Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի ֆէյսպուքի էջէն ինչպէս նաեւ թերթիս բարեկամ եւ ազնիւ աշխատակից՝ Պրն. Ներսէս Պապայեանէն իմացանք, որ վերջերս Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանը համալրուեցաւ արձակագիր, խմբագիր, հրապարակախօս Սիրան Սեզայի արխիւով:

Սեզան յետցեղասպանութեան տարիներու՝ յատկապյս 1940-60-ական թուականներու սփիւռքահայ ամենակարկառուն դէմքերէն է: Անոր անունը առանձնապէս կապուած է եղբօր՝ Մաթէոս Զարիֆեանի հետ, որուն վաղաժամ մահուընէ ետք Սեզայի եւ Վահէ Վահեանի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է Զարիֆեանի ժողովածուն:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են թանգարանի տնօրէն՝ Կարօ Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանն ու Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեանը:
Արխիւը թանգարանին յանձնած են Սիրան Սեզայի որդին եւ հարսը՝ տէր եւ տիկին Վահագն եւ Անի Քիւփելեանները, որոնց ջանքերով անցեալ տարի լոյս տեսած էին «Խորտակուած կեանքեր» եւ «Գիրք ծննդոց» վէպերը:
Յանձնումի արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Քիւփելեան զոյգին ընկերակցող, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն Երուանդ Պապայեանի դուստրը՝ Փրոֆ.Սիլվա Գարայեանը:
