Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ

Կիրակի, 10 Ապրիլ 2022-ին, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴի տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

պիտի պատարագէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Սկիզբ ժամերգութեան                    ժամը  08:30

Սկիզբ Ս. Պատարագի                    ժամը  10:30

Մանուկներու Թափօր                    ժամը  11:00

 Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր Հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա զիրենք պիտի ընդունի Վեհափառ Հայրապետը։

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 04։00-ին, տեղի պիտի ունենայ ԴՌՆԲԱՑԷՔի արարողութիւն,

նախագահութեամբ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

պիտի քարոզէ

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ Անմահ Պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին