Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Աւելի Քան Մէկ Տարի Ետք՝ Լիբանանը Ունեցաւ Նոր Կառավարութիւն

2020 թուականի Օգոստոսին Լիբանանի կառավարութեան հրաժարելէն 13 ամիս ետք՝ այսօր, Սեպտեմբեր 10-ին, երկիրը վերջապէս ունեցաւ իր կառավարութիւնը։

Լիբանանի նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ երէկ կէսօրէ ետք յայտարարեց նոր կառավարութեան կազմը։

Աղբիւրները նշեցին, որ  բաւական դժուար բանակցութիւններէ ետք է, որ  յայտարարուեցաւ: նոր  կառավարութեան կազմութեան մասին

Նշենք, որ կառավարութիւնը կը բաղկանայ 24 նախարարներէ:

Պէյրութի մէջ երէկ առկայ  դրական  մթնոլորտին արդիւնքով ամերիկեան տոլարը  ամիսներէ ի վեր  առաջին անգամ  ըլլալով  սկսաւ  վաճառուիլ  17,100-ի։ 

Գաղտնիք մը չէ,  որ    երկրին մէջ տոլարի   տատանումները մեծ  հաշուով   կապ  ունին երկրի  քաղաքական  վերիվայրումներուն հետ ու այդ առումով ալ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը կը համարուի  դրական մեծ  քայլ, գոնէ ժամանակաբար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին