spot_img

Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք – Կերպար Գ.

Յուշեր և Մանրապատումներ

ԿԵՐՊԱՐ Գ.

«Օսմանագէտ»՝ Ընկեր Գ. Գ.-ն

Պէյրութի ծովեզերեայ քորնիշին վրայ քալած պահուս, օր մը պատահմամբ հանդիպեցայ ընկեր Գ. Գ.-ին, որ նշանաւոր էր այն հանգամանքով, որ բոլոր արաբական երկիրներու ուսումնարանները թողած, իր «արաբագիտութեան» վկայականը ստացած էր աշխարհագրականօրէն՝ ինչպէս նաեւ մշակութապէս Արաբական աշխարհէն հեռու երկրի մը համապատասխան հիմնարկէն (կամ գոնէ մեզի այդպէս ըսուած էր):

Նշեմ, որ իր «մասնագիտութեան» կողքին ան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, օգտուելով պատերազմող զինեալ կողմի մը հետ իր ունեցած բարեկամական կապերէն, Խորհրդային Միութեան մէջ ուսանողի հանգամանքով սակայն զբօսաշրջիկի կարգավիճակով տարիներ մսխած մեր շարք մը ընկերներուն ձեռք բերած «վկայականներուն» լիբանանեան օրինական համարժէքը ձեռք բերելու իր աշխատանքով ժողովուրդին բերաններուն մէջ, կամ աչքերը թէ ֆիզիքական այլ օրկանները իբր թէ բուժել փորձելով, խեղճերուն առողջութեան հաշւոյն բժշկութիւն սորվող նշեալ տղաներուն օգտակար հանդիսացած էր:

Տարիները իրենց հետքը ձգած էին արդէն իսկ այդ պահուն տարէց համարուող մեր ընկերոջ ֆիզիքականին վրայ: Որպիսութիւնը հարցնելէ ետք հետաքրքրուեցայ եթէ տակաւին կը դասաւանդէ: Իրեն յատուկ կիսահայերէն առոգաբանութեամբ մը, հարցումիս դրական պատասխանեց, նշելով իր Պէյրութի բնակավայրեն բաւական հեռու, Լիբանանի հարաւը ինչպէս նաեւ արեւելքը գտնուող Լիբանանեան պետական համալսարանի մասնաճիւղերուն անունները:

Անմիջապէս անդրադարձայ, որ բնականաբար կարելի չէր իր «արաբագիտութիւն»-ը յաւիտենական ծախել մայրաքաղաքին մէջ, եւ մտածեցի թէ իր համար աւելի հեշտ եղած ըլլալու է տեղաւորուիլ նշեալ հեռաւոր ու նուազ զարգացած նահանգներու համապատասխան ուսումնարաններուն մէջ, քանի անոնք ալ միշտ դժուարութիւնը ունեցած պիտի ըլլային դասախօսներ գտնելու:

Փորձուեցայ հարցնել, թէ ի՞նչ նիւթեր կը դասաւանդէ այնտեղերը: Պատասխանեց. «Օսմանագիտութիւն»: Քիչ մը զարմացած հարցումիս, թէ արդեօք ինք օսմաներէն գիտէ՞, անմիջապէս պատասխանեց, թէ ինք չի գիտեր, սակայն անոնք ալ չեն գիտեր…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաջորդիւ՝

Կերպար Դ.

Անմիջական ու Ժողովրդական՝ Ընկեր Ա.Պ.-ն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին