Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի Հայրենակիցներ եւ Բարեկամներ

1 Յուլիս 2023 թուականին, Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանը կը նշէ իր Հարիւրամեակը՝ ի սպաս մարդկութեան:  Այս կապակցութեամբ կազմակերպուելիք տօնակատարութիւնները եւ միջոցառումները ձեզի պիտի տեղեկացնենք ատենին:

Մեր ծրագիրներէն մէկն է փաստածրար մը պատրաստել, որը ճշգրտօրէն պիտի պատմէ Ազգային այս հաստատութեան 100-ամեայ պատմութիւնը:

Ուստի, կը խնդրենք մեր բոլոր հայրենակիցներէն եւ բարեկամներէն, որոնք ունին Բուժարանին վերաբերող որեւէ փաստաթուղթեր կամ նկար, կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով:

vahe.kambourian@armeniansanatorium.org – Հեռ: (00961) 1 24 88 51

Սոյն փաստաթուղթերը եւ նկարները պիտի նկարուին եւ վերադարձուին իրենց տէրերուն, իսկ օգտագործման պարագային աղբիւրը պիտի նշուի:

Խնամակալութիւն՝
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին