Շաբաթ, 20. 04. 2024

spot_img

Հոգեհանգիստ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Վազքի մէջ ինչե՜ր կորան: Ոչ  միայն արագութիւնն է կլանողը իրականութեան, այլ՝ նայուածքը, երբ աչքերը յառած են հեռու հորիզոնին, բնականաբար կ՛անտեսուի ոտքի մօտ եղած տունկը, կը տրորուի ու զայն տրորողը իր նպատակասլացութեան ջերմութեամբ ոգեւոր՝ աւելի հեռուն կը տեսնէ: Այսինքն՝ հեռուն աւելի՛ մօտ կ՛ապրի քան՝ անմիջական մօտը որ ունի իրեն յատուկ ջերմութիւն եւ գրաւչութիւն ու գուցէ աւելի՛ հեռուին համար ալ ան նոյն հեռուն է որ կը հետապնդուի…:

Շրջան մը մեր ընկերական խօսակցութեան մէջ  «ծառի եւ անտառի» յարաբերութեան մասին կը խօսուէր: Ուրեմն կարեւորագոյնը ամբողջութիւնը տեսնելն է իր մանրամասնութիւններով, որպէսզի քննարկուի ու ի յայտ գայ նիւթին ամբողջական իրականութիւնը: Կարճ. ծառը եւ անտառը: Մօտը եւ հեռուն, եւ իրարմով կ՛ըլլան ՄԷԿ:

«Նորութիւն չկայ արեւուն տակ» կը կարդանք Ժողովողի գրքոյկէն: Անցնինք անցեալ.- Քանկ Ֆու Ցէ իր աշակերտներով կը պտըտէր քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, ուսուցանելու, իր հետ ունենալով իր հետեւորդները. կ՛ըսուի թիւով եօթանասուն: Ինչ եւ է: Խնդիրը ի հարկէ թիւին վրայ չէ այլ՝ շրջագայութեամբ ուսմունք, դաստիարակութիւն տարածելու իր ապրած միջավայրին մէջ: Զի որքան նոյնանման ըլլան մտածողութիւնները, այնքան կառավարելի կ՛ըլլան ի հարկէ ժողովուրդները…

Երկու հազար տարի առաջ ալ մեր Տէր Յիսուս իր աշակերտներով, զորս Ինք ընտրած էր, Հրէաստանի մէջ  եւ  շրջակայքը քարոզչութիւններ կ՛ընէր, բժշկութիւններ եւ այլ հանրoգուտ գործառնութիւն: Գլխաւորը սակայն ուսմունքն էր ի շահ ժողովուրդի մակարդակի բարձրացման: Ի  հարկէ շատերու համար խորթ եւ բարդ ըլլալով չէին կրնար ընկալել տրուածը ամբողջութեամբ: Առ այդ, Ան տարբեր  վայրերու մէջ գուցէ եւ  որոշ ընտրեալներու բացատրութիւն կու տար Իր խօսածներուն մեկնութիւնը՝ որպէսզի հասկնալի ըլլայ: Մէկ ոչխարի առակով կրնանք եզրակացնել թէ որքա՜ն արժէք էր անհատ մը: Վերջապէս հաւաքականութիւն մը անհատներու    խմբաւորումն է: Հուսկ՝ տեսնել, նկատի առնել, առ այդ գործել  յանուն մակարդակի բարձրացման: Ա՛յդ է եղած Մեծերու առաքելութիւնը դարերէ ի վեր, մանաւանդ որ անոնք վախ չունին զիրենք գերադասելու կարողութեան մէջ եղողներէն…: Անոնց խօսքերը հասած են մեզի, որոնք տակաւին կը հրահրեն, կ՛առինքնեն ու նիւթ կը դառնան ներկայ իրավիճակէն անցնելու աւելի բարեկիրթ վիճակի:

Սակայն ի՞նչ  է արդեօք փոխուեր  խորքին մէջ մեր ապրած իրավիճակին: Ես տեսած չունիմ: Նոյն երէկը ամենօրեայ նոյն լուսինը պարտուած ու որբ: Երէկը կ՛ապրինք տակաւին որքան ալ նայինք հեռուն. Ի զուր: Հարկ կը զգանք նայելու հեռու հորիզոնին, անկէ յուսալով նշոյլ մը յառաջդիմութեան: Սակայն կը սպասենք: Յոյսը միշտ ալ եղած է վերջին հանգրուանը անկեալին:

Փոքր մէջբերում մը Սօս Սարգսեանէն.- «Սակայն քաղաքը քաղաքի էր նման իր մակարդակով, որոնք երբեք փոքրի վրայ ձեռք չէին բարձրացնի»(2009 ՄՈՆՈԼՈԳ):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին