Չորեքշաբթի, 15. 04. 2026

spot_img

Ս. Զատկուան Ճշմարտութիւնը՝ Վիրաւոր Աշխարհի Մը Մէջ

«Ե՛ս եմ՝ մի՛ երկնչիք» «Ես եմ՝ մի՛ վախնաք» (Յովհ. Զ, 20)։

Սուրբ Զատիկ է՝ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը։ Հայոց քրիստոնէու­թեան դարձի վաղագոյն շրջաններէն նաեւ այսօր, զայն բերկրանքով զեղուն աւետի­սին սա խօսքերով կ’ողջունէ հայ մարդը աշխարհի չորս ծագերուն.

Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Ս. Զատիկը կեանքի, ճշմարտութեան եւ յոյսի տօնն է․ իրադարձութիւն մը, որ մեզ կը հրաւիրէ ոչ միայն ուրախանալու, այլեւ աչալուրջ դիտելու մեր կեանքը եւ աշխար­հի իրականութիւնը։ Այսօր, երբ շուրջ 8,3 միլիառ մարդ կը բնակի մեր երկրագուն­դին վրայ, աւելի քան երբեք կը զգանք մարդկային կեանքին գերագոյն արժէքն ու վսեմութիւնը, բայց, ափսոս, միաժամա­նակ՝ անոր խոցելի դիւրաբեկութիւնը։ Մարդիկ միայն թիւեր չեն, այլ կեանքեր, անհատական ճակատագրեր՝ առլցուն յոյ­սերով, սիրով, արարելու ցանկութիւննե­րով եւ ապագայի ակնկալիքներով։ Իւրա­քանչիր կեանք ինքն իր մէջ անփոխարի­նելի արժէք մըն է, իւրաքանչիւր մարդ ան­հուն տիեզերք մըն է իր Արարիչին շունչը կրող, օծուն՝ աստուածանմանութեան պատկե­րով։

Այնուհանդերձ, այս անհամար բազմութեան՝ 8,3 միլիառ մարդկութեան ճակատագիրը կը գտնուի համեմատաբար շատ աւելի փոքրաթիւ քաղաքական գործիչներու, այսպէս կոչ­ուած երկիրներու եւ ազգերու ղեկավարութիւնը ստանձնած պետական այրերու ձեռքը։ Անոնք են, որ կը վճռեն պատերազմի եւ խաղաղութեան բարակ սահմանագիծը, եւ իրենց բազմատեսակ շահերէն թելադրուած որոշումներով ազգերու եւ երկիրներու միջեւ կը հրահրեն կործանարար հակամարտութիւններ, կը սփռեն մահ ու աւեր, ծաղկուն եւ շէնշող քաղաքներ կը վերածեն աւերակոյտերու՝ մատնելով միլիոնաւոր կեանքեր անասելի տա­ռապանքի ու անդառնալի կորուստներու։

Այս դաժան իրողութեան դիմաց, մինչ մարդկութեան ճնշող մեծամասնութիւնը խաղա­ղութեան վերջնական իրականացումին եւ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւուն­քին կը ձգտի, Երկիր մոլորակին վրայ տարուէ-տարի կը շարունակուին իրարայաջորդ պա­տերազմները՝ իբրեւ մարդկութեան երեսին «դամբանի սեւ մրուր»-ով գրուած անխուսա­փելի ճակատագիր մը, որմէ կարծէք անկարելի դարձած է խուսափիլ։ Միլիոնաւոր ձայներ լռութեան կը մատնուին թնդանօթներու ահեղ որոտումներուն մէջ, եւ տառապող ժողո­վուրդներու մինչեւ երկինք բարձրացող աղաղակը ցաւօք կը մնայ անլսելի։ Ահա այս հա­կասութիւնն է, որ մեզ կը մղէ վերաքննելու մեր ընկալումը քաղաքական պատասխա­նատւութեան եւ ժողովրդավարութեան իսկական էութեան մասին։

Ակամայ հարց կու տամ․ ի՞նչ է ժողովրդավարութիւնը, եթէ ոչ ընտրական համակարգ մը, որ ձայնի իրաւունք կու տայ ժողովուրդին՝ դրսեւորել կարենալու համար իր կամքը երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հասարակական եւ յարակից բազմաթիւ հար­ցերու բարօր ղեկավարումը՝ վստահելով հաւասարակշռուած եւ արժանահաւատ պետա­կան գործիչներու կամ առաջնորդներու։ Եղո՜ւկ, որքան մեծ է յաճախ ընտրազանգուած­ներու յուսախաբութիւնը, երբ հուսկ կ’անդրադառնան, թէ խաբուսիկ էին տրուած խոս­տումները եւ մին միւսին ետեւէն կը խորտակուին այն բոլոր ակնկալիքները, որոնք դրուած էին այս կամ այն ղեկավարին վրայ։ Արդեօ՞ք ժողովրդավարութիւնն այսօր իսկապէս կը գործէ, երբ բազմիցս չարաշահուելով ան կը վերածուի ընդամէնը հարթակի մը, որու վրայ ժողովուրդը պարտաւորուած կ’ըլլայ ընտրելու իր սեփական բռնապետը եւ իր ճակատա­գրին վերահսկողութիւնը յանձնելու քանի մը խոստումնադրուժ ղեկավարներու։

Ս. Զատիկը մեզ կը կանգնեցնէ ճշմարտութեան դիմաց՝ կեանքը ընդդէմ մահու, յոյսը ընդ­դէմ յուսահատութեան եւ ճշմարտութիւնը ընդդէմ անարդարութեան ու իշխանութեան չա­րաշահումին։ Քրիստոսի յարութիւնը լոկ մխիթարութեան կամ ինքնախաբէութեան պատ­գամ մը չէ, այլ զարթօնքի կոչ՝ տեսնելու անարդարութիւնը, զանազանելու ճշմարիտը սու­տէն, եւ երբեք չկնքելու ծոյլ զիջում մը սուտին, կեղծիքին ու բռնութեան հետ։

Եթէ բազմութեան ձայնը բռնաճնշումներու պատճառով կը տկարանայ, ապա իւրաքան­չիւր քրիստոնեայ մարդու սեպուհ պարտականութիւնն է զօրացնել զայն։ Եթէ համակար­գերը կը խախտին իրենց նպատակային գործառոյթներէն, ապա պատասխանատւութիւնը չի վերաբերիր միայն ուրիշներու, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ բոլորիս անխտիր։

Որքա՛ն վհատեցուցիչ է, երբ Երկիր մոլորակին վրայ ապրող մարդկութեան ջախջախիչ մե­ծամասնութիւնը ի վիճակի չէ ամենեւին կանխարգիլելու իրագործուող չարիքը՝ կախուած քանի մը մարդերու կանխակալ որոշումներէն։ Արդարեւ, ամէն ինչ կը փոխուի, երբ կ’անդ­րադառնաս բոլորովին այլ իրականութեան մը, երբ միլիոնաւոր մարդիկ կը մահանան անիմաստ ու շահամոլ պատերազմներէ, երբ ոսկրացած, ցաւատանջ մայրեր արցունքէ չորցած աչքերով կը հակին իրենց նորածին երեխաներու անթաղ դիակներուն վրայ, երբ գռեհկութիւնն ու բիրտ ուժը կը ոտնահարեն մարդկային բոլոր արժէքները, երբ դիտա­ւորեալ կը հեղինակազրկուին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան բոլոր ատեաններն ու կառոյցները, ու այդ ժամանակ կը գիտակցիս, որ այս աշխարհի վրայ «ինչ-որ մի տեղ, ինչ-որ մի բան սխալ է…»։ Եւ ի զուր կը թուի, թէ պիտի կարենաս ուղղել այդ սխալը, բայց միեւնոյնն է, դուն անզօր ես, տկար ու անկարող՝ որպէս անհատ եւ միլիառներէ կազ­մուած հաւաքականութիւն, այնքան ատեն, որ հաշտուած ես անձնատուր ըլլալու գաղափարին հետ։

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան պարգեւած յոյսը փախուստ մը չէ աշխարհէն, այլ կեն­դանի հրաւէր մը՝ ծառայելու կեանքին, բարձրացնելու խաղաղութեան ձայնը եւ աներկբայ մերժելու այն խեղաթիւրուած իրականութիւնը, ուր անպարկեշտ պատասխանատուներու եւ երբեմն ուղղակի հտպիտներու փոքրիկ ածու մը կը տնօրինէ բազմութիւններու ճակա­տագիրը։

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Պաթոն Ռուժ, 5 ապրիլ 2026

Տօն հրաշափառ Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին