spot_img

Հերձուածի մը Մասին Դարձեալ Յստակացում

Պէյրութի մէջ վերջերս փորձ մը կատարուած էր Զարթօնք վերատառով շաբաթաթերթ մը հրատարակելու, զայն հակադրելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի հոյլին անբաժանելի անդամը հանդիսացող՝ 90ամեայ աւանդ ունեցող, մեր «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթին: Վերջին քանի մը օրերուն, նշեալ հերձուածին (ան)պատասխանատուները փորձեր կը կատարեն նաեւ զայն ելեկտրոնային նամակով ալ տարածել աջ ու ձախ:

Սոյն քայլը, պառակտումի ճղճիմ փորձ մը ըլլալով հանդերձ, կը հասկնանք, որ արդարացի շփոթ մը ստեղծած է ընդհանրապէս մեր մամուլի, եւ յատկապէս «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի ընթերցողներուն մօտ:

Առ այս, սոյն պաշտօնական յայտարարութեամբ, կու գանք յստակացնելու առ որ անկ է, թէ մեր պանծալի կուսակցութեան իրականութեան մէջ եղած է ու  կայ մէ՛կ ու միակ «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթ, որուն միշտ պատնէշի վրայ գտնուող խմբագրութիւնը, անխափան ձեւով կը շարունակէ մեր սիրելի թերթին դասական եւ ելեկտրոնային (www.zartonkdaily.net) հրապարակումները, անոր իմաստալից եւ մեր կազմակերպութեան ազգային ուղեգիծին հետ համահունչ բովանդակութիւնը հասցնելով իր սիրելի ընթերցողներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք:

Յիշեցնենք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլը նշեալ՝  հերձուած հանդիսացող, այսպէս կոչուած Չարթօնքին վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր, որ ատենին  հրապարակուեցաւ  ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ մամուլի մեր բոլոր պաշտօնական օրկաններուն մէջ.

«Ազգ»

«Ապագայ»

«Զարթօնք»

Եզրակացնելու համար, շեշտենք, թէ մեր սիրելի Կուսակցութիւնը բազմիցս պառակտած եւ վերջին աւելի քան 3 տասնամեակներուն մեր հոգեհարազատ թերթերու կասեցումի փորձեր «իրագործած» միշտ միեւնոյն խմբակն է, այս նոր խայտառակութեան ետին:

Սոյն կուսակցաքանդ խմբակը, այնպէս ալ չհասկցաւ, որ իր բնական հունէն դուրս ընթանալ փորձող արհեստական եւ շինծու ոեւէ հերձուած, դատապարտելի է բարոյապէս եւ օրինական առումներով, որ ի վերջոյ նաեւ ենթակայ  է ձախողութեան եւ համընդհանուր պարսաւանքի:

«Զարթօնք» Օրաթերթի Խմբագրութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին