Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողով՝ 2023-ի Գարնան

Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոս 2022-ին Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Կեդրոնատեղիին մէջ, Երեւան:

Նիստին մասնակցեցան՝ Հայաստանի Ժուռնալիստներու Միութեան նախագահ եւ 168 Ժամ թերթի գլխաւոր խմբագիրը, «Արմենփրես» լրատուական գործակալութեան նախկին եւ ներկայ տնօրէնները, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ եւ Նոյեան Տապան լրատու գործակալութեան տնօրէնը, «Ազդակ»ի եւ «Զարթօնք»ի Տնօրէն գլխաւոր խմբագիրները եւ տեսակապով Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը:

Օրակարգի կէտեր նկատի առնուած էին.-

  • Տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցական նիստերու զեկուցում:
  • Համակարգող խորհուրդի կազմի հանգրուանային համալրում:
  • Յառաջիկայ Համահայկական Համաժողովին թուականի ճշդում:
  • Լրագրողներու համախմբումի գրանցման իրաւական հարցեր:
  • Երիտասարդ լրագրողական մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներու նախագիծերու ներկայացում:

Ժողովը որոշեց յառաջիկայ Համաժողովը կազմակերպել 2023-ի Գարնան:

Համաժողովին հետ կապուած այլ մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին համակարգող խորհուրդի յառաջիկայ նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 2022-ին:

Լրագրողներու Համահայկական
Համաժողովները Համակարգող Խորհուրդ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին