Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Զատիկ Խանզատեան

Զատիկ Խանզատեան (3 Ապրիլ 1886, Մանիսա – 25 Յունուար 1980, Փարիզ), ֆրանսահայ քարտէսագէտ:

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք կ’անցնի Զմիւռնիա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։ 1903-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր, նախ կ’ընդունի Պրեսթի ծովային վարժարանը, եւ ապա կ’անցնի Փարիզ, ուր իր մասնագիտութեան գծով կը հետեւի նաւագնացութեան բարձրագոյն եւ Ֆրանսայի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր անձնակազմի կրթական հաստատութիւններու դասընթացքներուն, ու կը վկայուի իբրեւ ճարտարագէտ ջրագիտութեան, միաժամանակ ստանալով հրամանատարի կոչում: 1911-ին, թրքական կառավարութեան կողմէ կը հրաւիրուի Կ. Պոլիս, եւ պաշտօնի կը կոչուի Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու վարչութեան մէջ։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, պուլկար բարձրաստիճան սպաներու օգնութեամբ կ’ապաստանի Պուլկարիա: Զինադադարին կ’անցնի Սալոնիկ, ապա՝ Փարիզ, ուր 1919-ին կը մասնակցի հաշտութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Փարիզի մէջ, իր նախկին ուսուցիչներուն աջակցութեամբ ան լայն ասպարէզ կը գտնէ Ֆրանսայի ծովային նախարարութեան մէջ, աշխատելով որպէս քարտէսագէտ: Ազգերու լիկային մէջ կը վարէ աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտի պաշտօնը: 1920-1930 թուականներուն, իր պատրաստութեամբ կը հրատարակուին թուրքիոյ տնտեսական աշխարհագրութեան, Ալճերիոյ պատմական աշխարհագրութեան, Պաղեստինի տնտեսական աշխարհագրութեան եւ այլ ատլասներ: Համաշխարհային Բ. Պատերազմին տարիներու կը մասնակցի Ֆրանսայի դիմադրական շարժումներուն:

Հակառակ ասպարէզին պահանջած բազմազբաղ ժամանակացոյցին, Զատիկ Խանզատեան մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսահայ ազգային եւ հասարակական կեանքին: Իր հիմնադրութենէն (1928) մինչեւ 1952, ան կը վարէ նաեւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանի քաղաքային տեսուչի պաշտօնը:

Զատիկ Խանզատեան գլխաւոր նպաստը հայագիտութեան կը հանդիսանայ Պատմական Հայաստանի քարտէսագրութեան մէջ ունեցած իր վաստակը:1920-ին կը հրատարակէ 25 քարտէսներէ բաղկացած ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍը, իսկ 1960-ին՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍԸ:

1967-ին ան կ’ընտրուի հայկական ՍՍ Հանրապետութեան գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:

Զատիկ Խանզատեան կը մահանայ 25 Յունուար 1980-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին