Ուրբաթ, 29. 03. 2024

spot_img

Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններ 2022

Զահլէի Մէջ Մտերմիկ Հաւաք Ի Պատիւ ՌԱԿի Զօրակցութիւնը Վայելող՝ Զօր. Նարեկ Աբրահամեանին ու Իր Պատկանած Ընտրական Ցանկին

Հաճելին եւ կարեւորը միախառնելով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Զահլէի ԱԶԱՏ ԼԵՌ ակումբը կազմակերպեց իր գարնանային աւանդական ճաշկերոյթը:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ Զահլէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքը, այս տարի կրկնակի իմաստ ունէր, որովհետեւ  կը զուգադիպէր Մայիս 15ին կայանալիք՝ Լիբանանի  երեսփոխանական ընտրութիւններու նախօրէին:

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողքին ներկայ էին տեղւոյն ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի պատասխանատուները, Զահլէի Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն արժանապատիւ հովիւներ եւ տեղական տարբեր մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Օրուայ մեծարեալին՝ Լիբանանի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու Զահլէի թեկնածու՝ Զօր. Նարեկ Աբրահամեանի կողքին, իրենց ներկայութեամբ հաւաքը պատուեցին Զօր. Աբրահամեանի պատկանած ընտրական ցանկը գլխաւորող՝ Տիկ. Միրիամ Սքաֆը, ինչպէս նաեւ Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ ՌԱԿ-ի զօրակցած թեկնածու՝  Տոքթ. Արա Պարտաքճեանը, պետական նախկին երեսփոխան պրն. Շանթ Չինչինեանը եւ այլ պաշտօնական հիւրեր:

Զօր. Նարեկ Աբրահամեան եւ Տիկ. Միրիամ Սքաֆ
Ընկ. Գրիգոր Մկըրեան ողջոյնի խօսքի պահուն

Հաւաքին բացումը կատարեց Զահլէի ՌԱԿ ԱԶԱՏ ԼԵՌ ակումբի ժրաջան ատենապետ՝ ընկ. Գրիգոր Մկըրեանը, որ իր գլխաւորած ակումբին վարչութեան անունով՝ ողջունեց յարգարժան հիւրերն ու սիրելի ներկաները: Ապա ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, որուն մէջ յատկապէս շեշտուած էր հետեւեալը. «Այսօր այն գեղեցիկ օրն է, որ մենք այստեղ հպարտութեամբ, մեծ վստահութեամբ եւ պաշտօնապէս կը յայտարարենք մեր զօրակցութիւնը՝ մեր կուսակցութեան բարեկամ  զօր. Նարեկ Աբրահամեանին ու իր միջոցաւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր ցանկակիցներուն:

Այսօր մենք կ՛ամփոփենք Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Լիբանանի տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ ՌԱԿ-ի զօրակացած թեկնածուներուն անուանացանկը ու  պաշտօնապէս կ՛ունենանք մեր կուսակցութեան զօրակցութիւնը վայելող երեք յարգելի անձնաւորութիւններ.   Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանին մէջ՝ Փոլա Եագուպեան, Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ՝ Տոքթ. Արա Պարտագճեան եւ վերջապէս, Զահլէի ընտրաշրջանին մէջ՝ զօր. Նարեկ Աբրահամեան:

Յաջողութիւն  մեր սիրելի զինակիցներուն, Լիբանանեան մեր սիրելի հայրենիքին նուիրեալ իրենց առաքելութեան մէջ: Մեր յոյսը մեծ է իրենց վրայ՝ միասնաբար յաղթանակ արձանագրելու իրենց մրցակիցներուն վրայ, որոնցմէ դժբախտաբար ոչ բոլորը ունին փտածութեան մէջ թաղուած Լիբանանը այսօրուայ տխուր իրավիճակէն  դուրս բերելու կարողութիւնն ու ազնուութիւնը ինչպէս ոմանք չունին նաեւ ոգիի մաքրութիւնն ու անշահախնդիր իղձը:

Մենք անվերապահ վստահութիւնը ունինք մեր զօրակցած՝ վերոյիշեալ անձնաւորութիւններուն վրայ ու կը հաւատանք, որ անոնք լաւագոյնս կրնան ներկայացնել մեր համայնքը երկրին խորհրդարանին մէջ: Մենք աւելի քան վստահ ենք, որ անոնք իրենց մարդկային ու արհեստավարժի իրենց բարեմասնութիւններով, արժանիքներով ու կարողութիւններով, լաւագոյն թեկնածուներն են մեր երկրին օրէնսդիր մարմինին  պատուաբեր անդամները դառնալու»:

Ձեռնարկին ընթացքին սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Տիկ. Միրիամ Սքաֆ, Տոքթ.Ռաֆֆի Պարտաքճեան եւ Զօր. Նարեկ Աբրահամեան:

Զօր. Աբրահամեան իր խօսքին մէջ, ի միջի այլոց հետեւեալ կոչը ըրաւ. «Քաղաքացիական միասնութեան ոգիով պէտք է «ոչ» ըսենք աւազակութեան եւ սուտի վրայ հիմնուած ներկայ քաղաքական դրութեան եւ ձախողած վարչակարգին, եւ ապա, փորձենք ինչ որ դրական փոփոխութիւն մտցնել մեր երկրին մէջ»:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած ձեռնարկին աւարտին ներկաները սրահէն բաժնուեցան այն հաստատ յամոզմամբ, որ Մայիսի 15-ին պէտք էանվեհեր քալել դէպի քուէատուփեր, նշեալ ընտրական օրին աւարտին  դարձեալ հաւաքուելու՝ միասնաբար տօնելու համար ՌԱԿ-ի զօրակցած թեկնածուներուն յաղթանակը, որ ի վերջոյ ազատախոհ ու պարկեշտ Լիբանանցիին ու մեր աննման Լիբանանին յաղթանակը պիտի ըլլայ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին