Յուշեր և Մանրապատումներ
Կերպար Զ.
«Մեծագործ»՝ Ընկեր Ա.Թ.-ն
Տարիներ առաջ էր, տակաւին նոր նշանակուած էի «Զարթօնք»ի խմբագիր երբ որոշեցի խմբագրատան մէջ բացի թղթային արխիւի սենեակէն, նաեւ ունենալ մշակութային անկիւն մը: Նպատակը՝ այնտեղ ցուցադրել էր, մեր թերթին պատմութիւնը, անոր հրատարակութեան հետ կապուած կապարէ ու մետաղէ՝ գրաշարութեան յատուկ տարբեր ժամանակներու ընթացքին օգտագործուած տառեր, տպարանային փոքր գործիքներ, մետաղէ քլիշեներ, եւայլն:
Պատանեկութենէս իվեր «Զարթօնք»ին աշխատակցած ըլլալու հանգամանքովս, լաւ գիտէի, որ անոր տպարանը ի՛նչ տեսակի պատմամշակութային արժէքներ կը պարփակէ: Սակայն վերջին տասնամեակներուն, համակարգչային շարուածքով արտադրուելէ ետք, չէի իջած Թէքէեան Կեդրոնի ստորգետնեայ երկրորդ յարկին վրայ գտնուող մեր հին ու սրտամօտիկ՝ մելան բուրող տպարանը:
Վերելակը վերցնելով իջայ գետնայարկ: Այնտեղ ամէն ինչ հիմնովին փոխուած գտայ: Ո՛չ մէկ բան անցեալին կը նմանէր: Չկար նաեւ տպարանը: Փոխարէնը՝ շէնքին գրասենեակներուն վարձու տրուող յատուկ գծագրուած ինքնաշարժներու կանգառներ, համապատասխան իրեր, ներկ եւ լուսաւորում:
Լացս եկաւ: Վազելով ու շնջասպառ վազեցի երկրորդ յարկ ընկեր Ա. Թ.-ն գտնելու: Զինք տեսայ միջանցքին մէջ ու գոռացի. «ի՞նչ ըրած էք մեր տպարանին հետ: Ո՞ւր է անոր բովանդակութիւնը: Յոյսով եմ, որ տեղ մը ապահով պահած էք ու չէք թափած…»:
Մեր ընկեր Ա. Թ.ն, դէմքին վրայ գծագրելով «մեծագործի» ժպիտ մը պատասխանեց. «Ընկեր, խե՞նթ եմ, որ թափեմ…»: Դժուար է այստեղ նկարագրել, որ վայրկեանի մը համար ինչքա՜ն ուրախացայ: Կ՛ենթադրեմ վիճակահանութիւն մը շահողի զգացումը նմանօրինակ կ՛ըլլայ: Հրճուանքս տեւեց ընդամէնը վայրկեան մը երբ ընկեր Ա. Թ.-ն մեծագործ իմաստունի իր ոճով շարունակեց. «Ընկեր, ինչպէ՞ս թափէի: Բոլորը ծանր կշռող կապարներ ու մետաղներ էին: Ինչո՞ւ թափեմ: Բոլորն ալ քիլոյով ծախեցինք ընկեր Ն.Խ.-ին թելադրութեամբ…»:
Ինծի ընդամէնը կը մնար անիծել, որ գետինը մտնեն այդ մարդակերպ մշակութասպանները իրենց տգիտութեամբ մէկտեղ: Իրենց նման միջակութիւններուն նմանօրինակ արժէքներ վստահողներուն հետ միատեղ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Յաջորդիւ՝
ԿԵՐՊԱՐ Է.
«Փրակմաթիք»՝ Ընկեր Ն.Խ.-ն






