Յանուն արդարութեան, այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով անգամ մը եւս կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինին բոլոր անդամներուն, որոնք իրենց ժրաջան եւ լիբանանահայութեան հանդէպ յատուկ հոգածութիւն ու ներդրում ունեցող Թէրզեան ընտանիքի արժանաւոր զաւակ՝ Պրն. Պետրոս Թէրզեանին գլխաւորութեամբ, այս տխուր օրերուն իրենց լաւագոյնը կ՛ընեն հասնելու նաեւ լիբանանահայութեան պէտքերուն, հիմնադրամին միջոցով օգնութեան ձեռք մեկնելով դժուարին կացութեան մատնուած համայնքին: Այս առիթով, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմնի ժրաջան ներկայացուցիչ՝ Պրն. Գրիգոր Թէրզեանին, իր ազգանուէր հետեւողական աշխատանքին համար:
Շնորհակալութիւն նաեւ ֆրանսահայութեան, որոնք իրենց լուման չեն խնայեր հասնելու իրենց հոգեհարազատ համայնքին պէտքերուն:
Ֆրանսահայ համայնքը իր ազգային պարտականութեան հաւատարիմ, միշտ նեցուկ է նաեւ Մայր Հայրենիքին, Հայաստանի մէջ զանազան ծրագիրներ իրագործելու ազնիւ առաքելութեամբ:
Խմբ.
Հաղորդագրութիւն
Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը (Fond Armenien de France) վերահաստատեց իր հաստատուն աջակցութիւնը Լիբանանի հայ համայնքին՝ 2026 թուականի Մարտ ամսուան սկիզբը տրամադրելով 100,000 տոլարի նիւթական օժանդակութիւն՝ ուղղուած երկրի 16 հայկական ուսումնական հաստատութիւններուն։ Այս նշանակալի ներդրումը նպատակ ունի ապահովելու վարժարաններու անխափան գործունէութիւնը եւ պահպանելու կրթութեան բարձր որակը՝ ներկայիս առանձնայատուկ դժուար պայմաններուն մէջ։ Նշեալ աջակցութիւնը կը փոխանցուի Երեւանէն՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին եւ գործակցութեաբ Համահայկական Հիմնադրամին Լիբանանի մարմինի միջոցով։
2019 թուականէն ի վեր, Հայաստան Հիմնադրամը հետեւողական կերպով կը կանգնի Լիբանանի հայ համայնքին կողքին՝ դիմակայելու երկրին վրայ ազդեցութիւն ունեցած բազմաթիւ ճգնաժամերը, ներառեալ՝ Քովիտ-19 համաճարակը, 2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումը, դրամատնային համակարգի փլուզումը եւ անոր յաջորդած ծանր ընկերային-տնտեսական պայմանները։ Այս բոլորին այսօր կը միանան շարունակուող պատերազմական եւ տարածաշրջանային լարուածութիւնները, որոնք կը շարունակեն խորացնել երկրի փխրուն իրավիճակը։
Կրթական ոլորտին ուղղուած աջակցութեան զուգահեռ, Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամը 2022 թուականէն ի վեր կը ֆինանսաւորէ նաեւ մասնագիտական վերապատրաստման նպատակային ծրագիրներ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, որոնք կը գործադրուին Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանին հովանաւորութեամբ։ Ծրագիրները կը ներառեն խնամատարութեան եւ մարդասիրական աջակցութեան սկզբուքներու ուսուցում, խնամատարներու եւ ատամնաբուժական օգնականներու պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայիս ընթացքի մէջ գտնուող ընկերային ցանցերու մէջ մարքեթինկի (marketing) դասընթացքներ։
Այս նախաձեռնութիւնները իւրաքանչիւր փուլին մօտ քսան երիտասարդներու կ՚ընձեռեն մասնագիտական հմտութիւններու ձեռքբերման եւ աշխատանքի շուկայ յաջող ներգրաւման իրական հնարաւորութիւններ։
Լիբանանի Հայաստան Հիմնադրամին յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ ամբողջ Լիբանանի հայ համայնքը, կը յայտնեն իրենց խորին երախտագիտութիւնը այս կարեւոր աջակցութեան համար, որ իրականութիւն դարձած է Ֆրանսայի Հայաստան Հիմնադրամի շարունակական նուիրումին, ինչպէս նաեւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործուն մասնակցութեան շնորհիւ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմին






