Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցէ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Սկիզբ ժամերգութեան ժամը 8:00
Սկիզբ Ս. Պատարագի ժամը 10:00
Հայրապետական Պատգամ ժամը 11:00
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը։
Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու Ս. Պատարագին, լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշափառ խորհուրդով։
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Զատկուան շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի Վեհարանին մէջ Ս. Պատարագէն ետք մինչեւ կէսօրուան ժամը 01:00, իսկ կէսօրէ ետք՝ 04:00-էն 07:00: