Երէկ առաւօտեան ժամերէն ի վեր բաւական լարուած դրութեան մէջ էին Լիբանանի տարածքին գործող դրամատուները:
Արդարեւ, կարգ մը քաղաքացիներ, զուտ անձնական նախաձեռնութեամբ փորձեցին ու շատերը յաջողեցան բռնի ուժով կամ սպառնալիքի ճանապարհով դարձեալ մուտք գործել դրամատուներ եւ իրենց սեփական ու արդար ճակտի քրտինքով կուտակուած գումարները ստանալ։
Այս կրկնուող երեւոյթին հետեւանքով տասնեակ դրամատուներ որոշեցին իրենց դռները ցնոր տնօրինութիւն փակել: Մինչ այդ Դրամատուներու Միութեան խորհուրդը եռօրեայ գործադուլ յայտարարեց:
Երկրին մէջ անորոշ վիճակը նոր դրսեւորումներ կ՛ունենայ: Այս ընթացքով չի բացառուիր, որ ամերիկեան տոլարը յաւելեալ բարձրացում գրանցէ անցնելով 40 հազարի սահմանները։
Այս բոլորի ֆոնին կը սպասուի, որ երկրի Անվտանգութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը հրատապ նիստ մը գումարէ քննելու եւ կարեւոր քայլեր ձեռնարկելու նպատակով։