Հինգշաբթի, 25. 04. 2024

spot_img

ԿՈՉ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Միացեալ Կոչ Կ՚ուղղեն Անմիջական Զինադադարի Ազերի Բանակին Կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Կատարուած Յարձակումին Առիթով

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ կ՚ուղղեն՝ միջամտելու ազերի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու: Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ մը առաջ Գերմանիոյ մէջ գումարուած Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովը անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ կոչ ուղղած էր խաղաղ միջոցներով ու քաղաքական երկխօսութեամբ արդար լուծում մը տալու՝ Ե.Ա.Հ.Կ.ի Մինսքի խմբակի կողմէ կատարուած նախաձեռնութեան ծիրէն ներս:

Վերոյիշեալ միացեալ նամակը նաեւ կ՚անդրադառնայ, թէ յստակ տեղեկութիւններու ու վերլուծումներու համաձայն Ազրպէյճան, նկատի ունենալով միջազգային համայնքի ուշադրութեան կեդրոնացումը Ուքրանիոյ պատերազմին վրայ է եւ օգտագործելով ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները, կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել Հայաստանի վրայ՝ զինուորական միջոցներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին