Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Մինչեւ Ե՞րբ Պիտի Դիմանայ Արցախի Հայութիւնը

Զարմանալի լռութիւն եւ համատարած անդամալուծում կը տիրէ համայն աշխարհի հայութեան մօտ՝ երբ արցախահայութիւնը կը մարտնչի շրջափակման եւ անոր աղէտալի հետեւանքներուն դէմ: Մինչեւ ե՞րբ պիտի դիմանայ արցախահայութիւնը սովին եւ բնաջնջման սպառնալիքին:

Նկատի ունենալով հայ ժողովուրդին թշնամիին կողմէ Բերձորի միջանցքին փակումին հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային աղէտը եւ հիմնուելով իր ազգային-հայրենասիրական առաքելութեան վրայ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որոշեց անմիջական օժանդակութեան ձեռք մեկնել իր հայրենի հողին վրայ ամուր կանգնած արցախահայութեան:

Առ այս, Ս. Ծննդեան առիթով որպէս սրտաբուխ նուէր, Վարչութիւնս Արցախի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի համակարգին մէջ աշխատած եւ պատերազմի զոհ դարձած հայորդիներու 100 ընտանիքներու, 10,000 ամ. տոլարի նիւթական օժանդակութիւն մը պիտի փութացնէ: Իւրաքանչիւր ընտանիք իրեն բաժին ինկած գումարը ուղղակիօրէն պիտի ստանայ դրամատնային իր հաշիւին մէջ, որպէսզի կարենայ հնարաւորինս շրջանցել իրենց զաւակներուն ու ծնողներուն տարրական կենցաղային դժուարութիւնները:  

Այս ուղղութեամբ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան Հայաստանեան Ներկայացուցչութեան տնօրէնն ու նախաձեռնութեան առնչակից պատասխանատուներ, Չորեքշաբթի 4 Յունուար 2023ին այցելեցին Հայաստանի մէջ Արցախի հանրապետութեան Օփերատիւ շտապի շէնք, ուր հանդիպեցան Արցախի նախագահի Սփիւռքի հարցերով խորհրդական – Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Ազատուհի Սիմոնեանին հետ, համակարգելու համար նուէրներուն փոխանցումը:

Հանդիպման ներկայ, «Վահան Թէքէեան» սոցիալ-մշակութային հիմնադրամի նախագահ Վահէ Դարբինեան սրտաբուխ քայլով մը, Մարտակերտի Զարդախաչ գիւղի դպրոցին նուիրեց համակարգիչ մը եւ տպիչ սարք:

Պէտք է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը նախերգանքն է աւելի ընդլայնուած օժանդակութեան քայլի մը, որուն համար Վարչութիւնս անմիջապէս պիտի ձեռնարկէ լայնածաւալ նուիրահաւաքի մը, կողքին կանգնելու համար Արցախի մեր սիրելի հայրենակիցներուն:

Յոյսով ենք, որ մեր այս նախաքայլը խթան կը դառնայ ու խայծ մը կը հանդիսանայ համահայկական օժանդակութեան զօրաշարժի մը, հասնելու շրջափակման տակ գտնուող Արցախի քաջարի ժողովուրդին կարիքներուն:

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու 

եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին