Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Բեթղեհէմը՝ Աղբիւր Երկնային Յոյսին. Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեր  Տիրոջ եւ Փրկչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ին։ Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը, կատարեց Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ հաւատացեալներուն յղեց իր Հայրապետական պատգամը։

Ս. Խորանին վրայ, Վեհափառ Հայրապետին կողքին, առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան ու Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, իսկ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմը՝ գլխաւորութեամբ դեսպանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետները եւ անդամները, պետական եւ ազգային երեսփոխաններ, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Հայ եկեղեցւոյ Աւանդութեան համաձայն, Աստուածայայտնութեան տօնին կը նշենք նաեւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը։ Առ այդ, Կոմիտաս Սրբազանը Միւռոնաթափ Աղաւնին Ս. Երրորդութեան խորանէն «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ բերաւ Ս. Խորան, եւ ձեռամբ Նորին Ս. Օծութեան կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը, ներկայ թէ՛ առցանց Ս. Պատարագին մասնակցող մեր ժողովուրդի զաւակներուն, փոխանցեց Ս. Ծննդեան Հայրապետական պատգամը։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը սկսաւ՝ հաստատելով, թէ «Բեթղեհէմը դարձաւ յոյսի աղբիւր, որովհետեւ Բեթղեհէմի մէջ ծնաւ տառապանքով լեցուն համայն մարդկութեան երկնային յոյսը։ Արդարեւ, մարդը հեռացած էր Աստուծմէ։ Տագնապներով լեցուն էր մարդկութիւնը եւ կը սպասէր երկնային յոյսի գալստեան։ Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար մարդկութեան յոյս ներշնչելու. Բեթղեհէմի ճամբով Աստուած կու գար ըսելու, թէ ինք է ճշմարիտ ու յաւիտենական յոյսը աշխարհին. եւ ով որ մօտենայ այս յոյսին ու հաւատայ անոր, պիտի վերականգնի ու փրկուի։ Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս յաճախ անդրադարձաւ յոյսին. այն յոյսին, որ հաւատքով կռանուած է, սիրով լեցուած ու Քրիստոսի փրկարար երկրորդ գալուստի տեսլականով մղուած։ Նոյն մօտեցումով առաքեալներ յիշեցուցին Քրիստոսի հետեւորդներուն, որ կեանքի տագնապները պէտք է յաղթահարել Քրիստոսի ճամբով աշխարհին յայտնուած երկնային յոյսով։ Եկեղեցին, իր կարգին, պատմութեան տագնապներուն դիմաց դարձաւ յոյսի վկան ու պատգամաբերը»։

Շարունակելով իր պատգամը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ «Բեթղեհէմը ո՛չ միայն դարձաւ երկնային յոյսի ծնունդ տուող վայրը, այլ՝ նաեւ երկնային յոյսի հրաւէրը, եկեղեցւոյ ճամբով ուղղուած աշխարհին։ Արդարեւ, յոյսը ոչ միայն քրիստոնէական բարոյական արժէքներու համակարգին մաս կազմող արժէք է, այլ՝ քրիստոնէական կեանքին որակ ու կոչում, ինքնութիւն ու նպատակ տուող աստուածային պարգեւ է։ Մկրտութեան ժամանակ երեխան քրիստոնեայ կը դառնայ լեցուելով հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ երկնային շնորհներով։ Արդ, յուսահատութիւնը տեղ պէտք չէ ունենայ քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Յոյսը պէտք է դառնայ իր կեանքը իմաստաւող, հզօրացնող ու առաջնորդող ուղեցոյցը»։ Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Այսօր, կը նշենք երկնային յոյսին էջքը Բեթղեհէմ, անոր մարդեղացումը ու գալուստը աշխարհ։ Այսօր, Բեթղեհէմի յոյսը կը հրաւիրէ մեզ երկրի վրայ մեզ շրջապատող բոլոր տեսակի կեղծ, ժամանակաւոր, ապականիչ ու խաբուսիկ յոյսերը մերժելու եւ դառնալու աշխարհի ճշմարիտ յոյսին։ Բեթղեհէմի յոյսով լեցուած մարդը պէտք չէ ընկճուի յուսահատութեան մղող երկրաւոր կեանքի տագնապներէն, այլ՝ հաւատքով փարի յոյս կենարար ուժին»։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Այսօր յուսահատութիւնը շրջապատած է մեր ազգին կեանքը։ Սակայն, հաւատքով հզօրացած, մենք կը մերժենք մեզ յուսահատութեան առաջնորդող որեւէ երեւոյթ ու կացութիւն։ Այսօր, անմարդկային միջոցներով շրջապատումի ենթարկուած Արցախի ժողովուրդը յոյսով հզօրացած՝ կը մերժէ տեղի տալ որեւէ պարտադրանքի, որ հարցականի տակ կ՚առնէ իր ինքնորոշման իրաւունքը։ Այսօր, ներքին բեւեռացումներով լեցուն հայրենի ժողովուրդը կը մերժէ, պէ՛տք է մերժէ, բոլոր տեսակի պարտադրանքները, դիւանագիտութեան խաբուսիկ քօղով զարդարուած, որոնք կրնան վտանգել Հայաստանի ամբողջականութիւնը ու անկախութիւնը։ Սփիւռքի տարբեր պայմաններուն մէջ ապրող մեր գաղութները պէտք է մերժեն որեւէ մէկ մտածելակերպ, կենցաղակերպ կամ գործելակերպ, որ կրնայ վտանգել քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով շաղախուած մեր հայու ինքնութիւնը։ Ճշմարիտ յոյսը կրաւորական ու սպասողական հոգեվիճակ մը չէ։ Ճշմարիտ յոյսը Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ հզօրացած ու հաւատքով թրծուած քաջարի կեցուածք է, գործօն մասնակցութիւն է, տոկուն վճռականութիւն է կեանքի բոլոր տեսակ տագնապներուն նկատմամբ»։

Եզրակացնելով իր Հայրապետական պատգամը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «յոյսի պատգամը մեզի կու գայ յոյսի աղբիւրէն՝ Բեթղեհէմէն, ուր Աստուած մեզի հետ եղաւ, որպէս յոյսը աշխարհին. եւ այսօր ու միշտ Աստուած Բեթղեհէմի ճամբով միշտ մեզի հետ է։ Դառնանք յոյսի աղբիւրին եւ մեր կեանքը լեցնենք այդ աղբիւրէն առատօրէն հոսող յոյսով, որպէսզի կարենանք կեանքին պարտադրած բոլոր տեսակի տագնապները ու չարիքները յաղթահարել»։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը եղբայրա­կան սիրով ողջունեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով լեցուն եր­կար գահակալութիւն։ Քրիստոնէական սիրով ողջունեց Երուսաղէմի Պատրիարք Ն. Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք Ն. Ամեն. Սա­հակ Արք. Մաշալեանը՝ մաղթելով արդիւնաշատ ծառայութիւն մեր սուրբ եկե­ղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Թեմակալ Առաջնորդներուն, Ազգային Իշխանութեանց, հոգեւորական դաս­ուն, եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ աղօթելով, որ մնան միշտ Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղե­ւորները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց քաղաքական եւ պետական անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին