իրաքի մէջ կրցան ստեղծել կիսանկախ պետութիւն մը, եւ այսօր կը փորձեն քիւրտերը պետութիւն ստեղծել նաեւ՝ ուրիշներուն հողերուն վրայ։

      Պատմական այս դաժան ու դառն ողբերգութիւնները պատահեցան արեւմուտքի աչքերուն եւ հսկողութեան տակ, Franciscos Պապը՝ շատ ուշ այցելեց Միջին Արեւելք՝ այս պարագային Պաղտատ, Ուրբաթ 6 Մարտ 2021ին, որպէսզի ի՞նչ փրկէ՝ ո՞ր մնացած քրիստոնեաները։  Հոն ուր որ Աբրահամեան պաշտամունք կատարեց Պապը՝ Սումերական պատմական հին «Ուր» քաղաքին մէջ՝ միայն մէկ քրիստոնեայ ընտանիք մնացած է՝ որ ներկայ գտնուեցաւ այդ օրուայ պաշտամունքին։

      Պէյրութի «Էլմէեէտին» հեռատեսիլի կայքին լրագրող «Էհմէտ Էլտրզի»ին՝ իր 7 Մարտի յօդուածին մէջ կը գրէ՝ մինչեւ       1990 ական թուականները՝ Իրաքի մէջ կ՛ապրէին երկու միլիոն 600 հազար «2,6» միլիոն քրիստոնեաներ, այսօր եւ մանաւանդ 2010ին՝ երբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին պայթեցուցին եւ ատկէ վերջ այսօր 30-50 հազար քրիստոնեաներ գոյութիւն ունի՞ն կամ չունին՝ իրենք եւս չեն գիտեր։

      Պէյրութի արաբական թերթերուն մէջ՝ Պապի այցելութեան առթիւ՝ տասնեակ յօդուածներ լոյս տեսան, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին, եւ մանաւանդ լրագրուhի «Տիկ․ Լեյլէ Նիքոլա» շատ հետաքրքրական կարծիքներ յայտնեց այս նիւթին կապակցութեան հետ։

      Ի՞նչ ողբերգութիւններ եւ ինչ կորուստ մարդկութեան համար՝ ինչպէս նաեւ այդ հնամեայ ազգութիւններուն համար, որոնք մարդկութեան նուիրած են գիտութիւն եւ մշակոյթ, եւ այս բոլորը պատահեցաւ՝ արեւմուտքի աչքերուն առջեւ՝ ինչպէս նաեւ իրենց ներկայութեամբ եւ հսկողութեամբ։  Որովհետեւ 1936ին Ասորիները Իրաքի մէջ՝ յեղափոխութիւն հռչակեցին անպայման դրդումովը Անգլիոյ, եւ այն ատեն Ասորիները հաւանաբար պէտք է իրենց բնակչութեան թիւը հասնէր չորս (4) միլիոնի, բայց այն ատեն ալ, արաբները՝ քիւրտերու եւ անգլիացիներու կողմէ ջարդերու ենթարկուեցան եւ յեղափոխութիւնը խեղդուեցաւ, եւ այսօր միայն 30 հազար կրնան հաշուըւիլ՝ եթէ այդ թիւը բռնեն։

      Որպէսզի նոյն այդ ողբերգութիւնը եւ ճակատագիրը չկրկնուի մեր գլխուն 21րդ դարուն՝ մեր գոյութեան ճանապարհին, եկէք խորհրդածենք եւ նոյն այդ սխալները չգործենք՝ որ գործեցինք վերջին հարիւր տարիներուն։

      Սխալներ գործած ենք՝ որպէս ազգութիւն՝ նոյնիսկ հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ որպէս առաջին պետութիւն՝ Սարտարապատի փառաւոր յաղթանակէն ետք, նմանապէս սխալներ գործեցինք եւ մանաւանդ անկախութենէն ետք՝ ոչ թէ սխալներ՝ այլ ոճիրներ գործեցինք մեր ազգային՝ ցեղային գոյութեան հանդէպ, եւ ամէն մէկ հայ՝ որ ինքզինքը հայ կ՛զգայ, պէտք է իր վրայ այդ պատասխանատուութիւնը՝ եւ պարտականութիւնը զգայ սրբագրելու։

      Բայց, ի՞նչ սխալներ գործեցինք։

      Սխալները սկսանք գործել՝ երբ Օսմանեան կայսրութեան Յուլիս 1908ի պետական հարուածին յաջորդող հայաջինջ դէպքերէն առաջ։  Փետրուար 1902ի Փարիզի մէջ գումարուած «Օսմանցի ազատականներ» համաժողովին՝ Հ․Յ․Դաշնակցութեան մասնակցելէն ետք, նոյնիսկ գործակցեցանք թուրքերուն հետ «Հայոց Ցեղասպանութենէն» երեք տարիներ ետք, եւ շարունակուեցաւ այս գործակցութիւնը՝ «Յովհաննէս Քաջազնունիի Պուքրեշի» ելոյթէն ետք՝ Ապրիլ 1923ին, երբ տեղի ունեցաւ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արտասահմանեան մարմիններու խորհրդաժողովը, ուր Յովհաննէս Քաջազնունին՝ Ապրիլ ամսուն ընթեռնելով իր զեկոյցը կը ներկայացնէ սոյն ժողովին իր խորհրդածութիւնները կուսակցութեան կատարած գործունէութեան մասին, որ կը կրէ վերնագիր ունենալով՝

«Հ․Յ․ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻ ԱՅԼԵՒՍ»,

որ որպէս գիրք հրատարակուած է Վիեննա, 1923ին, Մխիթարեաններու տպարանը։

      Թուրքերուն հետ համագործակցութեան մասին, մեր հիմնական աղբիւրը եղած է «Մուշեղ Արք․ Սերոբեան»ի «Հայկական Մղձաւանջը» գիրքը, որ հրատարակուած է «Պոսթոն»ի մէջ 1916ին տպարան Ազգի մէջ։

      Ամբողջ գիրքը՝ խիստ հետաքրքրական է ուսումնասիրութիւններով եւ իր տեղեկագրական՝ քննական՝ փաստագրական վերլուծումներով, բայց կ՛ուզենք յարգելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել՝ ընդհանուր գլուխներու ցանկէն երեք  վերնագիրներ, առաջինը էջ 12-17ը որ կը կրէ «Իթթիհատ եւ իր կազմութիւնը» վերնագիրը, եւ երկրորդը էջ 41-73 որ կը կրէ՝ «Արիւնի ճամբուն վրայ» եւ երրորդը էջ 76-104, որ կը կրէ «Իթթիհատ-Դաշնակցական եղբայրակցութիւնը՝ Օսմանեան Սահմանադրութենէն Առաջ» վերնագիրը, կ՛արժէ այս գիրքը կարդալ իմանալու համար մանրամասնօրէն՝ այդ թուականներուն պատահած պատմական եղելութիւնները։

      Սարտարապատի հերոսամարտէն երեք տարիներ ետք, եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն հինգ տարիներ ետք, հակառակ անոր որ՝ կորսնցուցինք հազարամեակներու մեր հողերը՝ եւ միլիառներով վնասներ կրեցինք, կրկին անգամ փորձեցինք թուրանական թուրքերուն հետ գործակցիլ։

      Հայաստանը խաղաղօրէն փոխանցուեցաւ բոլշեւիկներուն՝ 29 Նոյեմբեր 1920ին։ Նոյն ժամանակաշրջանին, Երեւան Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչները՝ կը բանակցէին Կիւմրիի-Ալեքսանտրոպոլի մէջ՝ 20 Յուլիսէն սկսեալ՝ գլխաւորութեամբ Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ թուրքական մեծ ազգային ժողովի հաշտարար պատուիրակութիւնը գլխաւորող Գիազիմ Գարա-բեքիրը, որոնք միասնաբար Դեկտեմբեր 2էն  դէպի 3 Դեկտեմբերի երկարող առաւօտեան ժամը 2ին, կը ստորագրեն Ալեքսանդրապոլի տխրահռչակ դաշինքը, որ կ՛ընդգրկէր՝ կը բովանդակէր «ՄԻԱՅՆ» Երեւանի նահանգը՝ եւ ինչ ստրկացուցիչ պայմաններով։

      Կարօ Սասունի կը վկայէ իր «Փետրուարեան Ապստամբութիւնը» գիրքին մէջ գրելով՝ «իշխանութիւնը պէտք է խաղաղ կերպով յանձնուի բոլշեւիկներին», այս վկայութիւնը առած ենք Շահան Նաթալիի «Վերստին Յաւելուած», «Պաշտօնական վաւերագրերու» գիրքին էջ 98էն, որ տպուած է Պոսթոն 1955ին՝ տպարան Պայքարին մէջ։  Գիրքը ամբողջութեամբ պաշտօնական վաւերագրերու եւ վկայութիւններու հաւաքածոյ մըն է, ուր միայն դաշնակցական ղեկավարներու եւ մտաւորականներու վաւերագրական վկայութիւններն են։

      Ինչպէս յիշեցինք վերը՝ որ առաջին հանրապետութեան կառավարութիւնը՝ խաղաղօրէն կը փոխանցէ պետութիւնը բոլշեւիկեան կառավարութեան, եւ երկու ու կէս ամիս չանցած, նախակազմակերպուած 13 Փետրուար 1921ին կը սկսին Փետրուարեան խռովութիւնները։   13 Փետրուարին Դալարագիազ շրջանէն, 14-15 Փետրուարին կը սկսին զինեալ ապստամբութիւնները՝ Աշտարակի՝ Գառնիի շրջաններէն բոլշեւիկ հայերուն դէմ, 17ին կը յարձակին Երեւանի վրայ, եւ 18 Փետրուար 1921ին Հ․Յ․Դ․ կը վերադառնայ Երեւան, եւ գլխաւորութեամբ Սիմոն Վրացեանի կը կազմուի «Հայրենիքի փրկութեան Կոմիտէն», այս բոլորը կազմակերպուած էր թրքական թելադրութեամբ եւ օժանդակութեամբ, վկայագիրները եւ փաստաթուղթերը այսպէս կը վկայեն։

      Հետեւողաբար՝ 26 Նոյեմբեր 1920ին, երբ Ալեքսանտրուպոլի-Կիւմրիի մէջ սկսած էին բանակցութիւնները թուրքերու հետ, «Մուսթաֆա Քեմալ» Աթաթուրքը՝ շնորհաւորական հեռագիր կը յղէ Սիմոն Վրացեանին, նոյն աղբիւրը նոյն գիրքը` էջ 111-112։

      24 Փետրուար 1921ի կէսօրին թուրքական արեւելեան ճակատի հրամանատար «Պէհաէտտին Շաքիրը», պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Սիմոն Վրացեանին իր Երեւանի գրասենեակին մէջ, նոյն աղբիւրը էջ 120։ 12 Մարտ 1921ին Սիմոն Վրացեան կը հեռագրէ Մոսկուա, եւ կը հաղորդէ՝ որ Ռուսիա իրաւասութիւնը չունի՝ որպէսզի Հայաստանի խնդիրը քննարկէ, նոյն աղբիւրը էջ 121։  15 Մարտ 1921ին Սիմոն Վրացեան կը հեռագրէ Անգարայի թուրքական մեծ ժողովին՝ հաղորդելով որ Ալեքսանտրուպոլի-Կիւմրիի մէջ կնքուած դաշնագիրը՝ ի զօրու է գործադրութեան, նոյն աղբիւրը՝ էջ 123ի վրայ։  18 Մարտ 1921ին՝ հեռագիր կը ղրկուի Անգարա հետեւեալ բովանդակութեամբ, «Խորին Յարգանօք, Հայաստանի կառավարութեան նախագահ՝ Սիմոն Վրացեանի ստորագրութեամբ, պատերազմական երեք խնդրանքներ ներկայացնելով, որոնցմէ երկրորդը յստակօրէն կը յայտարարէ զինուորական օժանդակութիւն, նոյն աղբիւրը էջ 123-124ին վրայ կը յիշատակուի։

      Երեւակայեցէք հինգ (5) տարիներ անցած են հայոց ցեղասպանութենէն, հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է ամէն ինչ՝ եւ աւելի քան երկու (2) միլիոն ժողովուրդ, եւ մեր հազարամեակներու հողերը, եւ կրկին ու տակաւին դաշնակցութիւնը Թուրքիայէն կը խնդրէ զինուորական օժանդակութիւն՝ որպէսզի Թուրքիան վերջնական վերջ մը դնէ հայ ազգի ցեղային գոյութեան, եւ պատմութեան անցընէ զայն, ինչպէս մեր յօդուածին սկիզբը յիշեցինք աշխարհի հին ժողովուրդներու պարագան։

      Ամսուն 18 Փետրուարին սկսած Փետրուարեան ապստամբութեան՝ որ վերջ գտաւ 2 Ապրիլ 1921ին, հայ ժողովուրդը իր մնացորդաց ժողովուրդէն 20․000 զոհ եւս խլեց երկու կողմերէն՝ դաշնակցութենէն եւ համայնավարներէն 43 օրերու ընթացքին։

      Արդեօ՞ք մեղք չէ այդ զոհերը՝ հազար հազար ափսոս։

      Վերեւ յիշեալ բոլոր պաշտօնական վաւերագրերը եւ վկայութիւնները մենք մէջբերած ենք Շահան Նաթալիի մեր յիշած «Վերստին Յաւելուած», «Պաշտօնական Վաւերագրերու» գիրքէն, որ ամբողջ 144 էջերու մէջ տպագրուած են բոլոր փաստաթուղթերը, կարժէ ընթերցողը փնտռէ գտնէ եւ վերահասու ըլլայ այս պատմական ճշմարտութիւններուն, եւ մանաւանդ այդ հետազօտող սփիւռքի մասնագէտներուն համար, որոնք գիտակցաբար լռած են աւելի քան յիսուն (50) տարիներէ ի վեր, եւ այդ պատճառաւ՝ հայութիւնը ընդհանրապէս հոս հասաւ, որոնք լռեցին այս սխալներուն համար եւ իրենք են պատասխանատուները որ այս պատմական ճշմարտութիւնները չյայտարարեցին, եւ այդ պատճառաւ սփիւռքը այսպէս պառակտուած մնաց։

      Մենք երբ այս յօդուածով կը նշենք մեր գործած սխալները, մեր հիմնական նպատակն է, Հ․Յ․Դաշնակցութեան երիտասարդ սերունդին ուշադրութեան յանձնել , որ սխալներուն պատճառաւ ոեւէ մէկը վիրաւորել չէ՝ այլ  յիշեցնել է որ՝ գործուած սխալները վնասած են հայ սփիւռքի միասնականութեան՝  եւ  համայն հայ ժողովուրդին՝ որպէս առաջարկ մենք բոլորս կրնանք այդ սխալները սրբագրել համագործակցաբար։  Երիտասարդ սերունդին ազգային պարտականութիւնն է, որպէսզի մենք եւս որպէս ազգ պատմութեան աղբանոցը չանցնինք, պէտք է համերաշխութեան լուծում մը գտնուի՝ այս է այս օրերու հրամայականը։

      Հ․Յ․Դաշնակցութեան՝ թուրքական համագործակցութեան հետ՝ յաւելեալ փաստ մը եւս ունինք, որ հրատարակուած է «Վերածնուած Հայաստան» գրական հասարակական պատկերազարդ հանդէսին մէջ, որ լոյս տեսած է Երեւան Յունիս ամսու 1989ի թիւին մէջ, յօդուած մը՝ որ ստորագրած է՝ հայրենի՝ հայագէտ՝ գրագէտ՝ քննադատ Ստեփան Եդ․ Թոփճեան, վերնագիր ունենալով «ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐԻ ԱՌԾԻՒԸ»։

      Յօդուածը նուիրուած է ներկայ ժամանակներու հայ ազգի ամենամեծ ազգային հերոս՝ Անդրանիկ Օզանեանի պատերազմներուն մասին։ Գիրք մը՝ որ հրատարակուած է Պոլիս 1920ին եւ կը կրէ «Զօրավար Անդրանիկ եւ իր Պատերազմները» վերնագիրը։  Գիրքը գրի առած են՝ իր մտերիմ զինակիցները՝ «Լեւոն Թիւթիւնճեան» եւ Վահան Թոթովենց», որոնք հանդէս եկած են գրական նոր «Արսէն Մարմարեան» անունով։ Հայագէտ ուսումնասէր Ստեփան Թոփճեան, իր յօդուածին մէջ կը քննարկէ գրելով, «Այս գիրքը մեծապէս վստահելի ու փաստացի գրութիւն է, ․․․պատմաբանների գործն է, տքնաջան աշխատանք․․․պարզ անպաճոյճ՝ բնական շարադրանք։ ․․․Հրաշալի շարադրանք որից անհնար է պոկուել՝ մեծ բաւականութիւն է սպասում ընթերցողին․․․հիացման զարմանքի՝ բայց եւ զայրոյթի ափսոսանք պահեր, ոգեւորութիւն եւ աւաղ՝ նաեւ յուսահատութեան։ ․․․Կարգախօսը կար՝ բայց միասնութիւն չկար, ճառերը կային առաւելապէս՝ իսկ գործերը նուազագոյն չափով․․․թող ինքը Անդրանիկ Օզանեանը խօսի»։

      Ստեփան Եդ․ Թոփճեան կը շարունակէ գրել՝ իր յօդուածին 42րդ էջին երկրորդ եւ երրորդ սիւնակին մէջ, քննելով եւ մեկնաբանելով գիրքին բովանդակութիւնը՝ ուր կ՛ըսէ «․․․․Տեսանող էր՝ պայծառատես էր Անդրանիկ, «ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՀԵՐՈՍ» նա միայն պայծառատես չէր, այդպիսին էր բառիս ամենալայն, խոր իմաստով։  Կարօ Փաստրմաջեանը, որը Ուաշինկթընում վարել է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի պաշտօնը, վերյիշելով օսմանեան սահմանադրութեան շրջանը, պատմում է, թէ Անդրանիկը միակ մարդն էր, որ չխաբուեց, խրատում էր բոլորին «․․․բոլորսի համար թուրքերը մեծ եւ խոշոր թակարդ մը լարած են եւ մեզ ամէնքս ալ մէջը պիտի ձգեն»․․․․, Ակնունին պատասխանել է, է յոռետես ես, «․․․այլեւս ոչ մէկ հայու քիթը պիտի արիւնի»։  Քառասուն օր յետոյ երիտթուրքերի կազմակերպած Ատանային կոտորածի լուրը լսելով՝ Անդրանիկը Եգիպտոսից Ակնանուն գրում է, «ԱՀԱ ԻՄ ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔՈՒ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՐԲ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԳԱՅ, ՁԵՐ ԹԱԼԷԱԹՆ ՈՒ ՁԵՐ ԷՆՎԷՐԸ ՁԵԶ ԱԼ ՊԻՏԻ ԿՈՏՈՐԵՆ»։  Ինչքան վնասներ է տուել միամիտ, թոյլ տուէք ասել՝ յիմարաւուն օպտիմիզմը եւ դեռ ինչքան պիտի տայ։

      Անգամ մը եւս կը կրկնենք 18 Փետրուար 1921ին անխոհեմ անիմաստ արկածախնդրութեան մը պատճառաւ՝ հայ ժողովուրդը երկու կողմերէն 20․000 զոհեր տուաւ, եւ տասնեակ այդ պատասխանատու կուսակցական ղեկավարները սկսան անցնիլ Արաքս գետը՝ 3 Ապրիլ 1921ին դէպի Պարսկաստան։  Այդ օրերուն արդէն «Պրօմէթէ»ի ծրագիրը գործնականին մէջ դրուած էր, եւ դաշնակցութիւնը այդ թուականէն բոլոր հակա-Հայաստանեան շարժումներուն մասնակցեցաւ, մինչեւ 1934 թուականը՝ երբ Գերմանիա սկսան որոշ դաշնակցական պատասխանատու ղեկավարներ հաւաքուիլ։

      Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը որ սկսաւ՝ 1 Սեպտեմբեր 1939ին Գերմանիոյ ներխուժումովը Լեհաստան-Փոլոնիա՝ եւ առաջնորդութեամբ Hitler-ի։

      Այդ տարիներուն Գերմանիա հաւաքուած էին տարագիր հայեր՝ պարտադիր բանուորներ որոնք կ՛աշխատէին զանազան գործարաններու մէջ՝ եւ պատերազմի գերիներէն, ասոնցմէ հայկական մարտական զօրամաս մը կազմուեցաւ, որպէսզի ազատագրեն սովետական Հայաստանը՝ այսինքն ազատագրեն հայերը՝ հայերէն։ Արդեօ՞ք խորհեցան թէ՛ այս արկածախնդրութեան պատճառաւ՝ քանի հազար հայեր պիտի զոհուէին։  Այս պարագային պատասխանը փոխանցենք՝ դաշնակցական պատմաբանուհի՝ որ ծագումով եղած է Պարսկահայ եւ ներկայիս կապրի Մ․ Նահանգներ՝ Տիկ․ Ռուբինա Փիրումեան, որ Ռուսահայ Փիրումեան ընտանիքին հետ ոչ մէկ կապ ունի, որ 2000 թուականին գիրք մը հրատարակած է Երեւան, ուր կը պատմուի իր տեսակէտով հայոց հարցը՝ վերնագիր ունենալով՝

«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»

      Որուն էջ 193ին վրայ հետեւեալ յուշագրութիւնը կը կատարէ 21 տարիներ առաջ, «1941 թ Դեկտեմբերին, Դրոյի հրամանաատարութեամբ կազմուեցաւ հայկական 812րդ զօրամասը, որ մինչեւ 20000ի հասաւ եւ մեծ մասամբ կազմուած էր կարմիր բանակի գերի ինկած հայ զինուորներից»։  «Հայկական զօրամասը ռազմական գործողութիւնների մէջ մտաւ Ղրիմի ու Հիւսիսային Կովկասի ճակատաներին»։

      «1941թ․ Օգոստոսին հայ մշակոյթի մի շարք գործիչներ ու մտաւորականներ կոչ էին անում արտասահմանի հայութեանը ֆաշիզմի դէմ տարուող պայքարում օգնել հայրենիքին։  Սփիւռքահայութիւնը պատրաստ էր օգնելու։  Նրա բերած նիւթական նպաստով 1943թ․ կազմակերպուեց «Սասունցի Դաւիթ դանկային շարասիւնը՝ որ պատերազմական գործողութեան մտաւ 1944 թուականին»։

      Տիկ․ Ռ․ Փիրումեան՝ իր յուշագրութենէն կը վրիպին երեք կարեւոր կէտեր։  Առաջինը՝ որ պէտք է յիշեր իր պատմութեան գիրքին մէջ այն է, որ Գերմանիա կազմուած հայկական զօրամասը՝ ոչ թէ միայն պատերազմի գերիներէն կազմուած էր, այլ կուսակցութիւնը գրեթէ ամբողջ սփիւռքէն կամաւոր երիտասարդներ հաւաքեց՝ եւ զիրենք Գերմանիա փոխադրեց որպէսզի մաս կազմեն այդ զօրամասին։

      Երկրորդ կէտը՝ որ պէտք է յիշէր, որ Սասունցի Դաւիթ հրասայլերու շարասիւնի կազմակերպութեան՝ դաշնակցութիւնը չի մասնակցեցաւ։

      Իսկ երրորդ կէտը, որ այդ 20․000 կամաւորական զօրամասէն՝ քանի՞ հազար եւ կամ քանի՞ հարիւր զինուոր ողջ զինուոր վերադարձաւ։

      Ճիշդ թիւը եւ պատասխանը իրենք պէտք է ունենան իրենց արխիւներուն մէջ, որովհետեւ «ԱՆՉԱ»ն Գերմանիա մնաց մինչեւ 1951 թուականը՝ այդպէս կը վկայէ Կարօ Գէորգեան։

      Կարօ Գէորգեան՝ իր 1954ի «Ամէնուն Տարեգիրք»ին մէջ, էջ 135- 172րդ էջը, 40 էջերու մէջ կը պատմէ՝ իր ականատեսի վկայութիւնները մինչեւ պատերազմի վերջը։

      Կարօ Գէորգեան ինքն ալ չի յիշեր պատերազմէն վերադարձող հայ երիտասարդներուն թիւը։ Միայն կը յիշէ գերիներու փոխանակումին մասին։

      Սովետներու ձեռքը ինկած Գերմանացի զինուորներուն մէջ կային նաեւ Դրաստամատ Կանայեան եւ իր ընկերները, որոնք Մ․ Նահանգներու կողմէ պահանջուեցան որ փոխանակուին գերի ինկած Սովետ գերիներուն հանդէպ։  Այս գործին մէջ իրենց օգտակար եղան  Հայկ Շէքերճեան եւ Ճորճ Մարտիկեան, որոնք այն ատեն կը ծառայէին Մ․Ն․ բանակին  մէջ, եւ այս ձեւով հայ գերիները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Ամերիկեան կառավարութեան՝ եւ ուղղակի Գերմանիայէն Մ․ Նահանգներ փոխադրուեցան։

      Ինչպէս կը նշմարէ՝ յարգելի ընթերցողը, որ իմ ամբողջ յօդուածս հիմնուած է՝ միայն որոշ դաշնակցական մտաւորականներու աղբիւրներուն վրայ, հոս աւելցնեմ նաեւ՝ որ օգտագործած եմ Շահան Նաթալիի հետեւեալ գիրքերը որպէս աղբիւրներ՝

1․ «Ալեքսանդրապօլի դաշնագրէն՝ 1930ի Կովկասեան Ապստամբութիւնները վերագնահատումներ»,

       Ա․ հատոր․ Ալեքսանդրապոլի Դաշնագրէն Փետր․ 18ի  

       Ապստամբութիւնը․ Մարսէյլ  1934

       Բ․ հատոր․ Փետրուար 18ի Ապստամբութենէն՝ Պրօմէթէի   

       հրապարակումը Մարսէյլ 1935

2․ «Թիւրքիզմը Անգարայէն Բագու» եւ թրքական Օրիէնդասիօն» Աթէնք․ Տպագր․ Նոր Օր – 1928

3․ «Թուրքեր եւ Մենք» վերագնահատումներ, գրեց՝ Նեմեսիս, Աթէնք, Տպագր․ Նոր Օր – 1928

      Հաւանաբար պիտի գտնուին յարգելի ընթերցողներ, որոնք հարց տան՝ թէ ո՞վ է այս «Շահան Նաթալի»ն, մենք կրկին անգամ կը վերադառնանք Կարօ Գէորգեանի վկայութեան՝ որ հրապարակուած է Շահան Նաթալիի մասին, իր 1965ի «Ամէնուն Տարեգիրքին» էջ 248ի վրայ, վերնագիր ունենալով «ՇԱՀԱՆ ՆԱԹԱԼԻԻ ԴԵՐԸ» ուր կը գրէ՝

      «Թալէաթի, Պէհաէտտին Շաքիրիի եւ Ճէմալ Ազմիի ահաբեկումներուն մէջ իբր կազմակերպիչ իր դերը ունեցաւ՝ ամերիկահայ ծանօթ գրող Շահան Նաթալին»։

      Հոս կ՛ուզենք աւելցնել որ, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի մէջ, Սիմոն Վրացեանին եւ իր գործակիցներուն դէմ, առաջին քննադատողը եղած է՝ Զօրավար Անդրանիկ՝ որ նոյն ժամանակ հրաժարած է կուսակցութենէն, երկրորդը եղած է՝ Յովհաննէս Քաջազնունին՝ Ապրիլ 1923ին Պուքրէշի մէջ, որուն հետեւած է Շահան Նաթալին 1925ին։

      Մնացեալը կը ձգեմ որ ընթերցողը ինքը փնտռէ եւ կարդայ՝ Շահան Նաթալիի եւ մանաւանդ իր բանաստեղծութիւնները՝ որոնց տողերուն եւ նախադասութիւններուն մէջ, կը տրոփէ հայ ժողովուրդի ազգային ազատատենչ՝ քաջարի՝ խիզախ՝ յանդուգն քաջասիրտ ոգին՝ եւ իր երակներուն մէջ կը հոսէր՝ հայու ազգային բարենախանձ՝ պատուախնդիր «Անարատ վրիժառու կանչը, եւ այդ պատճառաւ զինքը կոչած են հայ Նեմեսիսը։

      Անպայման թէ, յարգելի ընթերցողին մտքին մէջ կը ծագի հարցում մը, թէ ինչո՞ւ այս բոլոր պատմական ճշմարիտ եղելութիւնները կը յիշատակենք այստեղ;

      Որովհետեւ դաշնակցութեան այս գործունէութիւնը՝ պատճառ եղաւ որ՝ սփիւռքը պառակտուած մնայ մինչեւ այսօր։ Որովհետեւ ցեղասպանութեան հետ, երբ մեր ազգը երկու միլիոնէ աւելի ժողովուրդ, եւ դրախտավայր Հայաստանը՝ եւ մեր ստեղծած քաղաքակրթութիւնը կորսնցուցինք ու տարագիր դարձանք, եւ այս բոլոր պատուհասները որ կրեցինք որպէս ազգ, հազիւ երեք եւ հինգ տարիներ չանցած, ետ սկսանք մտերմանալ թուրքերուն հետ, եւ ձեռք երկարեցինք ու գործակցեցանք եւ շարունակեցինք գործակցիլ նոյնիսկ ֆաշիստ գերմանական հիթլերական իշխանութեան հետ, վասն ինչի՞, որպէսզի Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը Հայաստանի իշխանութեա՞ն վերադառնայ, եւ ոչ թէ հայ ժողովուրդի բարօրութեան կամ ի շահ Հայաստանի հողային ընդարձակման, այլ միայն ու միայն իշխանատենչութիւնը զիրենք մղեց այդ բոլոր արկածախնդրութիւններուն։

      Երբ Հայաստան նոր դուրս եկած էր Սարտարապատի յաղթական գոյամարտէն, արեւելեան Հայաստան դարձած էր՝ գաղթականներով լեցուն մեծ որբանոց մը՝ փոքր հողակոյտի մը վրայ, ուր թուրքը կը փորձէր իր ծրագիրը ամբողջացնել՝ վերջ դնելու հայ ժողովուրդի գոյութեան ինչպէս այսօր։

      Այդ օրերուն դաշնակցութիւնը խաղաղօրէն իր կառավարութիւնը փոխանցեց Բոլշեւիկ հայերուն, եւ դաշնակցութիւնը հազիւ երեք տարի անցած հայոց ցեղասպանութենէն, կրկին սկսաւ գործակցիլ թուրքերուն հետ, այն ատեն կուսակցութիւնը մոռցաւ հայ ժողովուրդը՝ իր տնտեսական՝ քաղաքական վիճակը՝ մոռցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը՝ մոռցուեցաւ հազարամեակներու արեւմտեան Հայաստանը, այս պարագային՝ իրենց կը հետաքրքրէր միայն ու միայն Հայաստանի  իշխանութիւնը որ կորսնցուցին, եւ սկսան այս արկածախնդրական սխալները գործել, որպէսզի որեւէ գինով վերադառնան իրենց իշխանութեան, անտեսելով ազգ՝ հայ ժողովուրդ եւ նոյնիսկ հայ ազգի ցեղային գոյութիւնը;

      Այս արկածախնդրութիւններուն  ուզեցին վերջ տալ բազմաթիւ եւ իրաւ ու ճշմարիտ դաշնակցականներ, որոնց ղեկավարներէն «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻ»ն, որ առաջին Հայաստանի Հանրապետութեան՝ առաջին վարչապետը եղած էր, որ ուզեց որպէս ճշմարիտ դաշնակցական՝ կեդրոնական կոմիտէի մէջ՝ որոշ ղեկավար անդամներուն ուշադրութեան յանձնել՝ սրբագրել եւ ճշդել իրենց կուսակցութեան գործունէութեան ընթացքը, եւ այդ պատճառաւ իր այս զեկոյցը կարդաց՝ արտասահմանեան մարմիններու խորհրդաժողովին՝ որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 1923ին Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ։

      Զեկոյցը աւելի ուշ՝ որպէս Գրքոյկ հրատարակուած է՝ կրելով իր անունը՝ Յովհաննէս Քաջազնունի՝ վերնագիր ունենալով՝

«Հ․Յ․ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻ ԱՅԼԵՒՍ»

      Գիրքը նոյն օրերուն տպուած է Վիեննա 1923ին, Մխիթարեան Հայրերու տպարանին մէջ, որ կը բաղկանայ 108 էջերէ։

     Հոս կ՛ուզենք աւելցնել որ, կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէին մէջ, Սիմոն Վրացեանի եւ իր գործակիցներուն դէմ, իրենց առաջին քննադատողը՝ ընդվզողը եւ ըմբոստացողը եղաւ՝ Զօրավար Անդրանիկէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունին, երբ ան իր զեկոյցը կարդաց Ապրիլ 1923ին Պուքրէշի կուսակցական ժողովին։

      Այդ զեկոյցէն՝ մեր այդ յօդուածին մէջ կ՛ուզենք որոշ նախադասութիւններ մէջբերել, որպէսզի հասկնանք այդ ժամանակաշրջանին քաղաքական վիճակը՝ աւելի քան 90 տարիներ առաջ, եւ բաղդատենք այսօրուայ քաղաքական վիճակով, եւ տեսնենք ու խորհրդածենք եւ հարց տանք մենք մեզի, եթէ հայ ժողովուրդը՝ իր հաւաքական քաղաքական մտածողութեան մէջ՝ ոեւէ յառաջդիմութիւն ունեցա՞ծ է կամ ոչ՝ բաղդատմամբ1923 թուականին հետ։

      Մեր կարծիքով, այսօր ունինք նոյն այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական մտածողութիւնը, «ԻՇԽԱՆԱՏԵՆՉՈՒԹԻՒՆ»էն բան մը չէ փոխուած՝ այլ աւելի վտանգաւոր դարաշրջանի մէջ կը գտնուինք, երբ թշնամին աւելի հզօր է եւ գեր աստիճան աւելի ամբարտաւան եւ վճռած է շարունակել իր ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։

      Յովհաննէս Քաջազնունիին մեզի ձգած իր թելադրական եւ տեղեկագրական զեկոյցը՝ ուշի ուշով կարդանք՝ լսենք եւ խորհրդածենք, որպէսզի չկորսնցընենք մեր «ՑԵՂԱՅԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ» մեր «Ազգային Ինքնութիւնը՝ եւ «Պաշտելի մեր փոքր «Հայաստանը եւ Արցախը» ինչպէս նաեւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆ»՝ որ մեր գրաւոր հայոց պատմութեան ծնունդ տուաւ, որպէսզի մենք եւս՝ կորսուած հին ժողովուրդներու կարգին չանցնինք։

      Ինչ որ պիտի ընդօրինակենք որոշ նախադասութիւններ Յովհաննէս Քաջազնունիի զեկոյցէն առնուած են՝ 108 էջերու վրայ երկարած իր գրքոյկէն են, ուստի լսենք Յովհաննէս Քաջազնունին։

      «․․․․Ինքնաներշնչման հիպտօզի տակ՝ կորցրել էինք իրականութեան գիտակցութիւնը ու տարուել երազանքներովէջ 9։․․․․այսքան միամիտ  ու անհեռատես ենք եղել․․․էջ 131․․․մեր սեփական ապիկարութիւնը՝ մի քաղաքական տհասութիւնը եւ պետական կեանքը վարելու անպատրաստութիւնը․․․էջ 35։ ․․․Պարլամենտ չկար Հայաստանում, մի դատարկ ձեւ էր առանց պարունակութեան․․․էջ 38։․․․Բօլշեւիկները մտան Հայաստան առանց որեւէ ընդդիմադրութեան հանդիպելու։  Մեր կուսակցութեան որոշումն էր սա։ էջ 45․․․Պետութիւն կազմելու ու պետական կեանքը ղեկավարելու գործը՝ մեր ոյժերից շատ վեր է եղել – էջ 53։․․․ապա ուրեմն մենք միանգամայն անպէտք կառավարիչներ ենք եղել, որովհետեւ հէնց այդ նախատեսելու ընդունակութիւնն է, որ չենք ունեցել բնաւ․․․․էջ 53։․․․․Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ։ Պետական մարդիկ չէինք մենք․․․էջ 54։  ․․․Հայաստանը պէտք ունի բոլշեւիկներին որովհետեւ պէտք ունի Ռուսաստանին․․․էջ 65։  Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս․․էջ 70։

      Աւելի եւս, կուսակցութիւնը՝ սոսկ միջոց լինելու փոխարէն՝ դառնում է կամաց-կամաց ինքնանպատակ․․․էջ 83։ ․․․Դաշնակցութիւնը սպառել է իր անելիքը․․․էջ 86։ ․․․այսօր մենք գործ ունենք Խորհրդային Ռուսաստանի հետ։  Սա ամենամեծ ու վճռական ոյժն է՝, մեր հանդէպ կամ մեր կողքին։  Հայաստան պիտի դաշնակցի Խորհրդային Հայաստանի հետ, ուրիշ ելք չունի այլեւս․․․էջ 87։

      Մենք գործ ունինք Խորհրդային Ռուսաստանի հետ էջ 87։․․․․Հայ բօլշեվիկներ-դաշնակցականներ են, միակ դաշնակցականները այսօր, աւելի դաշնակցական՝ քան դու եւ ես․․․էջ 90։․․․Բօլշեվիկները պէտք են Հայաստանին․․․էջ 91։․․․Դաւաճանում էք դուք՝ որովհետեւ գործիքը սիրում էք աւելի՝ քան գործը․․․էջ 100։․․․Որոշուներ ցոյց են տալիս՝ որ կուսակցութիւնը չը գիտէ իր անելիքը, չունի անելիք եւ զոր փորձեր է անում բառային ֆօրմուլների տակ քօղարկել իր անկենդանութիւնը․․․էջ 105։  Վրդովում եմ ամբողջ հոգով՝ սարսափում եմ՝ թէ ինչպէ՞ս ապրիլ մի մթնոլորտի մէջ, ուր չի մնացել ոչ փոխադարձ հաւատ՝ ոչ փոխադարձ յարգանք․․․էջ 108։

      Երանի այդ օրերուն Յովհաննէս Քաջազնունին, դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէին մէջ՝ հետեւորդներ ունենար, եւ մենք այսօր հաւանաբար կ՛ունենայինք ոչ պառակտուած՝ այլ կազմակերպուած սփիւռք մը՝ եւ հզօր Հայաստան մը։

      Հազար ափսոս որ իր ժամանակին «Զօրավար Անդրանիկին» չլսեցին, տարիներ ետք՝ Յովհաննէս Քաջազնունին եկաւ եւ ըմբոստացաւ՝ եւ որպէս իրաւ եւ ճշմարիտ դաշնակցական իր քննադատութիւնը կատարեց 1923ին։  Երկու տարի անց՝ 1925ին Շահան Նաթալի կը հրաժարի կոմիտէի անդամակցութենէն, եւ կը սկսի իր գրական-պատմական աշխատասիրութիւններով զբաղիլ։  1923ին Փարիզի մէջ Վազգէն Շուշանեան՝ եւ Շահան Շահնուր կը հրատարակեն «Մենք» պարբերաթերթը, այստեղ չեմ ուզեր մանրամասնութիւններու մտնել՝ այլ կը գոհանամ միայն յիշելով անունները եւ անցնիլ։  Բայց այդ թուականներուն արդէն Գերմանիա կը հաստատուին՝ որոշ դաշնակցական ղեկավարներ, որոնք հետեւող տարիներուն ընթացքին կը սկսին գործակցիլ Hitlerի ֆաշիստ կառավարութեան հետ։

      Դաշնակցութեան կեդրոնական կոմիտէն 5 Դեկտեմբեր 1937ի շրջաբերականով մը կը յայտարարէ ըսելով «մենք կը փոշիացնենք Աղբալեաններին»։  Նիկոլ Աղբալեան՝ որ ծնած է Թիֆլիս 24 Մարտ 1873ին եւ մեռած է Պէյրութի մէջ 15 Օգոստոս 1947ին, ան լուսաւորութեան նախարար եղած է 1919 Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շրջանին, հակառակ որ լոյսի եւ գրականութեան՝ հազուագիւտ քննադատներէն մէկը եղած է, եւ ինքը յայտնաբերած է Եղիշէ Չարենցի՝ «Խելագարուած Ամբոխներ»ու հանճարը, չէ վրիպած Սիմոն Վրացեանի սուրէն։  Խոսրով Թիւթիւնճեան՝ «Նայիրի»ի ԺԶ․ թիւ 35 Կիրակի 2 Փետրուար 1969ի համարին մէջ, 4րդ էջի երրորդ սիւնակի մէջ կը գրէ «Նիկոլ Աղբալեան 1938էն խզած է իր կապը Կ․ կոմիտէի անդամներուն հետ, եւ իր մահը որ կը պատահի Պէյրութի մէջ, ստրկամիտ մը՝ որպէսզի կուսակցութեան բիւրոյի աչքին վարկ շահի, կը յայտարարէ հետեւեալ կարծիքը, «ԱՅՍ ԾԵՐՈՒԿԸ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՍԱՏԿԵՑԱՒ՝ ԹԷ ՉԷ ՇԱՏ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՄԱՏՆԷՐ ՄԵԶ»։  Մէկ տարի անց «Լեւոն Շանթ» 4 Յունուար 1938ին՝ հրապարակաւ կը քննադատէ բիւրոյական գործունէութիւնը։

      Համաշխարհային պատերազմը կը սկսի 1 Սեպտեմբեր 1939ին, եւ դաշնակցութեան կուսակցութիւնը՝ առաջնորդութեամբ Դրաստամատ Կանայեանի՝ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Hitlerի բանակին մէջ գերմանական զինուորական տարազներ հագած, որուն մասին մենք մեր յօդուածին սկիզբը անդրադարձանք այդ սխալին մասին։

      Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Սփիւռքի Տասնամեակները» գիրքին մէջ՝ որ հրատարակուած է տարիներու ընթացքին «Նայիրիին» մէջ, եւ որպէս գիրք հրատարակուած է Հալէպ 2000 թուականին, անդրադարձած է որոշ մանրամասնութիւններով այդ բոլոր սխալներուն մասին, 1920-80 թուականներուն միջեւ, այն սխալներուն մասին որոնք մենք յիշատակած ենք մեր յօդուածին սկիզբէն մինչեւ վերջը։ Հեղինակին գրական քննական վերլուծական ոճին եւ ոսկի գրիչէն նկարագրուած պատմական եղելութիւնները, հաճոյքով կարելի է ընթեռնել եւ ծանօթանալ տասնամեակներու ճշմարիտ եղելութիւններուն համար։

      Ուստի հազիւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմը աւարտած էր, եւ այդ 1955ի թուականներուն, երբ տարագիր սփիւռքը անկազմակերպ էր՝ ինչպէս մինչեւ այսօր, եւ տակաւին հայ ժողովուրդը թիթեղէ հիւղաւաններու մէջ կ՛ապրէր՝ զոր օրինակ Հալէպի՝ Պէյրութի՝ Աթէնքի եւ Եգիպտոսի հիւղաւանները զանազան երկիրներու մէջ, դաշնակցութիւնը նոր պաշտօնական սխալներու՝ արկածախնդրութիւններու մէջ մխրճուեցաւ նորէն, այն օրէն երբ Դրոն Պէյրութ հաստատուեցաւ, եւ այս անգամ եւս համայնավարութեան դէմ պայքարելու համար։

      Երեւակայեցէք մեզի նման փոքր ազգ մը, հայրենիք՝ հազարամեակներու հողեր՝ պատմութիւն՝ մշակոյթ՝ քաղաքակրթութիւն եւ ամէն ինչ կորսնցուց եւ տարագիր դարձաւ, եւ անօթի՝ ծարաւ՝ բոպիկ անկազմակերպ սփիւռք մը, ինչպէ՞ս կրնայ հսկայ համայնավարութեան դէմ՝ ոչ թէ պայքարիլ, այլ պատերազմիլ։ Այսինքն ոտքը բոպիկ ժողովուրդ մը՝ ուրիշներու գործիք դառնայ եւ գործակալ եւ ոտքի տակ զոհ երթայ։  Անշուշտ պիտի չյաջողէինք, եւ անդին հզօր արեւմուտքը մեզի պիտի գնահատէր ինչո՞վ, այսինքն հայը հայուն ջարդելով՝ զոհելով՝ կամ համայնավարութիւնը աշխարհի երեսէն պիտի մենք ջնջէինք եւ կամ դաշնակցութիւնը Հայաստանի իշխանութեան պիտի հասնէր։

      Այսինքն մեր ժողովուրդին տուած զոհերը՝ աւելի քան երկու միլիոն ցեղասպանութեան, եւ համաշխարհային երկրորդ պատերազմին 300․000 զոհեր, այս բոլորը չէին բաւեր, ուրեմն հայ ժողովուրդը պէտք էր աւելի զոհե՞ր տար։  Որո՞ւն համար եւ վասն ինչի՞։

      Ասոր պատասխանը տուած է Յովհաննէս Քաջազնունին 98 տարիներ առաջ՝ ինչպէս որ գրած է իր «Հ․Յ․Դ․ Անելիք Չունի Այլեւս» գիրքին մէջ ուր կ՛ըսէ, «․․․մեր սեփական ապիկարութիւնը, երբ քաղաքական տհասութիւնը եւ պետական կեանքը վարելի անպատրաստութիւնը․․․էջ 35։ «․․․Հայ ժողովուրդը շատ է տուժած, շատ է յոգնած ու ուժասպառ է, իրաւունք չունինք նոր փորձանքների մէջ ձգելու նրան, նոր պատուհասների ենթարկելու, նոր զոհաբերութիւններ պահանջելու։ Եղածը բաւական է կարծեմ․․․էջ 64»։ Ինչպէս այսօր։

      Այդ օրերուն՝ Դրաստամատ Կանայեան Պէյրութ հաստատուեցաւ, ան գաղտնի գործունէութեամբ կ՛երթեւեկէր Պէյրութի եւ Գահիրէի միջեւ, որովհետեւ այս երկու քաղաքներուն մէջ կը գտնուէին իր հլու հնազանդ գործակիցները։

      Երանի միայն գտնուէր եւ իր կեանքը ապրէր, բայց նախքան իր մահը վերջին իր կործանիչ նուէրները կտակեց գնաց։

      Առաջինը՝ Անթիլիասի կաթողիկոսական ընտրութեան՝ դժուարին եւ շատ պարզ լուծելի թնճուկն է, որ պատահեցաւ 20 Փետրուար 1956ին՝  Զարեհ Եպսկ․ Փայասլեանի՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրութեամբ, որուն հիմնական մղիչ եւ գործադրող ու ընդհանուր Կիլիկեան Կաթողիկոսական աթոռի ընտրութեան ընտրապայքարին պատասխանատու առաջնորդ պարագլուխը եղած էր՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան որ հաւատարիմ լծկանն էր Դրոյին։

      Այդ թուականէն անցած են 65 տխուր եւ փոթորկոտ տարիներ, երբ մենք պատանի էինք, եւ մտային հասունութիւն չունէինք խորհրդածելու եւ միայն կը հետեւէինք։ Ծերացանք տակաւին գաղութները՝ եկեղեցիները՝ ժողովուրդը՝ մշակոյթը՝ դպրոցները՝ հայ հասարակութիւնները՝ ազգը սփիւռքի մէջ երկուքի բաժնուած է։

      100 տարիներէ ի վեր սխալէ սխալ անցանք՝ եւ տակաւին նոյն սխալները կը կրկնենք գործել, բայց մինչեւ ե՞րբ։ Այս սխալներուն մասին է որ կը գրենք մենք։

      Իսկ Դրոյին մասին կը յիշատակենք երկու աղբիւրներ, երկուքն ալ կը պատկանին՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի գրիչին, առաջինը յիշած ենք մեր յօդուածին մէջ, «Սփիւռքի Տասնամեակները» էջ 41-42ի վրայ, եւ երկրորդ աղբիւրը՝ «Առկայծող հայեր Եւրոպայի լոյսերուն մէջ» էջ 42ի վրայ, որ տպուած է Պէյրութ 1999ին։

      Իսկ կաթողիկոսական ընտրութիւններուն մասին, եթէ կը փափաքի յարգելի ընթերցողը աւելի մանրամասն՝ աւելի առարկայական եւ կամ աւելի տրամաբանական եւ բացատրական տեղեկութիւններ ստանալ, կը թելադրենք՝ փնտռել գտնել եւ կարդալ, ճշմարիտ եւ իրաւ դաշնակցական մտաւորական Խոսրով Թիւթիւնճեանի՝ 1959ին տպուած Պէյրութ Սեւան տպարան հրատարակուած գիրքը՝ վերնագիր ունենալով «ԲՒՒՐՈՅԱԿԱՆ ՍՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ եՒ ԻՐԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ», կարդալ իմանալ կուսակցութեան բիւրոյական գործունէութեան մասին, այսինքն «Սիմոն Վրացեանական եւ Դրոյական» գործունէութեան մասին, որ ի՞նչ սխալներ գործած են, զոր Անդրանիկ Ծառուկեան այդ գործունէութիւնը կոչած է՝ «ՎՐԱՑԵԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ»։

      Կ՛արժէ գիրքը ամբողջութեամբ կարդալ՝ բայց եթէ ընթերցողները կը դժկամին կարդալու՝ անպայման կարդալ էջ 70-124ը՝ իմանալու համար պատմական իրողութիւնները։

      ԻՍԿ ԵՐԿՐՈՐԴ սխալը որ գործեց Դրոն, երբ 28 Յուլիս 1961ին Սուրիական կառավարութեան պաշտօնական մարմինները կը յայտարարեն որ, Սուրիոյ մէջ յայտնաբերուած են՝ լրտեսական ցանց մը, որուն պատասխանատուն է՝  Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեանը։  Որպէս աղբիւր օգտագործած ենք, Զարթօնք օրաթերթ 4 Յունուար 1963 – Ա․ Թադէոսեանի գիրքը՝ որ կը կոչուի «Դամասկոսեան Դատավարութեան հետքերով», որուն տուեալները թարգմանուած են արաբերէն լեզուէն, ըստ սուրիական դատարաններու որոշումներու վրայ որուն պատճառաւ՝ ամբողջ Սուրիահայ գաղութը տառապանքի եւ հալածանքի մատնուեցաւ, Սուրիոյ հայերը շատ լաւ կը յիշեն այս տխուր դէպքերը։ Այս գիրքէն անպայման թէ լիբանանի դաշնակցութիւնը պէտք է ունենայ։

      Յօդուածին մէջ յիշուած բոլոր պատմական եղելութիւնները՝ այսինքն սխալները որ գործեցինք, հայ ժողովուրդէն խլեցին երկար տարիներ, որոնց ընթացքին պիտի կարենայինք՝ նուազագոյնը օգտագործել՝ խաղաղութեամբ կազմակերպելու համար՝ սփիւռքի գաղութները՝ որպէս մէկ ազգ՝ մէկ ժողովուրդ՝ մէկ եկեղեցի եւ կազմելով մէկ վտարանդի ազգային ժողով, որ կրնար ճանաչում գտնել Միացեալ Ազգերու կողմէ, ինչպէս նաեւ որպէս մէկ պահանջատէր ժողովուրդ՝ հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան կենդանի վկայ՝ ճանչցուած միջազգային օրէնքներու համաձայն։

      Բայց հազար ափսոս՝ այդ բոլոր սխալները, մեր ժողովուրդէն խլեցին այդ հսկայ ժամանակամիջոցը եւ չկրցանք հասկընալ ի՞նչ կը նշանակէ ազգ՝ ազգութիւն, ի՞նչ  կը նշանակէ պետութիւն եւ ինչպէ՞ս կը կառուցուի եւ կը կազմակերպուի պետականութիւն եւ կը գործեն այս պետական կառոյցները։

      Այլ ատելավառ կիրքերէ եւ որոշ սխալ ամրակուռ գաղափարներէ մեկնելով՝ ամէն ինչ քանդեցինք եւ պատմական սխալներ գործեցինք, նոյնիսկ անկախութեան առաջին մի քանի տարիներուն, եւ եթէ զանց առնենք խորհրդային շրջանի պետական կառոյցները, որոնք անկախութենէն ետք կողոպտուեցան, նոյնիսկ ազգային դրոշմ կրող ժառանգութիւնները՝ ինչպէս տնտեսական՝ ճարտարարուեստական՝ արտադրական նշանակութիւն ունեցող կառոյցները, որոնք կողոպտուեցան ծախուեցան եւ կամ անտեսուեցան, ինչպէս Արարատ քոնիակի եւ գինիի վաճառաշահ գործարանը՝ որ 18 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ՝ որպէսզի գրպանուի, եւ այսօր մի քանի հարիւր միլիոնի՝ ետ չենք կրնար գնել այդ գործարանը։

      Անկախութենէն ետք՝ այս բոլորին մէջ ամենէն կործանարարը եղաւ, ուսումնական ՝ կրթական՝ ակադեմական՝ համալսարանական՝ ազգային դաստիարակչական եւ մտաւորականութեան անտեսումը, լքուեցաւ գիտութիւնը՝ անխնամ մնացին ժառանգուած գիտական հետազօտական կառոյցները՝ կաճառները՝ակադեմիկոսները՝ մտաւորականները եւ ամէն մասնագիտական ճիւղի արուեստագէտները, եւ հիմնականը ազգի մը գոյութեան գլխաւոր ազդակը՝ հայերէն լեզուի պաշտամունքը։

      Այս բոլոր ազգային գոյութեան հիմնական սիւները, այլակերպուեցան՝ այլափոխուեցան եւ մանաւանդ՝ հայ մարդը՝ հայ քաղաքացին՝ եղծուեցաւ այլասերեց եւ այլասերեց, կարծես հայրենի հողին վրայ օտարացաւ ժողովուրդը օտարամոլութենէ, ամէն ինչ խաթարուեցաւ՝ նոյնիսկ փճացաւ։  Անկախութենէն ետք հայոց աղքատ եւ փոքր այս Հայաստանը, կարծես կողոպուտի աւար դարձաւ, ամենափոքր պաշտօնեայէն մինչեւ նախագահը՝ երկիրը կողոպտեցին, եւ ծայր առաւ արտագաղթի՝ որ մինչեւ այսօր չէ դադրած։  Երեւակայեցէք ի՞նչ կրնար պատահիլ եթէ երկիրը հարուստ ըլլար հանքերով՝ քարիւղով՝ ծանր եւ թեթեւ ճարտարարուեստով, հաւանաբար զիրար պիտի բզքտէին կողոպտելու՝ կամ գողնալու եւ կամ յափշտակելու համար։

      Հայաստանի անկախութենէն ետք՝ դժբախտաբար քանդիչ ողբերգութիւն էր, որ հայրենի գիտնականներու եւ մտաւորական ընտրանի խաւը, զոհ գնաց «ԱԶԱՏ ԿՈՉՈՒԱԾ ՇՈՒԿԱՅԻՆ», եւ բոլոր ազգային սրբութիւնները, հաւատքը՝ Հայոց Առաքելական Ուղղափառ Ս․ եկեղեցին՝ անամօթաբար վիրաւորուեցան՝ անգոսնացան անպատշաճօրէն։  Այս բոլորին վերջնական կնիքը դրին եւ դրոշմեցին, ներկայ Հայաստանի կառավարութեան «ՍՈՐՈՍԱԿԱՆ» պաշտօնեաները, որոնք ամենայոռի արտաքին աշխարհի գործակալներ դուրս եկան, նոյնիսկ հայոց ազգի ցեղային գոյութեան, բնաջնջման համար գործակցեցան եւ կը գործակցին ներկայիս՝ օտար ծանօթ եւ անծանօթ արտաքին ոյժերու հետ։

      Սորոսականներուն մասին անպայման կը թելադրենք յարգելի ընթերցողներուն որ կարդան եւ իմանան թէ, այս արտաքին ոյժերու Սորոսական գործակալներ, ի՞նչ աւերներ կը գործեն Հայաստանի մէջ։  Այս առիթով մէկ տարուայ ընթացքին՝ իւրայատուկ չորս յօդուածներ լոյս տեսան «Պայքար շաբաթաթերթին» մէջ, երեք թիւներն՝ 132-133-134ը կը պատկանին Վարդգէս Գուրուեանի գրիչին՝ որոնք անուններով՝ տեղեկագրական եւ բացատրական յօդուածներ են, եւ վերջերս 7 Դեկտեմբեր 2020ին «Պայքար»ի թիւ 207 թիւին մէջ լոյս տեսաւ երեւանցի հեղինակաւոր լրագրուհի «Հերմինէ Զամանեանի» ուսումնասիրուած եւ առարկայական փաստերով եւ անուններով յօդուածը, ուր կը մերկացնէ ապ-ազգային քանդիչ գործունէութիւնը Սորոսականներուն։  Կարելի է այս յօդուածները կարդալ «Պայքար» շաբաթաթերթի անունին տակ համացանցին վրայ։ Պէտք է ներկայ կառավարութիւնը՝ անմիջապէս որոշում գոյացնէ փակելու բոլոր Սորոսական գրասենեակները, նոյնիսկ Սահմանադրական դատարանի օրէնքներով, որպէս արտաքին ոյժ՝ երկրին ազգային ապահովութիւնը վտանգի մատնող եւ դաւաճանող օտար գործակալներ, նոյնիսկ Հայաստանի օրէնքներուն համաձայն պէտք է քրէական պատիժներ սահմանուին բոլորին համար։

      Ո՞ւր են այդ գրիչները՝ որոնք տեսնելով հանդերձ՝ ծախուած գործակալներու աւերիչ գործունէութիւնը կը լռեն։

      Ո՞ւր են մշակոյթի ծառայողները, ինչո՞ւ գրիչ չեն վերցներ որպէսզի դատապարտեն Սորոսական գործակալները, որոնք կը պայքարին հայոց լեզուին՝ ազգային ինքնութեան՝ նոյնիսկ հայոց պետականութեան դէմ, բոլոր հայրենի մտաւորականութեան, պարտականութիւնն  է պայքարիլ Սորոսական հաստատութիւններուն դէմ։  Անոնք ոճիր կը գործեն հայերէն լեզուին՝ հայ մշակոյթին՝ հայոց պատմութեան՝ հայոց պետականութեան դէմ։

      Հայ ժողովուրդը Սրբազան պատերազմ կը մղէ՝ որպէսզի փրկէ իր ազգային՝ ցեղային գոյութիւնը՝ ընդդէմ ամենէն ահաւոր եւ ճակատագրական թշնամիներուն, եւ որոշ անձեր իրենց մարդկային եւ ազգային խիղճը ծախած ափ մը արծաթի համար՝ կը դաւաճանեն իրենց ազգը՝ հաւատքը եւ ինքնութիւնը։

      Ուրեմն յարգելի ընթերցողը՝ ինչպէս որ կը նշմարէ՝ անգամ մը եւս կը յիշատակեմ, աւելի քան հարիւր տարիներէ ի վեր գործուած սխալները, որոնց պատճառաւ զոհ գնաց համայն հայ ժողովուրդը, որովհետեւ ինչպէս որ յիշատակեցինք Յովհաննէս Քաջազնունին վկայեց ըսելով «Չենք կարողացել տարբերել պետութիւնը կուսակցութիւնից ու կուսակցական մտայնութիւն ենք մտցրել պետական կեանքի մէջ։  Պետական մարդիկ չէինք մենք» էջ 54։

      Ինչպէս կը նշմարենք որոշ ղեկավարներ չկրցան ազգի մը գոյութիւնը՝ մեր ժողովուրդին գոյութիւնը գերադասել կուսակցամոլութենէ եւ իշխանամոլութենէ, եւ զոհեցին համայն հայ ժողովուրդը այդ հոգեկան՝ մտային՝ հիւանդագին եսապաշտական ախտին համար, եւ որոշ ձեւով բան մը որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։

      Որովհետեւ այդ գործուած սխալներուն պատճառաւ, ամբողջ սփիւռքը անփառունակ՝ անհաշտ՝ պառակտուած՝ ոչ միասնական՝ քառասուն կտոր եղած է՝ եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր այդպէս մնալ։ Այս առթիւ պէտք է միջամտեմ՝ եւ Արշակ Չօպանեանէն նախադասութիւն մը մէջբերեմ ուր կ՛ըսէ «ԱԶԳ ՄԸ ՉԻ ԿՈՐՍՈՒԻՐ, ԵՐԲ ԳԻՏԷ ԻՐ ՍԽԱԼՆԵՐԸ ՃԱՆՉՆԱԼ ԵՒ ԻՆՔԶԻՆՔԸ ՈՒՂՂԵԼ»։ Իսկ եթէ մեր սխալները չի ճանչնանք եւ չի սրբագրենք, այս պարագային սփիւռքի մէջ պիտի լուծուինք՝ եւ պիտի չկարենանք աւելի երկար գոյատեւել, ինչպէս պատահած է հին ժամանակներուն հին հայ գաղութներուն։

      Մեր նպատակը այդ սխալները յիշելով՝ վէրքերը բորբոքել չէ եւ ոչ ալ ոեւէ կողմ վիրաւորել է, այլ վերջապէս՝ պէտք է անդրադառնանք մեր անցեալի սխալներուն, որպէսզի լուծումներ որոնենք՝ եւ ճիշդը գործենք։ Արշակ Չօպանեան  եւ մանաւանդ այս դժուարին եւ ճգնաժամային օրերուն, ուր մեր ցեղային գոյութիւնը վտանգուած է, եւ այստեղ պէտք է վճռականօրէն շեշտենք որ՝ օտարներէն պէտք չէ օգնութիւն սպասենք։  Եւ ի՞նչ իրաւունքով, որ երկիրը որ կ՛ուզէ ըլլալ, որովհետեւ օտարներէն յոյս չկայ՝ անոնք իրենց շահերը պիտի պաշտպանեն, եւ մենք պէտք է մեր ոյժերուն՝ մեր կարողութիւններուն եւ մասնաւորապէս մեր «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» պէտք է  վստահինք եւ այս բոլոր տարիներու ողբերգական սխալներէն դուրս գանք՝ վերածնինք՝ հզօրանանք՝ աւելի զօրաւոր՝ աւելի հուժկու՝ աւելի խելացի՝ եւ աւելի հզօր դառնանք։

      Նշանաւոր գերմանացի իմաստասէր փիլիսոփայ «Friedrich Wilhelm Nictzsche»ն 1889ը թուականներուն՝ իր հրատարակած «Goetzen-Daemmerung» – «Կուռքերու Մթնաշաղ»ի հաւաքածոյի մէջ, որ կը կրէ «Sprueche und Pfeile» – «Ասացուածքներ եւ Սլաքներ» վերնագիրը, այդ գլուխի 8րդ համարը որ կը կրէ վերնագիր մը «Aus der Kriegs schule des Lebens» – «Կեանքի պատերազմի դպրոցէն» եւ ուր կ՛ըսէ՝ իր ասացուածքը դարձած է իմաստասիրական՝ տրամաբանական վկայութիւն մը «Was mich nicht umbring, macht mich Staerker» «Ինչ որ զիս չի սպաներ, զիս աւելի զօրաւոր կը դարձնէ»։

      Այս խօսքը ըսած է՝ այն համոզումով որ անցեալի սխալները պէտք չէ գործենք։  Մեր պարագային՝ պէտք է հարիւրաւոր անգամներ խորհինք՝ խորհրդածենք, եւ մենք մեզի արտօնելի չէ՝ կիրքերէ՝ իշխանատենչութիւններէ՝ վիրաւորանքներէ՝ քննադատութիւններէ մղուելով՝ նոյն սխալները գործենք, այլ պէտք է շատ հանդարտ՝ միատեղ եւ միասին, թէ ինչպէս կրնանք գոյութիւն ունեցող սխալները սրբագրել։

      Մենք մեր անցեալի սխալներէն՝ Արցախի ստեղծած թնճուկէն՝ խառնակութենէն եւ թուրքիզմի սպառնալիքներու այս ողբերգութիւններէն, պէտք է դուրս գանք՝ աւելի զօրաւոր՝ աւելի խելացի՝ աւելի հասուն՝ աւելի փորձառու։  Մեր ուսերուն չկրենք ողբի՝ լացի ու կոծի եւ յոռետեսութեան բեռը, այլ դառնանք աւելի զօրաւոր՝ աւելի լաւատես՝ աւելի հզօր, անակնկալի բերենք համայն աշխարհը եւ մանաւանդ մեր շրջապատի վայրենի տգէտ թշնամիները։

      Պէտք է հաւատանք որ թուրքը չի փոխուիր՝ այլ մենք պէտք է որ փոխուինք։

      Սփիւռքը ինչո՞ւ համար հարիւր տարիներէ ի վեր «ՉԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ»․ պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է։  Որովհետեւ գործուեցան սխալներ՝ որ սփիւռքը պառակտեցին, եւ այդ պատճառաւ միասնականութիւն չստեղծուեցաւ, եւ այսօր մենք կեցած ենք հարիւր տարուայ սխալներուն առջեւ։

      Մեզի այսօր տրուած է պատմական առիթ մը՝ որպէսզի այդ սխալներ սրբագրենք։  Ըսինք այդ «ԱՌԻԹԸ» որ ճակատագրականօրէն եղելութիւնները ստեղծեցին, որպէսզի սրբագրենք մեր անցեալի եւ ներկայի սխալները, եւ որպէս հայ ժողովուրդ շարունակենք գոյատեւել՝ մեր այս փոքր հողին վրայ՝ որպէս հզօր պետութիւն, ապա թէ ոչ պիտի անցնինք պատմութեան էջերը։

      Արցախի պատերազմի կորուստը՝ մեզի դաս թող ըլլայ, օտարներէն չկայ յոյս՝ չկայ օգնութիւն, եթէ մենք մեզի չօգնենք։ Արցախի պատերազմին տեսանք, ամբողջ արեւմուտքը լռեց։  Ամերիկացիները գնահատանքներէ եւ խօսքերէ անդին չանցան, Ռուսիան իր կայսրութեան շահերը եւ սահմանները պաշտպանեց, թուրքերը եւ ատրպէյճանցիները սպառնացին եւ կը սպառնան մինչեւ այսօր խօսքերով եւ զինավարժութիւններով՝ որ Երեւանը՝ Սեւանը՝ Զանգեզուրը՝ Հայաստանը եւ Արցախը իրենց կը պատկանի, գիտնալով հանդերձ որ իրենց բռնագրաւուած՝ յափշտակուած՝ զաւթած հողերը, որոնց վրայ հայերը հազարամեակներով պատմութիւն՝ քաղաքակրթութիւն՝ յուշարձաններ՝ եկեղեցիներ՝ վանքեր՝ գիւղեր եւ քաղաքներ կերտած եւ կառուցած են՝ հակառակ իրենց ոճիրներուն եւ քանդումներուն կ՛սպառնան։  Այս բոլորը պատահած է արեւմուտքի աչքերուն տակ եւ յաճախ ալ իրենց հսկողութեամբ բայց արեւմուտքը տակաւին չէ կրցած հասկնալ թուրքին ի՞նչ ըլլալը, որ թուրքը հինգ հարիւր տարիներէ ի վեր չէ փոխուած՝ եւ պիտի չփոխուի։  Իսկ եթէ պատահի՝ սեւ ծովուն եւ միջերկրականի մէջ Թուրքիան քարիւղ կամ կազ գտնէ, այն ատեն ոչ մէկ երկիր կրնայ Էրտողանին քմահաճոյքներուն արգելք հանդիսանալ։  Իսկ Հրէաստանը՝ որ գերագոյն մասնակցութիւնը բերաւ Արցախի պատերազմին, պիտի շարունակէ բերել՝ զինելով Ատրպէյճանը, որովհետեւ ծայրը Պարսկաստանն է, եւ այդ պատճառաւ պիտի փորձէ Իսրայէլ իր ընդհանուր տնտեսական՝ գիտական՝ ռազմավարական՝ լրտեսական՝ զինուորական միջոցներով ինքզինքը պաշտպանել եւ հաստատել Ատրպէյճանի մէջ, եւ ի հարկին նոյնիսկ պատերազմիլ՝ որպէսզի իր ապահովութիւնը պաշտպանէ եւ իր հողային տարածքը ընդլայնէ Սուրիոյ հաշւոյն՝ նոր հողեր գրաւելով։

      Ինչպէս կը նշմարենք այս օրերուս, անհրաժեշտութիւն մըն է՝ եւ «ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»՝ պարտաւորութիւն՝ յանձնառութիւն մըն է, Հայաստանի՝ Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ոգին՝ պէտք է թագաւորէ, ասիկա մեզի համար ինչպէս ըսինք վերջին առիթն է, խաղաղութեամբ՝ խորհրդածելով՝ հանդարտութեամբ սխալները սրբագրելով։  Պէտք է դադրին բեմերէն՝ հրապարակներէն՝ հեռատեսիլներէն՝ դիմատետրերէն ՝ կայքերէն եւ մամուլէն՝ շահատենչական խօսքերը՝ վիրաւորական արտայայտութիւնները՝ հայհոյանքները՝ ստորագնահատումները, եւ պէտք է զիրար հասկնանք, պէտք է մէկ կողմ ձգել աթոռամոլութիւնները՝ կուսակցամոլութիւնները՝օտարամոլութիւնները՝

իշխանատենչութիւնները, պէտք է առիթ տանք ժողովրդավարական կարգերու գործադրութեան, եթէ կ՛ուզենք մեր ցեղային գոյութիւնը պահել՝ այս փոքրիկ Հայաստանը պահել՝ Արցախը պահել՝ Սփիւռքը պահել, ուրիշ լուծում չունինք՝ ուրիշ ելք չունինք, պէտք է ընդհանուր «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ստեղծենք եւ ծրագրուած յառաջանանք։

      Նախ մենք՝ պէտք է սկսինք «Սփիւռք»էն, պէտք է գիտնանք եւ պէտք է յարգենք՝ ամէն հայ անհատը սփիւռքի տարածքին՝ որ կողմը որ ապրի՝ եւ ուր որ գտնուի՝ ինչ մասնագիտութիւն ունենայ կամ ոչ, կաղը՝ կոյրը՝ խուլը յարգելի անձ մըն է մեզի համար, որովհետեւ այս բոլորը մեր հայ ազգը՝ մեր ժողովուրդը կը կազմեն որեւէ մէկը պէտք չէ ստորագնահատել  ոեւէ անձ, եւ պէտք չէ մոռնանք որ «մէկ ձեռքը՝ ծափ չի զարներ» այս սկզբունքէն մեկնելով, սփիւռքը պէտք է մէկ «ՄԻԱՒՈՐ» մէկ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» դառնայ, որպէսզի այս «Միասնականութենէն» յառաջ գայ «ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆ» մը՝ ինչպէս կ՛ուզէք կոչեցէք եւ այդ միասնական մարմնէն պէտք է ստեղծուի «Վտարանդի Ազգային Խորհուրդ» «Վտարանդի Խորհրդարան» ինչ անուն որ պիտի ընտրէ յառաջացած մարմինը, եւ պէտք է փորձեն որ այս մարմինը միջազգային ճանաչում ունենայ, որպէսզի կարենանք մենք որպէս սփիւռք՝ որպէս տարագիր՝ անհայրենիք ժողովուրդ՝ մեր կորսուած իրաւունքները պահանջենք եւ պաշտպանենք՝ որպէս ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ։

      Այս բոլորը պէտք եղած ըլլար՝ իրագործուած ըլլար՝ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ» ետք, բայց դժբախտաբար չ՛իրագործուեցաւ՝ վերեւ յիշուած բոլոր սխալներուն պատճառաւ, եւ տակաւին կուրօրէն եւ խուլօրէն կը շարունակուի այս «ԱՆ-ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ» վիճակը։

      Մենք կը զարմանանք՝ առնուազն վերջին վաթսուն տարիներուն՝ տասնեակ փորձեր եղած են՝ համագումարներ սարքուած են Հայաստան եւ այլուր, եւ ոեւէ մէկը չէ գտնուած՝ այս բոլոր համագումարներուն մէջ՝ մէկ շատ կարեւոր հարց օրակարգի նիւթ ընէ «ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ  ՀԱՐԻՒՐ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԱՅՍՊԷՍ ՊԱՌԱԿՏՈՒԱԾ ՄՆԱՑԱԾ Է», անմիասնական՝ անմիաբան եւ անօգնական, առանց մէկ միացեալ գլուխի մնացած է, եւ հիմնական պատճառին վրայ վարագոյր քաշած են եւ վարագոյրին ետեւէն խօսած են եւ բոլոր համաժողովներուն ջուր ծեծած են՝ եւ բոլորը միասնաբար ողջունած են ծափերով՝ աննպատակ համագումարները։

      Մենք հայերս՝ սիրելի եւ յարգելի ընթերցողներ, մենք կապրինք՝ ահաւոր ընկերային քաղաքացիական դաստիարակութենէ հեռու աշխարհի մը մէջ, ուր տգիտութիւնը՝ կիրքը եւ կեղծաւորութիւնը կը տիրէ եւ կը շարունակենք ապրիլ ինքնախաբէութեան եւ քստմնելի պատրանքի եւ ունայնութեան աշխարհին մէջ՝ ծափերով ու ստապատիր բացականչութիւններու տարափին տակ։

      Զարմանալին այն է նաեւ, որ ամէնուրեք միասնականութեան կոչեր եղած են, եւ որեւէ մէկը քաջութիւնը եւ համարձակութիւնը չէ ունեցած՝ հրապարակաւ յայտնելու, թէ ինչո՞ւ այսքան տարիներով խօսուած է սփիւռքի «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» մասին, մէկ ազգ՝ մէկ լեզու՝ մէկ մշակոյթ՝ եւ մէկ ժողովուրդ կոչելով,եւ սակայն որեւէ մէկը այդ խիզախութիւնը՝ այդ յանդգնութիւնը չէ ունեցած՝ բացատրելու բուն պատճառները՝ բուն սխալները, որոնք եղած  են անմիջական դրդապատճառները, որպէսզի սփիւռքը մնայ միայն հայ անհատ անձնաւորութիւններու յաջողութիւններու ասպարէզ, բացակայելով ամբողջական սփիւռքը՝ բացակայելով «Միացեալ Սփիւռքը։», որոնց համար հայ ժողովուրդը կը վճարէ մինչեւ այսօր գործուած սխալներուն վնասները։

      Իսկ եթէ այս վիճակով շարունակուի սխալ գործելով, կը վախնամ բոլորովին եւ ամբողջական վտարանդի դառնանք նոյնիսկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

      Որովհետեւ «թուրքիզմ»ին եւ արեւմուտքի համար, նախափորձը մեր աչքերուն առջեւը կենդանի օրինակ եւ պատկեր մըն է Սուրիոյ պարագան։

      2011ի Մարտ 18ի թուականէն մինչեւ այսօր կը ջանան արեւմուտքը՝ Հրէաստան՝ եւ Թուրքիան, Սուրիան աշխարհի քարտէսէն վերցնել՝ ջնջել։  Սկիզբը արաբական Էմիրաթներէն՝ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը՝ մասնակցեցան՝ Միջին Արեւելքի նոր քարտէսի ծրագրի իրագործման գործողութիւններուն, եւ իրենց հզօր նիւթական աջակցութիւնը բերին՝ ծրագրի իրականացման՝ եւ մասնաւորապէս Սէուտական Արաբիան՝ որ աւելիի քան 680 միլիար տոլար ծախսած է՝ իր պահեստի գումարի վարկէն՝, եւ Ս․ Արաբիան իր օժանդակութիւնը դադրեցուց 2017ին, բայց Քաթարը կը շարունակէ օգնել Թուրքիոյ կրօնական՝ ահաբեկչական՝  եւ ռազմավարական պատճառներով։

       Եթէ Պաշշար Էլ Էսատի համաձայնութեամբ՝ Ռուսիան իր զինուորական ներկայութիւնը  չ՛իրագործէր 2015 թուականին՝ այսօր Սուրիան գոյութիւն պիտի չունենար։  Կրնանք երեւակայել 23 միլիոն ժողովուրդ ունեցող երկիր մը, յանկարծ կը ջնջուի աշխարհի քարտեսէն։  Բաղդատենք Հայաստանը, Սուրիոյ հետ։  Հոս պէտք է յիշատակենք նաեւ, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ հաստատուելէ ետք, իր քաղաքական շահերը կը պաշտպանէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ Սուրիոյ եւ Պարսկաստանի հետ։

      Սուրիան այս քաղաքական խաղերը շատ լաւ հասկցած է՝ բայց ուրիշ ելք չունի՝ ուրիշ լուծում չունի եւ կը փորձէ՝ իր բանակով նոր սուրիական տարածքներ վերագրաւել, ռուսերու կողմէ տրուած կանաչ լոյսերով, եւ ինքզինք պարտադրել՝ Պարսկաստանի եւ Հըզպուլլահի օժանդակութեամբ։

      Ասիկա մեր աչքերուն առջեւ կը պատահի այս ժամուս, եւ մենք մեր աչքերուն առջեւ գիտակցաբար վարագոյր կը քաշենք։

      Արթնցիր՝ ով հայ ժողովուրդ արթնցիր։

      Մենք սիրելի եւ յարգելի ընթերցողներ՝ պէտք է գիտնանք եւ հասկնանք որ Սփիւռքը հարիւր տարիներէ ի վեր՝ կ՛ապրինք կեղծ՝ պատրանքի՝ սուտ եւ երեւակայական աշխարհի մէջ, մենք անգոսնեցինք՝ արհամարհեցինք՝ կարեւորութիւն չտուինք մեր ցեղային գոյութեան արժէքներուն՝ անտեսեցինք հազարամեակներու մեր պատմութիւնը՝ մեր քաղաքակրթութիւնը՝ մեր լեզուն՝ մեր մշակոյթը, եւ անարգեցինք վերջին առիթը որ մեզի տրուեցաւ, որ «ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆՆ» էր, որովհետեւ ոտնակոխ ըրինք պատրաստ պետութիւն մը՝ մղուելով կիրքերէ՝ իշխանատենչութենէ՝ աթոռամոլութենէ՝ շահառկութենէ՝ կուսակցամոլութենէ՝ օտարամոլութենէ, ծախեցինք  ամէն ինչ եւ  կողոպտեցինք բոլոր ազգային պետական ժառանգութիւնները, քանդեցինք գիտական կաճառները՝ պետական հաստատութիւն մը կանգնած չձգեցինք եւ տարածուեցաւ դաժան՝ ահաւոր ու անողոք կերպով կաշառակերութիւնը եւ փտածութիւնը՝  ապականութիւնը պետական կառոյցներէ ներս, եւ կորսուեցաւ ազգային դաստիարակութիւնը՝ ազգային աւանդութիւնները եւ մոռցանք Աստուածը, մեր հաւատքի տուները սրբապղծուեցան՝ ծանօթ գրիչներ պղծեցին մեր դարաւոր սրբութիւնները եւ մանաւանդ Սորոսականները որոնք որոշեցին մեր ազգութիւնը լուծել՝ մեր վեց հազար տարուայ պատմութիւնը լուծել՝ մեր վեց հազար տարուայ պատմութիւնը քանդել՝ լուծել՝ նսեմացնել՝ եւ այս բոլորը ափ մը անիծեալ արծաթեայ դրամներու համար։

      Արցախի ողբերգութենէն ետք՝ վերջերս կորսնցուցինք ամենատարրական բարոյական սկզբունքները, եւ մէջտեղ եկաւ նոր կենցաղավարական արհամարհանքներով լեցուն բառերու գործածութիւնը եւ այս լեզուական անկումը սկսաւ՝ քաղաքական ղեկավարներու մօտ, ինչպէս դաւաճան՝ յօշոտել՝ դիակ՝ պատմութեան աղբանոց եւ հայհոյանքներ եւ վիրաւորական ու նողկալի կարգախօսներ։ Ամօթ մեզի՝ հազար ամօթ՝ ուր կ՛երթանք այսպէս։

      Այս բոլոր սխալներ որ գործեցինք անցեալին եւ կը շարունակենք գործել տակաւին մինչեւ այսօր, չկրցանք հասկնալ ազգութեան՝ ինքնութեան՝ պետութեան՝ ժողովրդավարութեան պատմութեան եւ անկախութեան իմաստը, եւ չկրցանք ըմբռնել եւ արժեւորել բովանդակութիւնները եւ սխալ ղեկավարներու մօտ՝ մտածողական գաղափարական կարծրացած անհեթեթութիւն մը պատեց, ու սկսան սխալէ սխալ անցնիլ՝ եւ բոլորեցինք ամբողջ հարիւրամեակ մը։

      Այս պատճառներով «ՍՓԻՒՌՔԸ» մնաց անկազմակերպ եւ վերջին տասնեակ տարիներուն, տեղի ունեցան սփիւռքին նուիրուած բազմաթիւ գիտական՝ մասնագիտական եւ պարզ ժողովներ, եւ մասնաւորապէս «Հայաստան-Սփիւռք» համագումարները, ուր արծարծուեցան՝ գաղութները հետաքրքրող հարցեր, եւ բոլոր այս ժողովներուն՝ ներկայ գտնուեցան՝ Գիտնականաններ, պատմաբաններ՝ սփիւռքագէտներ՝ մամուլի պատասխանատուներ՝ սփիւռքի ազգային հաստատութիւններու ներկայցուցիչներ։

      Այս բոլոր ժողովներուն եւ ներկայացուցիչներուն մէջ չգտնուեցաւ մէկ անձ որ անդրադառնար այս սփիւռքի «անԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ» եւ «անՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» մասին։  Այդ բոլոր համագումարները ժամանակի վատնում էին՝ որովհետեւ չգտնուեցաւ մէկը այդ ժողովներուն մէջ՝ որ ճիշդ ձեռքը սփիւռքի վէրքին վրայ դնէ որ կը կոչուի

«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»

      Սիրելի եւ յարգելի ընթերցողներ, Սփիւռքը հարիւր տարիներ ի վեր՝ կը տառապի անմիաբան եւ անմիասնական տագնապի մէջ, եւ ասիկա վնաս է սփիւռքահայութեան, որովհետեւ բոլոր կողմերու մօտ անտարբերութիւն մը կը տիրէ՝ ներկայ կեանքի պայմաններուն պատճառաւ, ամէնուրեք անտարբերութիւն՝ օտար ամուսնութիւններ՝ կեանքի դժուարութիւններ, եւ մանաւանդ Միջին արեւելքի՝ Լիբանան՝ Իրաք՝ Սուրիա՝ Յորդանան՝ Եգիպտոս՝ Երուսաղէմ՝ ուր հայութեան թիւը անհամեմատաբար նուազեցաւ, եւ ըստ երեւոյթին Միջին Արեւելքի քաղաքական վիճակը տարիներ կ՛ուզէ որ խաղաղի եւ եթէ խաղաղի աննպաստ վիճակներ ստեղծուած են։

Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայերը խուճապի մատնուած են, չեն գիտեր ուր մեկնին՝ նախ այս համաճարակին պատճառաւ՝ վերջը Սուրիոյ շարունակուող պատերազմին եւ երրորդ Լիբանանի անկայուն քաղաքականութեան՝ եւ վերջին ահաւոր պայթումին պատճառաւ, գաղութները այս երկու երկիրներուն մէջ, լուռ տառապանքի եւ չարչարանքի ու նեղութեան մէջ են,եւ այս ձեւով սփիւռքը Միջին Արեւելքի մէջ կը հիւծի։

      Ինչպէս կը տեսնենք՝ այս դժնդակ տաժանելի վիճակին մէջ է համայն սփիւռք եւ հարիր տարիներէ ի վեր կորսուած «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» պէտք ունի սփիւռքը՝ որպէսզի վերականգնի՝ վերանորոգուի՝ եւ վերակազմուի ու վերածաղկի, եւ այս կրնայ պատահիլ միայն ճշմարիտ գաղութներու միասնականութեամբ։

      Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ներսիսեան, Հովուապետական այցելութեամբ Մ․ Նահանգներ գտնուեցաւ 2017ին Հոկտեմբերէն մինչեւ Նոյեմբերի կէսը՝ եւ այդ առիթով ներկայ եղաւ Լոս Անճելըսի արեւմտեան թեմի 90-ամեակի պաշտօնական հաւաքին՝ աւելի քան 600 հրաւիրեալներու ներկայութեան, ուր Վեհափառը իր Հայրապետական Օրհնաբեր Ողջոյնի խօսքին մէջ, քրիստոնէաբարոյ նախանձախնդրութեամբ եւ յանդգնութեամբ անդրադարձաւ գոյութիւն ունեցող Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցւոյ երկփեղկման եւ առաջարկեց ըսելով՝

«ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱՆՔ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ՆԱԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՌԱԿՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱԿԱԿԱՆՈՆԱԿԱՆ ԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ, ՈՐ ԱՌԿԱՅ ԵՆ ԵՒ ԱՅՍՏԵՂ՝ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԻ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԵՐՈՒՄ։ ԵՐԲ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՌԱԿՏՈՒԱԾ ՝, ՉԻ ԿԱՐՈՂ ԿԵՐՏՈՒԵԼ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ։ ԼԻԱՅՈՅՍ ԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲՕՐ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ ՊԻՏԻ ԿԱՐՈՂԱՆԱՆՔ  ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ ԱՅՍ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՆՈՐ ԷՋ ԲԱՑԵԼ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։

       Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ Ներսէսեան համարձակութիւնը ունեցաւ, ինչպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա․ Սարգիսեան, որ քաջարի խիզախութեամբ եւ առաքինութիւնը ունեցաւ՝ այդ ողջունելի քայլը առնելու, որպէսզի վերնայ այլեւս եկեղեցւոյ գաղութներու պառակտուած վիճակը։

     Արդեօ՞ք պիտի գտնուի աշխարհական կամ հոգեւորական հայ մը՝ որ այդ նոյն քայլը առնէ եւ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» հաստատէ գաղութներու միջեւ։

    Այս է սիրելի ընթերցողներ՝ հիմնական սկզբունքային պատճառը որ սփիւռքը պառակտուած կը պահէ։  Եկեղեցական այս հարցը պէտք է լուծուի, ի գին ամէն զոհողութեան, որպէսզի սփիւռքը չի հիւծի՝ չի ձուլուի՝ չի լուծուի, որովհետեւ տակաւին առիթը ունինք, նոյնիսկ այսօր ուշ է, վաղը աւելի ուշ պիտի ըլլայ, ուստի այս հարցը պէտք է լուծուի։

      Հայաստան իր տեղն է՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր տեղն է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները հոն են, Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հոն է, եկեղեցւոյ Գերագոյն խորհուրդը հոն է, բայց Անթիլիասի ազգային իշխանութիւնը հոն չէ՝ օտար հողի վրայ է, ուրեմն իրենցմէ կը սպասուի՛ նախաձեռնութիւնը միասնականութեան՝ կամ այլ միջնորդի միջոցաւ, որպէսզի այլեւս վերանայ այս պառակտումի վիճակը գաղութներէն։

      Ին՞չ կը նշանակէ երկու թեմ մէկ գաղութի մէջ, երբ պիտի վերնայ  այս սխալը որ պատահեցաւ։  Ինչո՞ւ մէկ միաւոր չդառնայ «ՀԱՄԱՅՆ ՍՓԻՒՌՔԸ», ինչո՞ւ մէկ կողմը բացակայի միւս կողմի ձեռնարկներէն, ինչո՞ւ ընտանիքներու միջեւ ծանօթութիւններ տեղի չունենան եւ ինչո՞ւ խնամիական կապեր չստեղծուին ընտանիքներու միջեւ եւ նոր սերունդները յառաջանան, միացեալ հոգւով եւ սրտով, եւ ինչո՞ւ երկու կողերը հիւծին եւ սերունդները անհետանան այս պառակտումին պատճառաւ սփիւռքի մէջ։ Ինչո՞ւ այս երիտասարդ սերունդները՝ նախորդ սերունդներուն աւանդական դարձած սխալները՝ առանց հասկնալու շարունակեն գործել, ին՞չ է մեղքը այս երիտասարդ սերունդներուն։

      Ինչո՞ւ աթոռամոլներուն եւ իշխանատենչներուն գործած սխալները այս նոր սերունդը՝ եւ գալիք սերունդը վճարէ որպէս քաւութեան նոխազ։

     Պէտք  է դադրին եւ զիջին այս եսապաշտ՝ իշխանատենչ՝ պատեհապաշտ՝ շահատենչ եւ շահասէր ղեկավարները իրենց դիրքերը երիտասարդ սերունդներուն, որպէսզի սփիւռքը մէկ բռունցք դառնայ եւ գալիք երիտասարդ սերունդները հզօր ոյժ մը կազմեն սփիւռքի լայնատարած ափերուն, եւ կարենան յաւիտենականութեան ճամբան հարթեն։

      Ինչո՞ւ սփիւռքի եւ Հայաստանի «ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐԸ» մինչեւ այսօր լռած են, եւ սփիւռքը այսպէս պառակտուած կը պահեն, եւ ինչո՞ւ սփիւռքահայ հասարակութեան ճշմարտութիւններուն մասին տեղեակ չեն պահեր, արդեօ՞ք իրենք ալ օտար այլ կազմակերպութիւններէ կը վճարուի՞ն որպէսզի լռեն։  Ի՞նչ կը սպասեն, արդեօ՞ք չեն տեսներ որ սփիւռքը պառակտուած է՝ եւ ամէն օր քիչ մը կը հիւծի, ի՞նչ կը սպասեն հարիւր տարի եւս անցնի եւ սփիւռք չմնայ։

      Հաւատացէք որ այս օրը շատ ուշ է, եւ թշնամին դրան առջեւ է։ Կրկին անգամներ պիտի ըսենք որ, «թուրքիզմ» ոչ թէ մեզի միայն կը սպառնայ՝ այլ ամբողջ Եւրոպային եւ արաբական աշխարհին։  Ըսինք եւ պիտի կրկնենք՝ եթէ Էրտօղանը՝ Սեւ Ծովուն՝ կամ Միջերկրականի մէջ քարիւղ եւ կազ գտնէ եւ 2023ին ընտրութիւններուն կրկին ընտրուի, այլ եւս ոչ Եւրոպական Միութեան՝ ոչ Ռուսական կայսրութեան՝ ոչ Մ․ Նահանգներուն նոյնիսկ  Չինաստանին կարեւորութիւն պիտի չտայ, այս է միակ իրողութիւնը։

Հայաստանեայց եկեղեցւոյ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» մասին, այստեղ կ՛ուզենք հին յուշագրութիւն մը վկայակոչել՝ երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա․ տակաւին վարդապետ էր, եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս պիտի օծուէր Վազգէն Ա․ Պալճեան։

      Գարեգին վարդապետ Սարգիսեան այդ առթիւ Ողջոյնի՝ եւ համագործակցութեան եւ Միասնականութեան գիր մը կը հրատարակէ Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան ամսագրին՝ «ՀԱՍԿ»ի Հոկտեմբեր 195 թուականի թիւին մէջ, ուր վերնագիր ունէր հետեւեալ նախադասութիւնը

«ԷՋՄԻԱԾԻՆ»

ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

ՆՈՅՆ ԵՒ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

որմէ կը վկայակոչենք՝ հետեւեալ նախադասութիւնները․

Ուրախ լեր Սուրբ Եկեղեցի»)

      Անձնաւորութիւն՝ որուն հոգեւոր կեանքի առաքինութիւնը, մասնաւորաբար զինք մօտէն ճանչցողներու վկայութեամբ, կը կազմէ իր էութեան տիրական գիծը, իր հոգեւորականի էական նկարագիրը։

      Այնքա՜ն  կենսական կարիքներ ունի այսօր մեր եկեղեցին․ այնպէ՜ս կարօտն ունի գործունէութեան՝ կրօնական, հոգեւոր, կրթական, կազմակերպական մարզերու մէջ, ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին ճակատներու վրայ, որ համագործակցութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ պայման մըն է մեր եկեղեցւոյ դերին բարւոք եւ արդիւնալի կատարման համար։

      Այս հիմնական մտահոգութեամբ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս Տ․Տ․ Սահակ, Բաբգէն, Պետրոս եւ Գարեգին կաթողիկոսներու օրով, այսօր եւս ու միշտ, կը շարունակէ մնալ եղբայրական սիրոյ, յարգանքի եւ միութեան խորունկ զգացումին մէջ Մայր Աթոռոյ հանդէպ, եւ Հայց․ Եկեղեցւոյ հզօրացման եւ պայծառութեան համար՝ մի՛շտ աջակից ու զօրավիգ Մայր Աթոռոյ։

      Այս ոգիով եւ այս մտածումներով գործեցին նախորդ հայրապետները։

      Վստահ են որ նո՛յն ոգիով եւ նո՛յն մտածումներով պիտի գործեն եւ յաջորդները։

      Այս խոր վստահութեամբ եւ հաստատ յոյսով կ՛ողջունենք ընտրութիւնը Նորին Ս․ Օծութեան՝ Վեհ․ Տ․Տ․ Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսի, կրկնելով շարականին տողը իբրեւ մեր հոգիէն վերաբխող տենչ, մեր հաւատքի լարով պրկուած՝

      «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ,

      Քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս

      Ի Հայաստան Աշխարհի»։

ԳԱՐԵԳԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Դարձուցէք անգամ մը հայոց պատմութեան էջերը եւ դիտեցէք ի՞նչ էինք՝ ի՞նչ եղանք։  Տեսէք ի՞նչ ազգային կորուստներ կրած ենք, ի՞նչ ունէինք անցեալին՝ եւ այսօր ի՞նչ ունինք՝ այս բոլոր հարցումներուն պատմութեան գիրքերը կը վկայեն եւ կը պատասխանեն։

 Եկէք հայրենակիցներ՝ ինչ որ մնաց մեր փոքր Հայաստանը եւ փոքր Արցախը եւ անկազմակերպ սփիւռքը չկորսնցնենք։

      Ժամանակն է այլեւս մեր վրայէն թօթափենք՝ սխալ գործելու հիւանդագին վիճակը, սթափինք եւ խորհրդածենք՝ ապագային մասին, եւ ստեղծենք «ՆՈՐ ՍՓԻՒՌՔ» մը՝ «Ժամանակակից երիտասարդ ոյժերով գործող Նոր Սփիւռք» մը, սրբագրելով անպայման անցեալի սխալները որ գործուած են՝ եւ ստեղծել «ՍՓԻՒՌՔԻ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ» մը, եւ իրականացնելով հետեւեալ առաջարկները։

     Մենք պէտք սփիւռքի մէջ՝ մեր գերագոյն ճիգը միաւորենք՝ որպէսզի ստեղծուի այս՝

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»։

     Սփիւռքի հայ ազգային ոգիով տոգորուած երիտասարդութիւնը՝ որ ինքզինքը հայ կը զգայ եւ իր ինքնութիւնը ու ազգային եւ մարդկային արժանապատուութիւնը կը յարգէ եւ իր արմատներով կը հպարտանայ, պէտք է այս «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՒԹԻՒՆԸ» ստեղծէ, որպէսզի վերջին դարուն՝ մեր բոլոր նահատակ հայրերը մեր մայրերը՝ մեր քոյրերը՝ մեր եղբայրները՝ մեր հարազատները մեր բարեկամները, դուրս գան իրենց հոգիներէն՝ թեւեր առած անապատներու  աւազներէն՝ մեր աւերակուած գիւղերէն՝ մեր թշնամիին կողմէ այրած քաղաքներէն՝ ցորենի հասկերու դաշտերէն՝ այրած պուրակներու կրակներէն, Օրհներգերով ու Աղօթքներով, որովհետեւ անոնք մեռած չեն՝ այլ իրենց հոգիները կենդանի՝ բարի՝ պարիկներ դարձած կը հետապնդեն մեզ, կեանքի կոչենք այդ նահատակաց հոգիները՝ եւ հաստատենք իրենց, որ մենք՝ իրենց յաջորդները՝ արժանի քաջազուններն ենք, եւ կանգ ու աշխարհին պիտի փաստենք որ պիտի գոյատեւենք մեր արդար մաքուր աշխատանքով՝ մեր քրտինքով՝ մեր տաղանդներով՝ մեր ստեղծագործութիւններով եւ մասնաւորապէս մեր «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ»։

     Որպէսզի չկորսնցնենք մեր ունեցածը՝ այսինքն մեր ցեղային գոյութիւնը չկորսնցնենք, եւ մեր փոքր Հայաստանը եւ Արցախը չկորսնցնենք։

Ազգային պարտադիր՝ հրամայական՝ պատմական պարտականութիւն է, ստեղծել «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ», որովհետեւ Հայաստան շրջապատուած է ոչ թէ միայն թշնամիներով՝ այլ բազմաթիւ վտանգներով, եւ սփիւռքը կրնայ թիկունք կանգնիլ համագործակցութեամբ Հայաստանին։

     Եթէ չստեղծուի «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» մենք անձնասպան պիտի ըլլանք ժամանակի ընթացքին, եւ պիտի չփնտռենք ո՞վ է պատասխանատուն, որովհետեւ մենք մեր ազգային՝ ցեղային գոյութիւնը՝ մեր ձեռքերով  «թաղած» պիտի ըլլանք։

«ԱՅՍ Է, ԱՆՎԻՃԵԼԻ ճՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ»։

     Մեր վերջին առիթը վերջին լուծումը այս է, եւ մեր վերջին յոյսը եւ նպատակն է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ», եւ պէտք չէ մոռնանք Եղիշէ Չարենցի մեզի ձգած, հայ ժողովուրդին ձգած կտակը որ կ՛ըսէ

«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԻ ՄԷՋ Է»։

«ԱՆՎԻՃԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՆ ԱՅՍ ԳՐԱԾՆԵՐՍ՝ ԱՍԿԷ ԴՈՒՐՍ ՉԿԱՅ ԱՅԼԵՒՍ ՈԵՒԷ ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ»։

Ուստի

Պէտք է իրագործուի անպայման սփիւռքի «ՄԻԱՒՈՐՈՒՄԸ» որպէսզի ոյժ դառնայ՝ եւ ոչ թէ միակ ոյժ դառնայ, այլ վտարանդի «ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՅԺ» դառնայ։

Պէտք է դադրինք այլեւս պատրանքներու մէջ ապրելէ, պէտք է ինքնաճանաչումի երթանք՝ իմանանք թէ ո՞ւր կը գտնուինք մենք՝ եւ ի՞նչ քաղաքական՝ ռազմավարական՝ տնտեսական պայմաններու մէջ կը գտնուինք, եւ ի՞նչ կարելիութիւններ ունինք, որպէսզի ներդաշնակենք մեր կարողութիւնները, որպէս քաղաքականապէս դաստիարակուած ժողովուրդ եւ վտարանդի պետականութիւն մտածենք՝ ծրագրենք եւ գործենք։

      Ոեւէ կողմ՝ եթէ չի մասնակցի սփիւռքի «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» գործընթացին եւ իրագործման, այդ կը նշանակէ թէ՝ այդ կողմը կը հետապնդէ «ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՑԵՂԱՅԻՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ»։

      Մենք հայերս այս «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» ստեղծած պէտք է ըլլայինք, համաշխարհային երկրորդ պատերազմի աւարտին 1948ին, երբ ուրիշ ժողովուրդներ հայրենիք չունէին՝ եւ ոչինչէն հայրենիք ստեղծեցին, եւ մենք որ՝ ծաղկած հայրենիք՝ պետականութիւն ունէինք այսօրուայ փոքր հողին վրայ, իսկ այսօր անկախութեան հետ՝ աննշան՝ անկարող՝ անզօր՝ անիշխան՝ անկարեւոր՝ մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը տարագիր դարձած ժողովուրդ, եւ միակ ոյժը որ այսօր ունինք, մեր ցեղասպանութեան նահատակաց ոյժն է, որ մեզ կենդանի կը պահէ եւ մեզի գոյատեւելու յոյս՝ հաւատք եւ ապագային տեսիլք կը ներշնչէ, ուստի՝

1․ Վերացնել Հայաստանեայց Առաքելական Ուղղափառ եկեղեցւոյ երկփեղկումը․

2․ Սփիւռքի  մէջ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» ստեղծել՝ ամենայն գինով․

3․ Սփիւռքի «ՎՏԱՐԱՆԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ» կազմել․

4․ Սփիւռքը ներկայացնող Խորհրդարանը՝ պէտք է օրինաւոր ճանաչողութիւն գտնէ՝ Եւրոպական Միութենէն՝ «ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵՆԷՆ՝ Եւրոպական Դատարանէն՝ «Համաշխարհային Մարդկային Իրաւունքներու դատարանէն», որպէսզի կարենանք

5․ Մարդկային Իրաւունքներու Օրէնքներու վրայ հիմնուելով՝ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ» հաստատենք օրէնքներով եւ ըստ օրէնքներու պահանջել

6․ վնասից հատուցումները, ըլլան անոնք մարդկային՝ հողային եւ նիւթական, ըլլան անոնք շարժական եւ կամ լքեալ գոյքերու։

7․ Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն հետ համագործակցիլ, ինչպէս Յոյներուն՝ Ասորիներուն՝ Գիլտանիներուն եւ ուրիշ ժողովուրդներու հետ։

      Կրկին պիտի կրկնենք՝ որ մեր նպատակը՝ որեւէ մէկը՝ վիրաւորել չէ՝ այս բոլոր սխալները յիշելով, այլ սրբագրել է եւ սփիւռքահայութեան խիղճերը արթնցնել է։ Պահելով ամէն անձ իր կրօնական դաւանութիւնը և քաղաքական գաղափարախօսութիւնը, վասն հայ ազգի և ժողովուրդի գոյատեւման համար։

      Ժամանակն է որ սփիւռքը  «ՄԷԿ ՄԻԱՒՈՐ» դառնայ, ճշմարիտ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» մը ստեղծուի բոլոր կողմերուն միջեւ՝ եւ համատարած համագործակցութիւն մը յառաջանայ՝ ի նպաստ մեր ազգի՝ հայկական ցեղային գոյութեան եւ յաւիտենականութեան համար, ի գին բոլոր այն դժուարութիւններուն որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մեր այս սրբազան նպատակին առջեւ, որն է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ», անշուշտ հիմնուելով՝ մարդկային եւ ազգային արթուն եւ մաքուր խղճին՝ մարդկային տրամաբանութեան եւ հաստատուած՝ կանոններուն եւ աւանդութիւններուն համաձայն։

      Պէտք է փրկենք Սփիւռքը՝ հայ ժողովուրդի «ՑԵՂԱՅԻՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ»համար՝ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ եւ «ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» համար՝ եւ «ԱՐՑԱԽԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ՝ ՎԵՐԱԿԵՐՏՄԱՆ՝ ՎԵՐԸՆԴԼԱՅՆՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԽԱՂԱՂԱՑՄԱՆ» համար։

      Մեծ հայրենասէր՝ եկեղեցասէր՝ ազգային բարերար՝ դպրոցասէր Վահան Շամլեան, որուն մասին արժանաւոր կերպով՝ մեծարանքի գնահատական մը գրած է յարգելի յօդուածագիրը Սարգիս Մաճառեան, ժամանակին հրատարակուող Գրիգոր Շէնեանի «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» շաբաթաթերթի թիւ 21ի համարին մէջ, 4 Մայիս 2006ին, ուր Պրն․ Մաճառեան յօդուածին վերջաւորութեան կը հարցնէ պրն․ Վահան Շամլեանին, ի՞նչ կը մտածէ մեծահոգի բարերարը Հայաստանի եւ հայ Սփիւռքի մասին, իր պատասխանը կ՛ըլլայ՝

ՍՓԻՒՌՔԻՆ ԱՌՋԵՒ ԿԱՅ ՄԷԿ

ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ – ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։

ՄԻԱՅՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԱՅԴ ՈԳԻՈՎ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԱԾ  ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՎ, ԱԹՈՌՆԵՐԸ ԱՆՈՆՑ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ՄԷՋ Է

ՀԱՅՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ

Օգտագործուած Աղբիւրներ

1  «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ»    քննական վերլուծումներու

         Մուշեղ  Արք Սերոբեան Պոսթոն 1916- Տպր Ազգ

2 «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԴԷՄՔԸ» Հրատարակութիւն։

        1 Թեհրանի Հայ Ուսանողական եւ երիտասարդաց Միութիւն 1985

       2․ Թարգմանութիւն, Պարսկերենէ թարգմանուած հայերէնի – Ն․Ա․ Արզումանեան

       3 Հրատարակութիւն Երեւան – 1988 – Հայաստան  

3  «ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ  ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ, ԵՐԿՐՈՐԴ  ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ   ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ  ՏԱՐԻՆԵՐԻՆ»

       ՌՄարտիրոսեան – Երեւան – 1986 – Հայաստան Երրորդ Հրատարակութիւն

4 «ՎԵՐԱԾՆՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» Յունիս 1990 թիւ 6 –Երեւան

5 «ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՈԼԻ ԴԱՇՆԱԳՐԷՆ՝ 1930ի ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Վերգնահատումներ)

                             Հատոր Ա

        ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՕԼԻ ԴԱՇՆԱԳՐԷՆ

ՓԵՏՐ․ 18ի ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Շահան Նաթալի – Մարսէյլ – 1934 Տպ․ Ա․ Արապեան

6  «ԱԼԵՔՍԱՆԴՐԱՊՕԼԻ ԴԱՇՆԱԳՐԷՆ 1930-ի ԿՈՎԿԱՍԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

                         (վերգնահատումներ)

                                   Հատոր Բ

           ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18ի ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵՆԷՆ

                  ՊՐՕՄԷԹԷԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ

   Շահան Նաթալի – Մարսէյլ – 1935 Տպ Ա Արապեան

7  «ՎԵՐՍՏԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԵՐՈՒ»

     Շահան Նաթալի – Պոսթոն – 1955 – Տպր Պայքար

8  «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» Ռուբինա Փիրումեան – Երեւան – 2000

9  «ԱՄԷՆՈՒՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»

     – Կարօ Գէորգեան – Պէյրութ – 1954

     – Կարօ Գէորգեան – Պէյրութ – 1965

10 «ԹԻՒՐՔԻԶՄԸ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԲԱԳՈՒ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ    ՕՐԻԷՆԴԱՍԻՕՆ»

       Շահան Նաթալի – Աթէնք – 1928 – Տպ Նոր Օր

11 «ԹՈՒՐՔԵՐ ԵՒ ՄԵՆՔ» Նեմեսիս – Շահան Նաթալի – Աթէնք – 1928 – Տպգ Նոր Օր

12  «ՀՅԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻ ԱՅԼԵՒՍ»

        Յովհաննէս Քաջազնունի – Վիեննա – 1923

13. «ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆ ՍՆԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԻՐԱՒ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ»

       Խոսրով Թիւթիւնճեան – Պէյրութ – 1959 – Տպր․ Սեւան

14․  «ԼՈՒՍԱՐՁԱԿ» Թորգոմ Վեհապետեան – Պէյրութ – 1982

15․  «ԻՐԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ» Թորգոմ Վեհապեեան – Պէյրութ – 1987

16․  «ՀԱՅԱՑՔ ԱՆՑՅԱԼԻՆ ՀԱՆՈՒՆ ԱՅՍՕՐՎԱ ՈՒ ՎԱՂՎԱ» Ստեփան Պօղոսեան – Երեւան – 2002

17․  ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ՄԷԿ ԴԱՐՈՒ  ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ

         Դ․ Հատոր Հայ Սփիւռքը

            Լեւոն Չորմիսեան – Պէյրութ 1975 – Տպ․ Կ․ Տօնիկեան

18․  «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐԸ» Անդրանիկ Ծառուկեան – Հալէպ – 2000

19․  «ԱՌԿԱՅԾՈՂ ՀԱՅԵՐ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԼՈՅՍԵՐՈՒՆ ՄԷՋ» Անդրանիկ Ծառուկեան – Պէյրութ – 1999

20․  «ԴԱՄԱՍԿՈՍԵԱՆ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»

        Ա․ Թադէոսեան – Զարթօնք – 4 Յունուար 1963

21․  «ՆԱՅԻՐԻ» Շաբաթաթերթ Խոսրով Թիւթիւնճեան

        Ժ․Զ․ թիւ 35 Կիրակի 2 Փետրուար 1969

22․  «ՊԱՅՔԱՐ» Շաբաթաթերթ Վարդգէս Գուրուեան Թիւ 132-134-2019

23․ «ՊԱՅՔԱՐ» Շաբաթաթերթ Հերմինէ Զամանեան Թիւ 207 – 7 Դեկտեմբեր 2020

24․  «ՀԱՍԿ՛ Ամսաթերթ Թիւ 195 Հոկտեմբեր

25․  «ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ» Շաբաթաթերթ Սարգիս Մաճառեան 4 Մայիս 2006

26.  «GOETZEN DAEMMERUNG» Friedrich Wilhelm Nietsche 1889

«Նոր Աշխարհ»
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին