ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետին Յայտարարութիւնը
Այլամերժութիւնն ու նեղմտութիւնը մեզի համար անհանդուրժելի երեւոյթներ են որոնց դէմ պայքարած ենք միշտ:
Ցաւօք սրտի, լիբանանահայ կեանքին մէջ կայ կուսակցութիւն մը, որուն կը թուի, թէ Հայ ըլլալը իրեն վերաբերող առանձնաշնորհում է: Այս պարագան անշուշտ այլամերժութեան ծայրայեղ վիճակ է, որ կը բանեցուի տուեալ կուսակցութեան կողմէ:
Խօսքը Լիբանանի քաղաքական կեանքի մէջ եւս տարիներէ ի վեր ի գործ դրուած ցաւալի իրականութեան մը մասին է. այլամերժութիւն ու անհանդուրժողականութիւն, որոնք տուեալ կուսակցութիւնը բնորոշող յատկանիշներէն են:
Այս հարցին մէջ մենք ունինք դառն փորձառութիւնը խնդրոյ առարկայ կուսակցութեան հետ: Այդ կուսակցութիւնը ժամանակին չէր կրցած հանդուրժել մեր կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու, ապա արժանաւորապէս ընտրուած՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեանին եւ այլոց, որոնց գաղափարականը չէր համընկնիր իր գաղափարականին հետ:
Այլամերժութեան միեւնոյն տրամաբանութեամբ ու միջոցներով խնդրոյ առարկայ կուսակցութիւնը, այսօր կը պայքարի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու՝ Փոլա Եագուպեանին դէմ, զինքը պիտակաւորելով, որպէս ո՛չ Հայ:
Այդ կուսակցութիւնը ինքզինքին իրաւունքը տուած է «ազգային տարրալուծարան» մը ըլլալու: Ինքզինքին վերապահած այս ծիծաղելի հանգամանքով ան կամայականօրէն «արեան քննութիւն» կը կատարէ եւ Հայ ըլլալու կամ չըլլալու վկայական կու տայ մարդոց: Այս մէկը, ընթացք մըն է, որ բացարձակապէս կը մերժենք: Աւելի եւս կը մերժենք հատուածապաշտութիւնը երկրի մը մէջ, որուն սահմանադրութիւնը յստակօրէն կը նշէ, որ երեսփոխան մը ազգին երեսփոխանն է եւ ո՛չ երկրին բաղկացուցիչ հատուածի մը:
Հետեւաբար, այսօր մեր դիրքէն եւ միանգամ ընդմիշտ կը յայտարարենք, որ այն ինչ, որ ժամանակին չընդունեցինք մեզի համար, կը մերժենք նաեւ ընդունիլ, որ այսօր, Փոլա Եագուպեանին կամ այլոց դէմ գործադրուի: Մենք հպարտ ենք յայտարարելու, որ Փոլա Եագուպեանը, որպէս Հայ ազգի արժանաւոր զաւակ, կը ներկայացնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ մենք, մեր կարգին զինք կը ներկայացնենք եւ իր համալիբանանեան սկզբունքները կը բաժնենք:
Այս անգամուայ համար կը բաւարարուինք յայտարարելով այսքանը: Յոյսով ենք, որ կարգ մը մարդիկ իրենց մօտեցումն ու վերաբերմունքը կը բարեփոխեն յանուն արդար, քաղաքակիրթ եւ լիբանանեան իրականութեան մէջ դրական լուրջ փոփոխութիւններու տեսլական ունեցող երեսփոխանական ընտրութիւններու, որուն կայացման շեմին կը գտնուինք մենք այսօր: