Նուիրուած՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Ծննդեան 88ամեակին (ԶԱՐԹՕՆՔի Յատուկ Թիւ)
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ոմանց համար ծայրայեղ գաղափարապաշտ մըն էր ան, իսկ ուրիշներու սահմանումով սկզբունքի տէր եւ անբասիր առաքեալը երէկուան պարտուած գաղափարախօսութեան մը:
Գասպար Տէրտէրեանը արդարեւ հայ ժողովրդն ու հայրենիքը ընդունած էր իբրեւ երկու սրբութիւններ: Սակայն մայր Հայաստանի գոյութեան, ապահովութեան եւ բարգաւաճման միակ երաշխիքը կը գտներ Մոսկուայի մէջ: Իր սերնդակիցներուն մէջ գոյութիւն ունէին հոյլ մը հայ մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բաժանորդագրուած էին այս դպրոցին: Նման անձնաւորութիւններ իրենց հարած քաղաքական միջազգայնական սկզբունքներէն թելադրուած՝ Քրեմլինի կողմէ առնուած որեւէ որոշում, որքան որ ալ կործանարար հետեւանքներ ունեցած էին Հայաստանի համար, կ՛ընդունէին որպէս կրօնք:
Գասպարը էր եւ մնաց սովետասէր-հայրենասէր: Իր ետին թողած յօդուածներու հարուստ ժառանգութեան մէջ, միշտ խնդրական պատմական տուեալներով փորձած էր փաստարկել թէ Ռուսիան՝ սովետականացումէն առաջ, սովետական վարչակարգի ընթացքին եւ այսօր ալ՝ Փութինեան իշխանութեան օրօք, մնացած է Հայաստանի կողքին: Պատմական իրողութիւններ մեծապէս վիճելի կը դարձնեն այս տեսութիւնը: Լաւագոյն ապացոյցը՝ արցախեան վերջին պատերազմին Մոսկուայի որդեգրած պատեհապաշտ դիրքորոշումն է անշուշտ:
Գասպարը չէր կրնար ընդունիլ թէ քաղաքականութեան մէջ, ազգերու միջեւ յարաբերութեանց մէջ չկան մնայուն բարեկամներ եւ չկան մնայուն թշնամիներ. այլ մնայուն շահեր միայն:
Վաղ պատանեկութեանս տարիներուն, Գասպար Տէրտէրեանը կեանքէն աւելի մեծ մէկն էր: Քաջ կը յիշեմ 1958-ի քաղաքացիական խլրտումներու շրջանին, Պէյրութի Պասթա թաղամասին մէջ ընդդիմադիրներու ռատիոկայանէն արաբերէն լեզուով հաղորդումներ կը կատարուէր, որուն առընթեր՝ կէս ժամ տրամադրուած էր հայերէն լեզուով յայտագրի մը: «Հոս ձայնն է արաբականութեան, ձայնը արաբական ազգայնականութեան», այս յանկերգով ընթացք կ՛առնէին առօրեայ հաղորդումները որոնց կը հետեւէինք մեծ զգուշութեամբ, որովհետեւ, մեր բնակած շրջանը հակադրուած էր ընդդիմադրութեան:
Յամառ շշուկներու ականջալուր կ՛ըլլայինք թէ առնական հաստատ շեշտով անթերի արաբական լեզուով եւ առոգանութեամբ այդ խօսուն հաղորդումներուն հեղինակն ու խօսնակը նոյն ինքն Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն էր:
Տխուր օրեր էին անշուշտ, ընդհանրապէս Լիբանանի, սակայն մասնաւորաբար՝ հայ համայնքին համար: Եղբայրասպան հակամարտութեան զոհ գացին աւելի քան հարիւր հայ երիտասարդներ: Դժբախտութեան այս ճիրաններէն սակայն դուրս եկաւ դրական զարգացումը: Մինչեւ այս աղիտալի թուականը, հայկական իրականութեան մէջ, միայն մէկ կուսակցութիւն կար, որ բռնարարքներու կը դիմէր՝ անպատիժ լռութեան դատապարտելու իր հակառակորդները: Կողմերու միջեւ ուժերու հաւասարակշռութիւն հաստատուած էր միանգամ ընդմիշտ «իրար հասկացութիւն» գոյացած էր վերջ տալու միակողմանի բռնարարքներու:
Յաջորդող տարիներուն, Ազարիէի շէնքին երկրորդ յարկը պատանեկութենէն երիտասարդութիւն թեւակոխած տարիներուս, յաճախ տեսակցութիւններ կ՛ունենայի իր հետ: Սուրճի գաւաթի կողքին, ան դիզած կ՛ըլլար գիրքեր եւ մեծ խանդավառութեամբ կը բացատրէր ինծի Մարքսիզմի «տիալեքտիկական մաթերիալիզմը»: Լաւ կը յիշեմ, երբ մէկէ աւելի առիթներով, երբ չէի կրնար զսպել հետաքրքրութիւնս եւ հարց կու տայի թէ ինքն էր ընդդիմադրութեան խօսնակը, ան միշտ կը խուսափէր պատասխան տալէ:
Նոյնիսկ Սովետ Միութեան համայնավար վարչաձեւին անփառունակ եւ անխուսափելի փլուզումը չկրցած քանդել Գասպարին խոր համոզումը այս գաղափարախօսութեան նկատմամբ:
Գասպարը մնաց յախուռն կառչած իր դաւանանքին, իր գաղափարախօսութեան եւ սովետասէր իր դաւանանքին: Հակառակ իրեն դէմ ուղղուած ցեխարձակումներուն, ան մնաց վեհ եւ հաստատ: