Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Համօ Սահեան

Համօ Սահեան (14 Ապրիլ 1914, Լոռի – 17 Յուլիս 1993, Երեւան), բանաստեղծ։

Ծնած է Սիսեանի մօտ, գիւղացի ընտանիքի մը մէջ։ Դեռ պատանի՝ ընտանիքը փոխադրուած է Պաքու, ստացած՝ միջնակարգ ուսումը, աւարտած՝ մանկավարժական հիմնարկ ու գործած՝ մամուլի մէջ։ Միաժամանակ՝ լոյս ընծայած է քերթուածներու առաջին հատորները։

Սահեանի բանաստեղծութիւնները տպագրուած են դեռեւս 30-ական թուականներէն, սակայն համընդհանուր ճանաչման արժանացած է ռազմաճակատ եղած ընթացքին «Նայիրեան Դալար Բարտի» բանաստեղծութեամբ, զոր յատկանշական է Հայաստան երկրի հանդէպ կարօտի յուզական բռնկումով եւ անմիջականութեամբ։

1951-ին հաստատուած է Երեւան, ուր շարունակած է գործել մամլոյ («Աւանգարդ», «Ոզնի», «Գրական Թերթ») եւ վարչա-մշակութային հիմնարկներու մէջ, միւս կողմէն արտադրելով բանաստեղծական նոր գործեր։ Ունի նաեւ բանաստեղծական գործերու՝ թարգմանական ճոխ վաստակ, ռուս եւ խորհրդային ժամանակաշրջանի այլ գրականութիւններէ։

Մահացած է Երեւան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին