Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Նամակ Ամերիկայէն – 19 –

Ո՞վ Կորսնցուց Աֆղանիստանը

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անդրդուելի մնաց ամերիկեան ուժերը Աֆղանիստանէն վերցնելու իր որոշումին վրայ: Իրեն դէմ բանաձեւուած բոլոր քննադատութiւններուն դիմաց ան բազմիցս հաստատեց, թէ պատմութիւնը պիտի բացայայտէ իր այս որոշումին իմաստութիւնը: Վերջին քսան տարիներուն արդարեւ, հինգ իրարայաջորդ նախագահ՝ հինգ տարբեր մօտեցում որդեգրեցին Աֆղանիստանի նկատմամբ: Այս երեւոյթը կը բնորոշէ անհերքելի այն իրողութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներուն կը պակսէր զինուորական առաքելութեան յստակ եւ հետեւողական վարքագիծ մը:

Աւելի քան 775 հազար ամերիկացի եւ դաշնակից երկրներու զինուորներ ծառայեցին պառակտուած այս երկրին մէջ: Շուրջ 2,750 ամերիկացի զինուորներ կորսնցուցին իրենց կեանքը եւ բազմահազար ուրիշներ վիրաւոր վերադարձան պատերազմի դաշտէն բժշկական խնամք ստանալու:

Նախագահ Պայտնի որդեգրած այս որոշումը դրական ընդունելութեան արժանացաւ Ամերիկայի հանրային կարծիքին կողմէ: Նոյնիսկ պահպանողական քաղաքական հոսանքին պատկանող աչքառու ղեկավարներ քննադատութեան թիրախ չդարձուցին նախագահը:

Այսուհանդերձ, «Աֆղանիստանը ո՞վ կորսնցուց» թնճուկը կը շարունակուի վերլուծումի երթարկուիլ ամերիկացի մեկնաբաններու կողմէ: Նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփը իր պաշտօնավարութեան չորրորդ եւ վերջին տարուան ընթացքին, Ամերիկեան ուժերը ասիական այս երկրէն հեռացնելու առաջադրութեամբ արդեն ժամանակացոյց մը պատրաստած էր եւ զայն հրապարակած ի հեճուկս Փենթակոնի ղեկավարութեան խորունկ վերապահութեան: Նախկին նախագահ Թրամփ նաեւ արագացուցած էր Աֆղանիստանի տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու աշխատանքը՝ աշխուժ բանակցութիւններ վարելով Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ՝ Թալիպանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Այս գործընթացէն դուրս ձգուած էր Քապուլի կառավարութիւնը: Երբ բանակցութիւնները անընդհատ կը շարունակուէին, հազարաւոր թալիպան բանտարկեալներ ազատ կ՛արձակուէին, հակառակ Աֆղան կառավարութեան բողոքներուն եւ ընդվզումին:

Միացեալ Նահանգներու ներկայութիւնը եւ հակաթալիպանական գործողութիւնները Աֆղանիստանի հողատարածքին վրայ այդքան ալ չէն տարբերիր Սովետական Միութեան տասը տարիներու, 1979-էն մինչեւ 1989, ապարդիւն եւ կործանարար զինուորական գործողութիւններու անփառունակ արդիւնքէն:

Քսան օրերու զինուորական յառաջխաղացքի ընթացքին, թալիպանի զինեալ ուժերը, թէեւ անկազմակերպ, սակայն կայծակի արագութեամբ գրաւեցին Աֆղանիստանի գրեթէ բոլոր կարեւոր նահանգները: Հասնելով մայրաքաղաքի անմիջական մերձակայքը՝ Թալիպանի ռազմիկները դադրեցուցին իրենց զինուորական գործողութիւնները: 48 ժամուան օղակի տակ առնելէ ետք մայրաքաղաք Քապուլը, անոնք առանց ամենադոյզն դիմադրութեան մուտք գործեցին, երբ նախագահ Աշրաֆ Ղանի իրեն հաւատարիմ գործակիցներուն ընկերակցութեամբ յատուկ օդանաւով փախուստ տուաւ:

Հետեւաբար, Թալիպան առանց մեծ ճիգի վերահաստատեց իր իշխանութիւնը բովանդակ Աֆղանիստանի հողամասին վրայ 20 տարիներ ետք, երբ նախագահ Պուշ պատերազմ յայտարարած էր, որուն որպէս արդիւնք, ամերիկեան բանակը գըաւեց երկիրը, աքսորելով թալիպան իշխող տարրը:

Թալիպանի գումարտակները ոչ միայն Աֆղան ազգային բանակին կողմէ ընդդիմութեան չհանդիպեցան, այլ տէր դարձան պատերազմի դաշտը լքող աֆղան զինուորներուն պատկանող ամերիկեան արդիական եւ մեծաքանակ զէնքերուն եւ զինամթերքին:

Ամերիկեան արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն Թալիպանի պատկանող զինեալ ուժերը տիրացան աւելի քան երկու հազար զրահապատ կառքերու, 40 ինքնաթիռներու, որոնց կարգին մահասփիւռ Black Hawks, եւ երկոտասնեակ մը տրոններու: Աւելի քան 600 հազար M16 տիպի զէնքեր եւ 162 հազար հաղորդակցութեան գործիքներ, 16 հազար գիշերային գործածութեան համար պատրաստուած հեռադիտակներ Թալիպանի սեփականութիւնը դարձած են այսօր:

Սակայն ֆինանսական գետնի վրայ Թալիպանը այսքան առատ բերք չունեցաւ: Երկրին գանձարկղին մէջ միայն 1.6 միլիառ տոլար առկայ էր, երբ Թալիպանը մուտք գործեց Քապուլ: Ամերիկեան կառավարութիւնը զինուորական բոլոր ծախսերը հոգալէ ետք, նաեւ Աֆղանիստանի ազգային պիւտճէին 80 առ հարուրը հայթայթած է: Թալիպանի իշխանութեան եկած օրն իսկ, Ուաշինկթընը սառեցուցած է Աֆղանիստանի պատկանող 9.5 միլիառ տոլարի գումար մը: Գերմանիան, որ իր կարգին տարեկան 500 միլիոն կը յատկացնէր առկախած է տնտեսական այս օժանդակութիւնը, մինչ եւրոպական միութիւնը՝ 1.4 միլիառ տոլարի իր խոստումը յետաձգած է անորոշ ժամանակով:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ Մնայուն ներկայացուցիչը ողջունելով Թալիպանի Քապուլ մուտքը յայտարարեց թէ երկիրը փայլուն ապագայի մը վաղորդայնին կը գտնուի: Մինչ արեւմտեան դեսպանատուները փութկոտ կը ջանային իրենց անձնակազմերը դուրս բերել մայրաքաղաքէն եւ ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնեաները անդադար կը հրկիզէին զանազան փաստաթուղթեր, Քապուլի Ռուս դեսպանը նշեց, թէ Թալիպանի զինեալները սովորական մահկանացուներ էին, որոնք մայրաքաղաքը աւելի ապահով դարձուցած էին: Նախագահ Փութինը սակայն, աւելի զուսպ արտայայտուեցաւ՝ ընդգծելով այն իրողութիւնը թէ Թալիպանը այսօր իրականութիւն մըն է եւ “Մենք ճանչնալու ենք”: Սակայն այս չի նշանակեր թէ Չինաստանի նման, ռուսական դաշնակցութիւնը դիւանագիտական ճանաչում շնորհած է Թալիպանին, իբրեւ պաշտօնական պետականութիւն: Նման քայլ մը կանխահաս է տակաւին, որովհետեւ, Թալիպանական շարժումը «միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւն» մակդիրը կը կրէ: Սակայն հոս անհրաժեշտ է յիշել թէ վերջին հնգամեակին Մոսկուա միջնորդի դեր կատարած էր Թալիպանի եւ Քապուլի իրարայաջորդ կառավարութիւններուն միջեւ, քաղաքական լուծումը մը  գտնելու համար տարիներէ ի վեր շարունակուող տագնապին:

Թալիպանի յաջողութիւններէն ետք եւ երբ մայրաքաղաքը նուաճեցին, Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սէրկեյ Լաւրով հետեւեալ հետաքրքրական յայտարարութիւնը կատարած է. «Անոնք խելքը գլուխը անձինք են: Ոչ մէկ խնդիր պիտի յարուցանեն դրացի երկիրներու հետ եւ անզիջող պայքար պիտի մղեն Տաէշի դէմ: Թալիպանը նաեւ պատրաստ է բանակցութիւններ վարելու բոլոր կողմերուն հետ՝ նոր կառավարութեան մը կազմութեան շուրջ»: Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը ի վիճակի է նման հաւաստիացումներ կատարելու, որովհետեւ, միայն ամիս մը առաջ էր նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ան դռնփակ խօսակցութիւններ ունեցաւ բարձրաստիճան Թալիպաններու հետ:

Նման շփումներ տեղի ունեցած են 2017 էն սկսեալ: Սակայն քաղաքական այս սիրաբանութիւնը նորօրեայ երեւոյթ մը է: Արդարեւ 2000 թուականին, երբ Թալիպան իր հակակշիռին տակ առած էր Աֆղանիստանի երկու երրորդը, գործօն մասնակցութիւն ընծայեց Չեչեն ահաբեկիչներ մարզելու գործընթացին եւ ծիծաղելիօրէն ճանչցաւ Չեչնիօ «անկախութիւնը»:

2001 դուկանի սեպտեմբերի 11-ի ահաբեկչութեան արարքներէն ետք, նախագահ Փութին որոշած ըլլալով հաճելի  թուիլ արեւմուտքին, թոյլատրած էր ռուսական օդային միջոցին գործածութիւնը ՆԱԹՕ-ի ուժեորւն կողմէ եւ համաձայն գտնուած էր արեւմուտքի պատկանող փոքր զինուորական ներկայութիւն մը դրացի երկիրներու մէջ, որոնք բացայայտօրէն մաս կը կազմեն Ռուսիոյ ազդեցութեան գօտիին: Սակայն երն արեւմուտքը հանդուրժեց Աֆղանիստանի մէջ թմրեցուցիչի մշակման եւ արտածման, Ռուսիան դարձնելով աշխարհի մեծագոյն շուկան աֆղանական թմրեցուցիչներու, պատկերը շրջուեցաւ:

Քրեմլին սպասողական դիրքի մէջ է այսօր: Անոր առաջնահերթ մտահոգութիւնը՝ Չինաստանի եւ Միացեալ նահանգներու նման կտրուկ կերպով կանխել է ծայրայեղ իսլամականութեան տարածման: Աֆղանիստանի սահմանակից նախկին երեք հանրապետութիւնները, շուրջ 72 միլիոն բնակչութեամբ հարուստ թիրախ մը կը ներկայացնեն Թալիպանի շարժումին դաշնակից զինեալ խմբաւորումներուն համար: Քրեմլինը վերջին տասնամեակին նշանակալի տնտեսական եւ զինուորական ներդրումներ կատարած է Աֆղանիստանի սահմանակից երեք նախկին սովետ հանրապետութիւններու մէջ. Տաճիկիստան, Իւզպէքիստան եւ Թուրքմենիստան: Առ այդ, ռուսական ազդեցութիւնը մեծապէս զգալի է:

Արդարեւ Թալիպանի դերը իբրեւ Աֆղանիստանի ներկայ պետութիւնը բաւականին խնդրական հարց է իբրեւ կայուն կառավարութիւն: Եթէ Քապուլի նոր ղեկավարները կառավարեն կեդրոնէն, այլ խօսքով որդեգրէն չափաւորական վարքագիծ, կառավարութեան կազմեն ներս առնեն քաղաքական չէզոք եւ փորձառու անձեր, ինչպէս նախկին նախագահ Համիտ Քարզայ եւ իրենց հետ Քապուլի անկեալ կառավարութեան բանագնաց Տոքթ. Ապտալլա Ապտալլան եւ մանաւանդ իգական սեռի պատկանող որակաւոր դէմքեր, Թալիպանի պահպանողական թեւը որոշապէս «խաչակրութիւն» պիտի յայտարարէ եւ զինակցելով Տաէշի զանազան խմբաւորումներուն հետ, պիտի փորձէ Թալիպանի իշխանութիւնը անկայուն դարձնել:

Քանի մը օրեր առաջ, ռուսական օդուժին պատկանող չորս բեռնատար օդանաւեր անշշուկ՝ հինգ հարիւր ռուս քաղաքացիներ դուրս բերին Աֆղանիստանէն: Երեւութապէս, այս արարքը խոտոր կը համեմատի ռուսիոյ ցուցաբերած քաջալերական կեցուածքին՝ Թալիպանի Քապուլ մուտքին կապակցութեամբ: Մոսկուան մտահոգուած է այն հաւանականութեամբ, թէ անկայուն կացութիւն մը  քաղաքացիական պատերազմի կրնայ առաջնորդել Աֆղանիստանը: Պիտի ստեղծէ գաղթականական տագնապ: Երկիրը լքող աֆղանները ապահովութիւն պիտի փնտռեն վերոյիշեալ նախկին սովետական իսլամ երկրներուն մէջ, որոնց տնտեսութիւնը արդէն իսկ տկար է եւ երաշտը՝ լուրջ վնաս հասցուցած է երկրագործութեան: Առաւել, Մոսկուան լուրջ կերպով մտահոգուած է՝ գաղթականներու շարքերուն մէջ նաեւ կրնան սպրդիլ ծայրայեղական իսլամիստ տարրեր, որոնք կրնան անկայունացնել վերոյիշեալ այս սահմանակից երկիրները: Առ այսօր, Աֆղանիստանի 39 միլիոն բնակչութեան տասը առ հարիւրը գաղթական դարձած է եւ արեւմուտքը առաջնորդութեամբ Միացեալ նահանգներու, շուրջ 125 հազար աֆղաններ դուրս բերած է երկրէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին