Ուրբաթ, 04. 10. 2024

spot_img

Նիքիթա Խրուշչով

Նիքիթա Խրուշչով (15 Ապրիլ 1894, Քալինովքա, Քուրսքի կուպերնիա – 11 Սեպտեմբեր 1971, Մոսկուա, ԽԸՀՄ) Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական Կուսակցութեան առաջին քարտուղար 1953-1964 թուականներուն, Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ 1958-1964 թուականներուն, Խորհրդային Միութիւն հերոս, Սոցիալիստական աշխատանքի եռակի հերոս։ Կոմունիստական կուսակցութեան եւ խորհրդային պետութեան ճանչցուած գործիչ։ 1930-ական թուականներուն սկսած է զբաղեցնել բարձր պաշտօններ։ Եղած է Ուքրանիայի կոմունիստական կուսակցութեան առաջին քարտուղար։ Հայրենական պատերազմի տարիներուն (1941-1945)՝ տարբեր ռազմաճակատներու ռազմական խորհուրդի անդամ։ 1953 թ.՝ Սթալինի մահէն յետոյ, յաղթած է իշխանութեան համար մղուող պայքարը։ Իշխանութեան գալէն յետոյ հանդէս եկած է Սթալինեան բռնութիւններու սուր քննադատութեամբ, չնայած որ ինքն ալ ժամանակին աչքի ինկած է յատուկ դաժանութեամբ հակակոմունիստական տարրերուն դէմ որպէս պայքարող։ Մեծ քանակութեամբ բռնադատուածներու ներում շնորհած է։ Փորձած է հաստատել ժողովրդավարութիւն, ազատականացնել տնտեսութիւնը։

Սակայն կուսակցութեան կարգ մը յետադիմական ուժերը 1964 թուականին  հեռացուցած են զինք իշխանութենէն։

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին