Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Միքաթի Այս Շաբաթ Կրնայ Հրաժարիլ Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը Շարունակէ Մնալ Անլոյծ

Երկարատեւ խորհրդակցութիւններէ, հանդիպումներէ, առաջարկներէ եւ քաշքշուքէ ետք նշանակեալ վարչապետ Նաժիպ Միքաթի կրնայ հրաժարիլ այս շաբաթ իրեն վստահուած պաշտօնէն եթէ կառավարութեան կազմութեան թնճուկը շարունակէ մնալ անլոյծ:Այս մասին կը հաղորդեն իրեն մօտիկ աղբիւրները:

Մինչ քաղաքական բեմին վրայ իրավիճակը կը մնայ նոյնը, ընկերատնտեսական տագնապը կը շարունակէ վատ մնալ, որուն վրայ եկաւ աւելնալու դպրոցական վերամուտի թուականը:

Արդարեւ քովիտի վերստին բռնկումը, վառելանիւթի պակասը, հոսանքի ընդհատումը եւ համացանցի դժուար հասանելիութիւնը, հարցականի տակ կը դնեն դպրոցներու նոր տարեշրջանի բացումը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին