Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Ուրբաթ, 11 Մարտ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսին։

Պատուիրակութիւնը նախ ընդհանուր զեկոյց մը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, Մ.Ա.Ե.Խ.ի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ, ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուելու Եգիպտոսի մէջ տեղի ունենալիք Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր համաժողովին եւ իր խօսքը ուղղելու։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելէ ետք պատուիրակութեան անդամները, կարեւորութեամբ շեշտեց Մ.Ա.Ե.Խ.ի նոր մղում տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքներ իրագործելու անյետաձգելի հրամայականը, յատկապէս շրջանը եւ եկեղեցիները դիմագրաւող ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին