Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Կը Թելադրենք Մօտիկին ու Հեռուին՝ Երկսայրի Սուր Չգործածել

Երէկ, Լիբանանեան մամուլին մէջ հանդիպեցանք ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնն ու անոր ատենապետը, իբր թէ վարկաբեկել փորձող ցնորամիտ յանկերգ մը:

Պատճառը ըստ երեւոյթին կողքի սիւնակին մէջ տեղ գտած՝ ընկ. Յակոբեանի յանդուգն ու տեղին յայտարարութիւնն էր շնորհուած նոյն այդ մամուլին: Յայտարարութեան անկեղծ  բովանդակութիւնը նեղացուցած ըլլալու է անոր մէջ ակնարկուած՝ նախընտարական օրերուն եւ ընդհանրապէս, արդէն իսկ շփոթի ու խուճապի մատնուած կուսակցութիւնը: Կուսակցութիւն մը, որ ընկ. Յակոբեան որոշ փափկանկատութեամբ մը չէր անուանած:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակին մէջ բուսած հերձուած մը՝ մանկլաւիկը ակնարկուած կուսակցութեան, երեւի դարձեալ հենելով նշեալ կուսակցութեան խարխլած սիւներուն՝ փորձած էր առիթէն օգտուիլ:

Առ այս, օգտուելով Լիբանանի մամուլի օրէնքին ընձեռած պատասխանի իրաւունքէն, այսօր իսկ նման յերիւրածոյ նիւթեր տարածողներուն պատշաճ պատասխանը կը տրուի:

Մինչ այդ յարմար կը տեսնենք ազնուօրէն զգաստութեան կոչ կ՛ուղղենք բոլոր անոնց, որոնք նման աժան միջոցներու կը դիմեն ինքնահաստատումի նպատակներով: Այս առիթով, կը թելադրենք մօտիկին ու հեռուին՝ երկսայրի սուր չգործածել, եթէ իրենց վրայ վերցնել չեն ուզեր անոր հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը:   

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին