Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

ԿՈՉ

«Բանանք Մեր Սիրտը, Զօրակցինք՝ Լիբանանահայութեան»

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Կոչը

Մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծ թափով կը շարունակուի Լիբանանի հայկական համայնքին օժանդակութեան ձեռք երկարելու աշխատանքը։

Այս առումով ալ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան յատուկ կոչով մը հանդէս եկած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝ 

Սիրելի՛ եւ հաւատաւո՛ր ժողովուրդ,

Մեր պատմութեան մէջ կ’արձանագրուին այնպիսի հանգրուաններ, երբ պարտ ենք մեր հաւատքի ամբողջ տարողութեամբ ձեռք երկարելու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Հիմա պահն է, որ բանանք մեր սիրտը, եւ մեր քրիստոնէական սիրովը առաջնորդուած՝ զօրակցինք լիբանահայութեան։ Լիբանահայութիւնը կ’ապրի իր ամենադժուարին ժամանակները, եւ մեր բոլորի սեպուհ պարտքը պիտի ըլլայ միասնակամ ուժերով մեր կարելի ի գործ դնելու՝ շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերելու համար լիբանահայութեան։

Որպէս հոգեւոր Առաջնորդը Արեւմտեան թեմի, մենք անձնապէս, մեր հոգեւոր եղբայրներով կը մասնակցինք ու կոչ կ’ուղղենք համայն ժողովուդին՝ անվերապահ մասնակցութեամբ հետեւիլ մեր օրինակին։ Այսօր լիբանահայութիւնը զրկուած է կենսական բոլոր պայմաններէն։ Մեր մասնակցութեամբ ոչինչ պիտի նուազի մեր ունեցածէն։ Փոխարէնը մեր հոգիները պիտի լեցուին լիբանանահայ մեր եղբայրներու ու քոյրերու աղօթքով։

Արդ, անգամ մը եւս կոչ կը յղենք մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւներուն ու Ծխական խորհուրդներուն, պատկան մարմիններուն եւ անխտիր բոլորին․ եկեք բանանք մեր սիրտը, զօրակցինք լիբանահայութեանը։

Ձեր սրտաբուխ նուէրը յղէք Առաջնորդարան հետեւեալ հասցէագրումով.

Western Diocese – Armenian Church, իսկ վարի տողին նշագրէք My Prayer for Lebanese Armenians․

Մեր նուէրը պիտի փոխանցուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան։

Թող Ամենակարողն Աստուած օրհնէ լիբանահայութիւնը եւ անսասան պահէ մեր ս. եկեղեցւոյ ու ազգի զաւակունք։

Մնամք աղօթարար՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ Հիւսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին