Սրտի դառն կսկիծով իմացանաք հաւատաւոր միութենական Յարութsիւն Պալեանի շիջումը:
Հանգուցեալը պատանի տարիքէն մուտք գործած է ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի շարքերը: Եօթանասունական թուականներուն մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համալսարանական-ուսանողական վարչութեան, պաշտօնավարած է ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան- Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանին մէջ, բծախնդրութեամբ վարած է ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնի վարիչ տնօրէնի պարտականութիւնը:
Հաւատաւոր միութենական Յարութիւն Պալեանի յիշատակը վառ պիտի մնայ բոլոր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ականներու սրտին մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: