Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մեղքերու Խոստովանութեան Հրամայականը

Ս. Ծննդեան Քարոզ

Մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի աւետաբեր պատգամը կը մնայ նոյնը, որքան ալ մտայնութիւններ տարուբերին, նորաձեւ թագաւորութիւններ պարտադրուին, արդի հոսանքներ հմայեն, արագասլաց զարգացումներ շշմեցնեն, ժամանակներ թմրեցնեն մարդկութեան խիղճը եւ ինքնարդարացման հոգեբանութիւններ թառին մեր հոգիներուն վրայ:

Համաշխարհայնացման արդի հոսքին մէջ, կը մնայ անտեսուած այն իրականութիւնը, թէ բոլորս, առանց բացառութեան արդար չենք, այլ մեղաւոր, ուստի կարօտ ենք Աստուծոյ ամբողջական փրկութեան:

Աշխարհը կը մնայ մեղքի ծառայ այնքան ատեն որ մարդ չ՛առաջնորդուիր Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով, մեղքի խոստովանութեամբ եւ սուրբ կեանք ապրելու ուխտով:

Եւ ահաւասիկ Քրիստոսի Ծնունդը: Ամենէն փառահեղ պատգամի ծնունդը՝ անմեղ նորածինին մէջ, թագաւորութիւններու ըմբռնումը շրջող արժեչափը խոնարհին համար, տիեզերական պատմութեան տիրող իշխանը՝ տեղական մսուրին մէջ:   Յիսուսի ծնունդին առնչուած պայծառ երգերու պատկերները անսահման եղած են եկեղեցական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ:  Այսպէս, Հրաշք, յոյս, լոյս, խոստում, նոր սկիզբ, նոր ուխտ, հրեշտակային երգ, թանկագին ընծաներ, հովուական պարզութիւն, փառք, խաղաղութիւն, հաճութիւն, սէր, հնազանդութիւն, հաւատք, եւ մանաւանդ շնորհք:  Սակայն, Բեթլէհեմի Նորածինին փայլքը յայտնուած է միշտ սրտի խոնարհութեան ու անմեղութեան օրինակներուն մէջ, եւ ոչ աշխարհիկ փարթամութեան :

Կը մնայ վերյիշել այսօր այն նպատակը որուն համար ծնաւ Փրկիչը:  Մեղքէ փրկութիւն:  Ճիշդ է որ ամէն ոք փրկութեան մը կը յուսայ:  Բայց կայ նախադրեալ մը:  Ո՞վ է որ պիտի ընդունի իր մեղաւոր ըլլալը:  Բոլոր ժամանակներու մարդկային հոգեբանութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այլոց մեղքը, իսկ փրկութեան փափաքը կը վերապահէ սեփական անձին:  Ընդհանրապէս մարդուն անյոյս վիճակը կարելի է ամփոփել հետեւեալով- ուրիշներն են յանցաւոր, իսկ ես արդար ու բարօրութեան արժանի:

Հոգեւոր կալուածներէ անցնելով ընկերայինին, բարոյականին ու քաղաքականին, կը կրկնուի նոյն երեւոյթը:  Մարդ փրկութիւն կը փնտռէ, բայց իր մեղքը պիտի չընդունի:

Մեր օրերուն եւս, փշրուած Լիբանանը կը տքնի չխոստովանուած մեղքերու ծանրութեան տակ, եւ ամէն ոք միւսը կը սեպէ մեղաւոր, իսկ ինք՝ արդար:  Նոյնն է պարագան Հայաստան աշխարհի վտանգուած իրականութեան մէջ:  Մարդկային փորձառութեան մէջ ընդհանրապէս, մինչ մեղքերու խոստովանութիւնն ու խոնարհութիւնն է պէտք, ինքնարդարացման մշակոյթն է որ կը տիրէ:  Ուրեմն, ի՞նչպէս ակնկալել փրկութիւն:

Այս տարուան Ծննդեան պատգամը աւելի քան երբէք պէտք է կեդրոնանայ մեղքերու խոստովանութեան վրայ, քանզի Յիսուս ծնաւ որպէսզի մարդը փրկէ ամէն բանէ առաջ իր մեղքէն, այսինքն իմ  իսկ մեղքէս:  Պօղոս առաքեալի մէկ խօսքը կը ծառայէ որպէս տպաւորիչ օրինակ.- «Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ».  Ա. Տիմոթէոս 1. 15:

Այո, կայ բարի լուր: Կայ փրկութիւն Քրիստոսով: Չմնանք ծառաները մեղքի: Խոնարհինք Ծնեալ ու Մարդացեալ Փրկչին առջեւ:  «Ահա Աստուծոյ Գառը որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ». Յովհաննու 1.29:  Նշենք Քրիստոսի Ծննդեան օրհնաբեր տօնը խոնարհութեամբ ու անձնական եւ հաւաքական մեղքերու խոստովանութեամբ:

Այսօր ծնաւ Փրկիչը բոլորին: Եկէ’ք, մեր ճամբան նորոգենք:

Աղօթարար,

Վերապատուելի Փօլ Հայտօսթեան

ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին