Ուրբաթ, 26. 04. 2024

spot_img

Մեթրին Գործը Պիտի Շարունակենք

Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)

«Ամէն մարդու կեանքը նոյն ձեւով կ’աւարտի:

Միայն կեանքի մանրամասնութիւններն են,

որոնք կը զատորոշեն անձ մը ուրիշէն»:

Ըրնեսթ Հեմինկուէյ, 20-րդ դարու ամերիկացի գրող

Լիբանանահայ իրաւաբան եւ մտաւորական Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի կորուստը ծանր հարուած էր արեւմտահայութեան սրբազան Դատին: Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինը կորսնցուց իր գաղափարախօսը եւ ուղեցոյցը: Մեթրին մահով, արեւմտահայութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը կորսնցուցին հայոց իրաւունքներու վերականգնումի մեծ պաշտպան մը:  Կորսնցուցինք մեծ հայ մտաւորական մը, որ իր հողին կարօտ հայ ժողովուրդի յոյզերուն թարգմանն էր իր բեղուն գրիչին, հրապարակագրական յօդուածներուն եւ իր հրապարակախօսութեան միջոցով:  Հայ Դատի մեծ պաշտպան մը կորսնցուցինք: Մեթր Տէրտէրեան Տարագիր Արեւմտահայութեան Քոնկրէսի հիմնադիրներէն էր: Այս Քոնկրէսին նպատակն էր արեւմտահայութեան Դատին շուրջ համախմբել հայրենասէր մտաւորականներու հոյլ մը եւ դառնալ ներկայացուցչական մարմին մը մեր ազգը ներկայացնելու համար միջազգային ատեաններու առջեւ: Այս գործը մնաց կիսատ կարգ մը հայ քաղաքական գործիչներու անփութութեան պատճառով: Ան մեծ քաջալերող մըն էր մեր քայլերուն, երբ 2020 տարուան Ապրիլին սկսանք  Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինի հիմնումին: Միշտ կը սպասէր մեր լաւ լուրերուն: Մեծ հաւատք ունէր մեր կատարած գործին հանդէպ: Կը հաւատար որ այս շարժումը կորիզը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի արդար Դատը հետապնդող հայրենասէր մտաւորականներու եւ գործիչներու փաղանգին, համախմբելով կուսակցական, միութենական, հայրենակցական եւ անկախ գործիչներ:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան պիտի յիշուի որպէս երկխօսութեան հաւատացող մտաւորական: Տիալեքթիքան իր զէնքն էր, զոր միշտ օգտագործեց խարազանելու համար մեր ազգին մէջ գտնուող ազգադաւ քաղաքական գործիչները եւ օտար գործիչներ, որոնք կը ծառայէին սիոնիզմի, փանթուրքիզմի եւ այլ վտանգաւոր միջազգային շարժումներու: Այս շարժումներն էին, որոնք մեծ վնաս հասցուցին մեր Դատին եւ իրենք էին ծրագրողները բոլոր արհաւիրքներուն, որոնք եկան մեր գլխուն: Իր հակառակորդները կրնային հակառակիլ իր գաղափարներուն, սակայն միշտ կը յարգէին իր կարծիքը, որու ակունքներն էին միջազգային օրէնքը եւ հայ ժողովուրդի Դատին անկորնչելիութիւնը ու եղբայր ժողովուրդներու օժանդակութիւնը, «Մարդը մարդուն եղբայր եւ ոչ թէ մարդը մարդուն գայլ» լոզունգով: Մեթրը մեծ հաւատացող մըն էր ժողովուրդներու եղբայրութեան: Ան իր երկերը կը հրատարակէր նաեւ արաբերէն լեզուով, որպէսզի արաբ ընթերցողն ալ իրազեկ դառնայ մեր Դատին եւ իր կարգին օժանդակէ հայ եղբայր ժողովուրդի արդար Դատին: Հարիւրաւոր արաբ մտաւորական բարեկամներ ունէր, որոնց հետ կը բաժնէր Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու արդար դատերու հետապնդումի սրբազան գործը:

Որպէս Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի ատենապետ, կը կազմակերպէր գրական եւ մտաւորական բարձր մակարդակի հանդիպումներ: Շատ անգամ Գրական Շրջանակին մէջ ներգրաւած է հայկական այլ կուսակցութիւններու պատկանող գործիչներ: Նպատակը անշուշտ հայ ժողովուրդի զաւակներու համախմբումն էր մէկ սրբազան նպատակի շուրջ: Մեթր Տէրտէրեան մեծ հրապարակախօս էր եւ իր ասուլիսներուն ներկայ կը գտնուէին բազմաթիւ մարդիկ, որովհետեւ կը խօսէր հայ մարդուն խիղճին վրայ ազդող հարցերու մասին, անվախօրէն եւ առանց պահուըտելու: Ան պիտի մնայ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ ամենակարդացուած հրապարակագիրներէն մէկը, որու յօդուածները եւ երկերը ապագային պիտի ծառայեն որպէս աղբիւր գրելու համար հայկական Դատին եւ հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու մասին: 

Մեթրին կատարած սրբազան աշխատանքը շարունակողներ վստահաբար պիտի ըլլան: Արեւմտահայութեան Գերագոյն Խորհուրդի հիմնադիր մարմինը լիովին նուիրուած է այդ գործը շարունակելու քայլերուն, գիտակցուած եւ ծրագրուած քայլերով: Կատարուած բարի աշխատանքը կը նմանի ցանուած հունտերու: Անոնք անպայման կը ծլին, կը ծաղկին եւ արդիւնք կու տան: Այն մտաւորականները, որոնք հաւաքուած են Մեթրի գաղափարախօսութեան շուրջ, պիտի ըլլան անոր գործը շարունակողները: Պիտի ըլլան այն հունտերը զոր Մեթրը ցանեց մեր ազնիւ ժողովուրդի պարտէզին մէջ: Այդ բարոյական մարդիկ պիտի դառնան ծաղիկներ ու պիտի փորձեն փոխել մեր ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթը:

Լոյսերու մէջ մնայ հոգիդ ազնիւ Մեթր: Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդի անդամներ եւ համակիր երիտասարդներ կ’ուխտեն շարունակել քու սկսած գործդ: Անոնք եւ հայ ժողովուրդը միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն իրենց Դատի աննկուն պաշտպաններէն երախտաւոր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը:

Արեւմտահայութեան Ազգային Գերագոյն Խորհուրդ-ի

Հիմնադիր Մարմին

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին