Չորեքշաբթի, 24. 04. 2024

spot_img

Գիր Շնորհաւորանքի եւ Երախտագիտութեան

«Հովիւ քաջ ու բարի, զանձն իւր եդիր ի վերայ ոչխարացն իւրոյ»

(Յհ 10.11)
21 Օգոստոս 2022

ՆՍՕՏՏ Գարեին Բ.

Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Մայր Աթոռ, Սուրբ էջմիածին

Վեհափառ Տէր,

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի ողջ ընտանիքին անունով կը շնորհաւորեմ, Ձեր ծննդեան 71 ամեակը:

Ինքզինքս բախտաւոր կը նկատեմ, Ձեզ անձամբ ճանչնալուս ու Ձեր միտքերն ու խորհուրդները մօտէն լսած ըլլալուս պատեհութեամբ:

Անգամ մը եւս այսօր արդար առիթն է գոհունակութեամբ, մեծ գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ յիշելու՝ Ձեր ձեռնարկած մեծ թիւով եկեղեցիներու կառուցումն ու վերաշինութիւնը, նոր թեմերու հիմնադրութիւնը, Ձեր հովանիին տակ գործող հոգեւոր ճեմարաններուն փայլուն գոյերթը եւ Ձեր շնորհիւ հիմնադրուած հայորդաց տուներու եւ դպրոցներու ազգօգուտ  գոյութիւնը: Ձեր օրհնութեամբ՝ Մայր Աթոռին կատարած մշակութային ներդրումները ինչպէս նաեւ Ձեր գլխաւորած Մայր Աթոռին ընձեռած ընկերային եւ ֆինանսական՝ մարդասիրական օժանդակութիւնները, որմէ կ՛օգտուին բազմահազար հայորդիներ:

Ցաւօք այսօր, մեր ազգին պետական հաստատութիւններուն ապիկար եւ նաեւ անհասկանալի գործունէութեան պատճառով անտէրութեան եւ անապահովութեան մատնուած է մեր Հայրենիքն ու Ժողովուրդը: Մեր պատմութեան այս անփառունակ օրերուն, մեր յոյսի եւ լոյսի արժանաւոր ու ամենավստահելի կռուանն ու աղբիւրն  էք Դուք,  Հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներուն եւ պետականութեան պահպանման ի խնդիր ձեր խորիմաստ ուղերձներով եւ  խօսքերով, ուղեկցուած՝  քաջ Հովիւի Ձեր յախուռն եւ անզիջող կեցուածքներով:

Ձեր ծննդեան այս բարեպատեհ առիթով, Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ Աստուծոյ զօրակցութեամբ նորանոր իրագործումներ հովուապետական Ձեր առաքելութեան յաջորդող տարիներուն ընթացքին, ի փառս եւ ի բարօրութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյն եւ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, Հայոց բանակին եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

Թող, որ բարձրեալն Աստուած աւելի եւս յաջողութիւններ շնորհէ Ձեր ազգանուէր նպատակներուն իրագործման:

Մատչելով ի համբոյր Ձերդ Օծեալ Ս. Աջոյն,

Որդիաբար՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Պատասխանատու խմբագիր
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին