Երեքշաբթի, 23. 04. 2024

spot_img

Վերջին Օծում Եւ Թաղման Կարգ Հոգելոյս Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէպէրեանին

Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին ղօղանջը թաւաձայն հնչեց եւ վերջին անգամ ըլլալով Ս. Խորան բարձրացաւ լուսահոգի Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեանը։

Յընթացս Ս. Պատարագին, վերջին օծման եւ թաղման կարգը գլխաւորեց Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանը։ Վախճանեալ հայր սուրբին դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ Ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր հոգեթով շարականներու երգեցողութեամբ հերթաբար դէպի Արեւմուտք, Արեւելք ու Հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք սրբազանը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց հանգուցեալ հայր սուրբին ճակատն ու աջը։

 Այնուհետեւ, սրբազան հայրը իր դամբանական խօսքին մէջ նշեց, որ այս կեանքը պարզապէս ճամբայ մըն է, ուրկէ մեր մարմինը կ՚անցնի, իսկ հոգին կը միանայ այն Աստուծոյ, որուն, յատկապէս այս պարագային՝ հոգեւորականներս, ուխտած ենք ծառայել եւ պաշտել։ Մէջբերելով «Ողջո՛յն քեզի» յուզումնախառն երգէն՝ ըսաւ, որ հայր Վահանն էր հրաժեշտի խօսքերը արտասանողը.- «Մնաք բարով եկեղեցի, մնաք բարով Ս. Սեղան, մնաք բարով հոգեւոր եղբայրներ եւ մնաք բարով ժողովուրդ»՝ ընդգծելով, որ վախճանած հայր սուրբը իր ծառայական կեանքը, Լիբանանի, Վենեզուելլայի, Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ վերջապէս իր ծննդավայր Սուրիոյ մէջ, անցուցած է խոնարհաբար, նուիրաբար եւ այնպէս, ինչպէս Աստուած կը կամենար. «Այսպէս ճանչցանք հայր Վահանը 62 տարիներ առաջ, երբ, իբրեւ դասընկեր, Դպրեվանք եկաւ եւ իր աշխատասիրութեամբ աւարտեց Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի կարգերը։ 55 տարիներ առաջ ձեռնադրուեցաւ եւ այդ օրուընէ սկսեալ իր հաւատարմութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մնաց անսասան»։ Շարունակելով իր խօսքը՝ սրբազան հայրը վկայեց, որ Կաթողիկոսարանէն եւ թեմերէն ներս հայր Վահանը համեստութեամբ ստանձնած է իրենց վստահուած պաշտօնները՝ ամբողջովին նուիրուելով հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր անձին մեծութիւնը տուեալ պաշտօնին մէջ չփնտռելով, այլ՝ ստանձնած պաշտօնը իր ծառայութեամբ բարձրացնելով։

 Դամբանականէն ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, միաբան հայրերը Ս. Խորան բարձրացան ու վերջին հրաժեշտը տուին հոգելոյս հայր սուրբին՝ անոր օծեալ ճակատն ու աջը համբուրելով։

 Ս. Պատարագի աւարտին, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ Գերեզմանի Կարգը, ինչպէս նաեւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքման արարողութիւնը։

 Նշենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ֆիզիքապէս ներկայ չէր կրցած ըլլալ սոյն արարողութեան թագաժահրով վարակուած ըլլալուն պատճառով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին