spot_img

Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք. Կերպար Դ

Յուշեր և Մանրապատումներ

Անմիջական ու Ժողովրդական՝ Ընկեր Ա.Պ.-ն

1982 թուականի ամառն էր, ես՝ 11 տարեկան, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի նոր շրջանաւարտ: Աշակերտական խումբով մը ինծի բախտը վիճակուած էր այցելելու Խորհրդային Հայաստան, ուր՝ գեղատեսիլ եւ առողջարար Հանքաւանի շրջանին մէջ՝ երեք շաբաթ պիտի մասնակցէի աշխարհի բոլոր ծագերէն այնտեղ ժամանած հայ հասակակիցներու՝ աշակերտական ճամբարին:

Անմոռանալի երեք շաբաթներէ ետք, մեզի տեղափոխեցին Երևան, քանի մը օր ալ այնտեղ անցնելու, իւրաքանչիւրս՝ իր Հայաստաբնակ հարազատներուն հոգատարութեամբ: Միակ պարագան չէի, անշուշտ, սակայն Հայաստաբնակ մեր այսպէս կոչուած հարազատները չեկան ինձ տանելու, քանի առաջին օրերուն Հանքաւանի մէջ ինձ հանդիպելով, ըստ տեղական «բարի» բարքերուն՝ կողոպտած էին զիս, եւ ըստ երեւոյթին երես չունէին ինձ դարձեալ տեսնելու: Մնացի Զէյթունի ուսանողական հանրակացարանը:

Առաւօտ մը, աւելի լաւ բան մը ընել չունենալուս պատճառով, որոշեցի հանրային փոխադրակառքով իջնել Երեւանի կեդրոն եւ այնտեղ անցնել օրս: Կանգնած էի հրապարակին վրայ գտնուող Լենինի արձանին շուքին տակ ու կը դիտէի հրապարակին անցուդարձը: Յանկարծ, եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն, այդ միլիոնանոց քաղաքին մէջ, դէմս ելաւ (այն ժամանակ տակաւին ինձ համար պարոն) ընկեր Ա. Պ.-ն, որ իր կարգին Հայաստան կ՛այցելէր:

Ողջագուրուեցանք: Իրեն յատուկ անմիջական ոճով ըսաւ. «տղայ. ի՞նչ կ՛ընես մինակդ այստեղ»: Բացատրեցի պարագաս: Իբրեւ հոգատար հայր եւ ուսուցիչ, անմիջապէս յորդորեց ընկերանամ իրեն, որպէսզի ապահով եւ անփորձանք օր մը ունենամ:

Միասին Երեւանի փողոցներով անցնելու պահուն, խոշոր մարդ մը կանգնեցուց մեզի: Փաթթուելով սրտագին եւ բարձրաձայն ողջունեց ընկեր Ա. Պ.-ին, հինէն-նորէն հարցեր տուաւ: Լիբանանի վիճակին մասին հետաքրքրուեցաւ եւ յուզուեցաւ, ապա անմիջապէս «հրահանգեց» մեզի երթալ միասին՝ իր լեզուով՝ եւ այն ժամանակ ինձ համար տարօրինակ հնչող «Հաց ուտելու»:

Հիւրանոցի մը  ճաշարանն էր կարծեմ, եթէ լաւ կը յիշեմ: Հոն միասին կերանք, իրենք ուրախ կենացներով խմեցին: Պահ մը մեր հիւրընկալը ներողութիւն խնդրելով, միշտ իր բառերով՝ գնաց զուգարան: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ առիթ էր, ընկեր Ա.Պ.-ին շատոնց ունեցած հարցումս հարցնելու: Մեր դպրոցը պետական գրանցումով, ունէր պետական որոշ հովանաւորութիւն, որուն պատճառով, տարին գոնէ մէկ անգամ պետական քննիչներ կ՛այցելէին դպրոց, մտնելով նաեւ դասարաններ: Մեզի յայտնի, էր որ նախապէս նշուած այդ օրը, սուրիահայ կամ ոչ լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող՝ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ բացակայ կ՛ըլլային, քանի օրէնքը կ՛արգիլէր զիրենք աշխատիլ: Մեր կողմէ, որպէս հալէպահայ նկատուած միայն ընկեր Ա. Պ.-ն էր, որ ճակատաբաց կը դիմաւորէր հիւրերը: Դպրոցին մէջ միասին կը շրջագայէին: Կ՛այցելէին դասարաններ, մինչ ընկեր Ա.Պ.-ն սիրալիր կը խօսակցէր հիւր քննիչներուն հետ, որոնք սկզբունքով եկած պէտք է ըլլային, իր նմանները յայտնաբերելու…:

Ուրեմն օգտուելով ընկեր Ա.Պ.-ին լաւ տրամադրութենէն, ու շահագործելով իր այդ օրուայ մտերմութիւնը դեռ նոր նախակրթանաւարտիս հետ, համարձակութիւնը ունեցայ իրեն այս նիւթը բանալու, հարցնելով, որ նախորդող տարիներու այդ այցելութիւններու ընթացքին, ինչպէ՞ս կը համարձակէր նման իրավիճակի մէջ գտնուիլ: Ժպտալով ու մազերս շոյելով ըսաւ. «Լսէ ճահել, երբ քաջաբար վտանգ մը դիմակալես, ան կը դադրի վտանգ հանդիսանալէ: Առաւել եւս, այդ խեղճ մարդոց  մտքէն վերջին անցածը պիտի ըլլար, զիրենք այդպէս գրկաբաց ընդունողին հպատակութեանը վրան կասկածիլ, կամ անցնագիր պահանջելով քննութիւն բանալ իրեն հետ…»: Հաճելի էր ընկեր Ա.Պ.-ին մտերմութիւնն ու դաստիարակիչ անկեղծութիւնը:

Պահ մը լռեց ու աւելի լայն ժպիտով մը, իմ կողմ դարձաւ ու ըսաւ. «Քանի այսքան հետաքրքրասէր ես, մեր հիւրընկալը զուգարանէն չվերադարձած, ըսէ նայիմ ինծի. Դուն նշմարեցի՞ր, որ տեսակցութեան ամբողջ ընթացքին ես այս մարդուն անունը չտուի»: Անդրադարձայ, որ ճիշտ էր. «Ըսի կը ներէք չէի անդրադարձած, բայց իրապէս, ինչո՞ւ անունը չէք տար»: Խորհրդաւոր ժպիտով մը պատասխանեց. «Քանի, որ իրականութեան մէջ ես այս մարդուն ուր տեսած ըլլալս չյիշեցի, ոչ ալ ճանչցայ, զինք սակայն քանի ինք ինձ ճանչցաւ, չուզեցի իրեն յուսախաբ ընել»….:

Աստուած հոգին լուսաւորէ մեզմէ շատոնց բաժնուած պարոն՝ աւելի ուշ արդէն ընկեր Ա.Պ.-ին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաջորդիւ՝

ԿԵՐՊԱՐ Ե.

«Մէկ Հատիկ»՝ Ընկեր Յ. Գ.-ն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին