Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Ամանորը  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Մասնաճիւղերուն  Մէջ

ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի   Անդրանիկ Անթիլիաս, Անդրանիկ Սեւան եւ Անդրանիկ Զահլէ  մասնաճիւղերը աւանդական   տօնախմբութիւններով   դիմաւորեցին  Նոր Տարին  եւ Կաղանդ Պապան: Նոր  Տարուան  սեմին  կազմակերպուած  հանդիսութիւնները կը հաստատեն, թէ  մեր մասնաճիւղերը  բազմաթիւ  ծրագիրներ  պիտի   իրագործեն  2023-ին:

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ՍԵՒԱՆ

Ուրբաթ,  23  Դեկտեմբեր  2022, երեկոյեան  ժամը   5-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  սկաուտական խմբապետական կազմին   նախաձեռնութեամբ,  Գործադիր  Մարմինի եւ  Ծնողաց   վարչութեան   աջակցութեամբ,շուրջ  երկու  հարիւր  միութենականներ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Նազարեան- Զապէլ  Մովսէսեան կեդրոնին մէջ միասնաբար դիմաւորեցին  Կաղանդ Պապան:

Վարչական,  սկաուտ,  ծնողք,  փոքրիկներ, հաճելի   մթնոլորտի մէջ զուարճացան,  խմբային  խաղերու  մասնակցեցան եւ  բարեմաղթանքներով  հրաժեշտ   տուին   2022-ին:  Խմբապետական կազմը, յատուկ  ծաղրածու մը պատուիրած էր փոքրիկները  առաւել   ուրախացնելու  նպատակով :  Անոր զուարճախօսութիւնները,  շարժուձեւերը  խանդավառեցին  ներկաները, յատկապէ՛ս փոքրերը:

Ուրախ  մթնոլորտի  մէջ,  ներկաները,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի    նուագախումբին   ընկերակցութեամբ  դիմաւորեցին Կաղանդ  Պապան: Կաղանդ Պապան «ժամանել»է անմիջապէս ետք  պարի հրաւիրեց   փոքրիկները,  ապա  մէկ առ  մէկ նկարուեցաւ   անոնց  հետ: Կաղանդ Պապան նաեւ պարեց  ծնողներուն  հետ: Սրահին մէջ կը  տիրէր տօնական  ջերմ մթնոլորտ:

Ապա  ներկաները   մասնակցեցան տօնածառին շուրջ յատուկ պատրաստուած խաղերուն:  Այս  միջոցին  տեղի  ունեցաւ  Գործադիր  Մարմինին  կազմակերպած  վիճակահանութիւնը:   Բախտաւորը  շահեցաւ արժէքաւոր  նուէր մը:  Խրախճանքը   մինչեւ  ուշ  երեկոյ   շարունակուեցաւ  Ծնողացին  պատրաստած  հիւրասիրութեամբ:

Գնահատելի  ձեռնարկ մը, որուն աւարտին  սրահէն բաժնուողները  շնորհաւորեցին   ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինը, սկաուտական  խմբապետական կազմը,  Ծնողաց  վարչութիւնը,մաղթելով, որ   2023-ը    բեղուն եւ  նորանոր  յաջողութիւններու  տարի դառնայ  ՀԵԸ Անդրանիկ  Սեւան մասնաճիւղին համար:

 ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

 ՀԵԸ ԱՆդրանիկ Անթիլիասի  խմբապետական կազմը,  քառավելներուն եւ  երէցներուն  հետ միասնաբար Նոր Տարուան  հաճելի անակնկալ մը պատրաստեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական  շարժումի անդամ-անդամուհիներուն:

 Շաբաթ,   24  Դեկտեմբեր   2022-ի կէսօրուան  ժամը   12-ին  սկսաւ  փոքրիկներուն   Նոր Տարուան  տօնակատարութիւնը:  Պատասխանատուները   զանազան  խաղեր եւ անակնկալներ  պատրաստած էին    փոքրիկներուն համար:  Կաղանդ Պապային  եղնիկները   ձիւներուն    տակ  արգելափակուած  ըլլալով,  փոքրիկները  իրենց  հնարամտութեամբ յաջողեցան   փրկել անոր եւ ապահովել  անոր    ժամանումը:  Ի վերջոյ  նուէրներով  բեռնաւորուած  Կաղանդ Պապան  իր կառքով  ժամանեց  ՀԲԸՄիութեան Տեմիրճեան կեդրոնի   տօնական  լոյսերով  զարդարուած մարզադաշտը:  Փոքրիկները  խանդավառութեամբ  դիմաւորեցին  Կաղանդ Պապան: Ան պարեց   եւ զրուցեց  փոքրիկներուն հետ եւ  բաժնեց նուէրներ:   ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արենուշները  պարերով  պատուեցին  Կաղանդ Պապան: Սկաուտները՝ երգեցին:

Փոքրիկները  հաճելի  պահեր բաժնեցին  Կաղանդ Պապային հետ,  կաղանդչէք եւ նուէրներ ստանալով ուրախ- զուարթ   վերադարձան իրենց  տուները:

Ձեռնարկին յաջողութեան  իր  գնահատելի օժանդակութիւնը  բերաւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Ծնողաց վարչութիւնը: 

ՀԵԸ ԱՆԴՐԱՆԻԿ  ԶԱՀԼԷ

Նախորդ  տարիներուն նման, Զահլէի  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  տեղական վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 29  Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին,   հաճելի անակնկալ  մը  մատուցեց  թեքուանտոյի   մարզումներուն հետեւող  փոքրիկներուն:

 Փոքրիկները  սովորականին նման, իրենց  ծնողներուն  հետ  ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան  կեդրոն    ժամանած էին,  մասնակցելու   տարբեր կարգի գօտիներու  վկայական ստանալու  արարողութեան: Սակայն, ՀԵԸ-ի Զահլէի  տեղական  վարչութիւնը   Կաղանդ Պապային հետ  պայմանաւորուած էր, որ նոյն  պահուն  այցելէ ակումբ, կաղանդչէք եւ նուէրներ   բաժնէ    թեքուանտոյի մարզումներուն հետեւող  35  փոքրիկներուն:

Փոքրիկները հրճուած  Կաղանդ Պապային  ներկայութենէն,  պարեցին, արտասանեցին  եւ երգեցին անոր առջեւ: Կաղանդ Պապան ալ  գնահատելով փոքրիկներուն խանդավառութիւնը, կաղանդչէք եւ  նուէրներ  բաժնեց անոնց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին