Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – 2- Խալիֆայութեան Մը Շեմին

Փրոֆ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

15 մարտ 2011 թուականին Սուրիոյ հարաւային շրջաններէն՝ Տարաայի նահանգէն լարուածութիւնը ծայր առաւ եւ աննախատեսելի քաղաքացիական ներքին տագնապի վերածուելով տարածուեցաւ երկրի ամբողջ տարածքին (1)։ Իտլիպի նահանգը ընդհանրապէս եւ Ճըսըր Շղուրէն դէպի հիւսիս մինչեւ Եագուպիէ 15 քիլոմեթր տարածքները, եւ անկէ անդին մինչեւ թրքական սահման մօտաւորապէս 5 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ, մեծամասնութեամբ սիւննի արաբ գիւղերով շրջապատուած տարածաշրջանին մէջ, կը գտնուէին իրար շատ մօտիկ երեք քրիստոնեայ գիւղեր՝ Եագուպիէն հայ առաքելականներէ եւ լատինադաւաններէ բաղկացած, Քընայէն՝ մեծամասնութեամբ լատինադաւան  եւ Ճտէյտէն՝ յոյն ուղղափառ համայնքով։ Այդ երեք գիւղերու Թուրքիոյ հետ սահմանային ամէնէն մօտիկ սահմանակէտը` արաբական Հասսանիէ (Hassaniyeh) եւ կամ թրքական Հաթիա (Hatya) կը կոչուի։ Այդ կէտէն դէպի հիւսիս եւ դէպի արեւմուտք կը գտնուի Հաթայ (Hatay) կոչուած մարզը:

1939 թուին, Ֆրանսայի հետ կնքուած համաձայնագիրով արաբական ուժերու կողմէ ազատագրուած Ալեքսանտրէթը կցուեցաւ Թուրքիոյ, որ զայն փութաց Հաթայ կոչել` թրքացման իր քաղաքականութեան ծիրին մէջ, այսինքն՝ նախկին Աղէքսանտրէթը կամ արաբերէնով Իսկանտարունը:

Սահմանամերձ Հաթայէն Թուրքիոյ քանդիչ դերը բացայայտ էր Սուրիոյ տագնապի ընթացքին։ Սուրիոյ Իսկանտարունի կցումէն ետք Թուրքիոյ հողային նկրտումները, հողային նուաճումներու ախորժակը տակաւին անաւարտ է ։ Զանազան ապահովական պատճառաբանութիւններով, Սուրիոյ հիւսիսէն նոր տարածքներ տիրանալու հետամուտ է։

Ըստ Թուրքիոյ դաշնակից երկիրներու յայտարարութեանց, Սուրիոյ տագնապի ժամանակաշրջանին զինեալ իսլամ ծայրայեղականներուն մեծաթիւ ներկայութիւնը եղած է Հաթայի մարզին մէջ, վաթսուն հազարէն աւելի հաշուող զինեալներու խմբաւորումներով։ Զինեալներու ներկայութիւնը կեդրոնացած էր ընդդիմադիր Սուրիական Ազատ Բանակի եւ հետագային կազմաւորուած ու այդտեղ տեղադրուած ուրիշ իսլամական՝ սալաֆի, ահաբեկչական ճիհատիսթ ըմբոստներու, ծայրայեղական խմբաւորումներու հետ, ինչպէս՝ Ալ-Քաիտան, Ճապհաթ Ալ-Նուսրան, Հայաթ Թահրիր էլ-Շէմ , Շամ ալ Իսլամ, Անսար ալ Շամ եւ այլն։

Թրքական յիշեալ տարածքներէն դէպի Իտլիպ նահանգի ամբողջ տարածքը դարձած էր ապահով զինակայան մը, ահաբեկչական կեդրոնական հաւաքավայր մը, արաբ եւ զանազան ազգութիւններէ մոլեռանդ վարձկան ահաբեկիչներէ, կրօնամոլ իսլամականներէ կազմուած խմբաւորումներուն համար:

Ահաբեկչական պատրաստուածութեամբ այսքան հսկայ թիւով մարզուած զինեալներ եւ գրոհայիններ կարող էին մարախի նման Սուրիոյ հիւսիսային Թուրք-սուրիական սահմանակէտերէն՝ Իտլիպի նահանգի զանազան շրջաններու մէջ արագ թափով տարածուիլ, գրոհային հարուածներ հասցնել։ Մանաւանդ, որ Թուրք-սուրիական սահմանակէտերէն մէկը միւսին ետեւէն անցան ընդդիմադիրներու, ըմբոստներու հակակշռին տակ։ Թրքական այդ տարածքներուն մէջ կը գտնուէին անոնց պատկանող հիւանդանոցները, զօրանոցները, զինապահեստները։ Բնական է, որ այդ զինեալներու բոլոր շարժումները, ահաբեկչական գործողութիւնները կը կատարուէին միայն թրքական բանակի հովանաւորութեամբ՝ հրամանով եւ ցուցմունքներով, արտօնութեամբ, հսկողութեամբ ու առաջնորդութեամբ, որոնք ուղղուած էին դրացի ինքնիշխան պետութեան մը խաղաղ քաղաքացիներուն եւ կառոյցներուն դէմ։ Ահաբեկիչ ծայրայեղականներու զինողն ու հովանաւորողը նոյն ինքն է, իր ծրագիրներուն համար զանոնք շահագործողը։

Սուրիոյ տագնապի հանդէպ Թուրքիոյ բացասական բեմագրութեամբ ծրագրուած դերը, անոր զինեալ հանգամանքներով մասնակցութիւնը՝  իր հողային տարածքներէն ապօրինի զինուած խմբաւորումներու  ռազմամթերքի տեղափոխութեան արտօնութիւնը եւ անոնց ահաբեկչական բնոյթով դիմադրութեան հովանաւորումը, արդէն փաստացի օրինազանցութիւն մըն է։ Ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ համագործակցելու եւ օժանդակելու վկայութիւն է, որ ինքնին յանցագործութեան արարք ու արտօնագիր է անոնց աւելի ազատ ու ինքնավստահ ահաբեկչական ծրագիրներ իրագործելու առումով։ Բացայայտ իրականութիւն է այդ տարածաշրջանի մէջ Թուրքիոյ ոճրամիտ քաղաքականութիւնը։

Սուրիական տագնապէն առաջ Իտլիպի նահանգի բոլոր շրջանները ամբողջութեամբ ենթակայ էին սուրիական պետական անկախ գերիշխանութեան, որ պահպանուած էր սուրիական ինքնիշխանութեամբ, պետական զoրքերու տիրապետութեամբ։ Սակայն այդ տիրապետութիւնը շրջուեցաւ 2011 թուականի վերջաւորութեան։

Անցնող տասներկու տարիներէ ետք, այդ շրջաններուն մէջ տակաւին բացակայ է Սուրիական պետական խնամատարութիւնը, իշխանութիւնը, անհեռանկար է սուրիական անկախ գերատեսչութիւնը։ Կարծես այդ շրջանները դրացի պետութեան՝ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող տարածքներ ըլլային, Թուրքիոյ տնտեսական խնամատիրութեամբ եւ  կենցաղային հոգածութեամբ, որ երբեմն ծրագրուած երաշխաւորութիւն մը կը յուշէ։ Միջազգայնօրէն այսօր անխախտ իրականութիւն է Թուրքիոյ ունեցած թշնամական, անպարկեշտ դերակատարութիւնը, տուեալ տարածաշրջաններու եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ Իտլիպ նահանգին եւ անոր պատկանող Եագուպիէի շրջանին մէջ։ Ակնյայտ է հոն իշխող ծայրայեղ իսլամականներու համակրանքը Թուրքիոյ հանդէպ, ուր անոնք այդ պետութեան անմիջական եւ ամբողջական ենթակայութիւնը կը վայելեն։ Կարելի է յիշել, որ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին իտլիպի արաբները հակապետական պահուածքով մը եղած են ընդդիմադիր խմբաւորումներու կողմնակիցներ, որու հետեւանքով ալ Իտլիպ նահանգը անոնց առանցքային յենակէտը դարձած էր։

Ճշմարտութիւն է, որ Եագուպիէն չէ ազատագրուած՝ տեղահանուած ուխտապահ եագուպիէցիները տուն ու գիւղ չեն վերադարձած. այնքան ատեն որ Թուրքիոյ թշնամական հովանիին տակ գործող ծայրայեղական իսլամականները եւ անոնց համակիրները գերակայութիւն են՝ գերիշխող բռնատիրական ներկայութիւն են այդ տարածքներուն վրայ, այս իրավիճակը աւելի խորացուցած է մարդասիրական ճգնաժամը:

Սուրիոյ հայ համայնքի վերջին կէս դարու պատմական ժամանակաշրջանին մէջ, հայութիւնը ընդհանրապէս հակամէտ էր Հայր՝ Հաֆէզ Ասատի եւ ներկայիս ալ հակամէտ կը մնայ որդի՝ Պաշշար Ասատի իշխանութեանց վարչակարգին։ Սուրիահայութիւնը իր յօժարութիւնը հիմնաւորած էր իշխող վարչակարգի հանդէպ վստահելի հաւատարմութեամբ, այլ խօսքով այդ համոզումը սուրիական հպատակութեան սուրիահայերու բարձր գիտակցութեան գործնակացումն էր։

Սուրիահայ քաղաքական միտքն անգամ չէր պատկերացներ կամ նոյնիսկ ուրիշ տարբերակներու մասին իսկ չէր մտածած, ոչ ալ կողմնորոշուած։ Անվերապահօրէն հաւատալով, որ այդ միակուսակցական եւ առանց ընդդիմութեան քաղաքական դրութեամբ անխախտ վարչակարգը իր ուժեղ քաղաքականութեամբ, անփոխարինելի եւ երկայնակեաց է։

Ուստի այդ դատումին համակիրներէն էին նաեւ Եագուպիէի հայերու մեծամասնութիւնը, ուրիշ դատողութեամբ կարելի չէր պատկերացնել անոնց պետականամէտ ըմբռնումը։ Սակայն Ասատներու կառավարութեանց հանդէպ հաւատարմութեան մօտեցումը ոչ միայն անպատշաճ էր, այլեւ փորձանք, զայրոյթ եւ թշնամանք էր իսլամ ծայրայեղականներու խուժաններուն եւ անոնց հովանաւորողներուն համար, որոնց միակ նպատակը ամէն գնով տապալել էր Ասատի վարչակարգը, ուրեմն պէտք էր կործանել ամէն կառոյց եւ խոչնդոտող խմբակներ կամ միաւորներ, մանաւանդ երբ անոնք քրիստոնեայ տարրերէ կազմուած են։

Տագնապի առաջին տարիներուն Եագուպիէի հայութիւնը զերծ չմնաց սպառնալիքներէ, առեւանգումներէ, բռնաբարումներէ, պղծումներէ եւ ոճիրներէ, որոնք ամէնօրեայ իրողութիւններ էին։ Ծայրայեղական իսլամականներ սկսած էին վայրագօրէն յարձակիլ քրիստոնեայ գիւղերուն վրայ եւ ներխուժել անոնց բնակարանները, կալուածներն ու արտերը։ Ուստի Եագուպիէցի հայերու դիմաց կը մնար երկու ընտրութիւն՝ կառչած մնալ իրենց գիւղին, հողին եւ ենթարկուիլ ջարդի ստոյգ ճակատագրին եւ կամ դիմել զանգուածային արտահոսքին հեռանալու գիւղէն, փրկելու համար իրենց կեանքը․ անոնք ուրիշ միջոց չունէին։ Հայերը դիմադրութիւն կամ ապստամբութիւն չէին կրնար ցուցաբերել եւ չցուցաբերեցին։ Եագուպիէի տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած  սուրիական պետական զօրաբանակն  անգամ պաշարուած էր, բայց ճարպիկ ու արագ ձեւով մը այդ շրջաններէն դէպի Ճըսըր Շղուր հեռացաւ, դաժան եւ աննկարագրելի բախումներու, ճակատամարտերու կուրծք տալու, ահաբեկչական վայրագ խմբաւորումներու գումարտակներուն դէմ։ Ճըսըր Շղուրը սարսափազդու մահաբեմ մը, անհաշիւ նահատակներու հողափոս մը հանդիսացաւ։ Ո՞ւր մնաց ափ մը անզօր եւ անզէն Եագուպիէի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը եւ կամ ընդդիմանալու այլընտրանքը մանաւանդ այդ վիթխարի թիւով կատաղի խուժաններուն դէմ ։

Զրպարտութիւն, նեղմտութիւն է գրել կամ արտայայտուիլ մտածելով, որ դրացի քրիստոնեայ գիւղերու հոռոմներն ու լատինները չլքեցին իրենց հողերը, մինչդեռ Եագուպիէի հայ առաքելականները փախան իրենց գիւղէն։ Իրականութիւն է նաեւ, որ հայերու կողքին դրացի գիւղերու հոռոմներէն ու լատիններէն շատ շատեր, այնքան արագ լքեցին ամէն ինչ, փախուստի դիմեցին իրենց սեփական հողերէն, երբ ծայրայեղ իսլամականներ ներխուժեցին այդ քրիստոնեայ երեք գիւղերը։ Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Սուրիոյ հիւսիսային հայաբնակ զանազան շրջաններու մէջ, օրինակի համար Քեսապի պարագային կը կարդանք՝ «Բոլորը փախուստի կը դիմէին դէպի Էքիզօլուք, փախչող ընտանիքները ուղղակի կ՛իջնէին Լաթաքիա, ոմանք կը շարունակէին դէպի Պէյրութ, մինչեւ իսկ Հալէպ․․․, քառասուն-յիսուն վայրկեանի ընթացքին Էքիզոլուքէն անցած էր Քեսապի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը` շուրջ 4000 հոգի ու հոնկէ` դէպի Լաթաքիա» (2) :

Եագուպիէի լատինները կամ կաթոլիկները, որոնք Եագուպիէի ստուար մէկ բաղադրիչն են, հայերու արիւնակիցներ են, ընդհանրապէս կը կռեն հայերու նոյնանման մականուններ (Քասսիս, Ճըղլ, Մսթրիհ, Տէր Գարգուր, Քըմայա, Խլլօ, Հատտատ, Պիթար, Խեչօ, Սղման եւ այլն), ընտանեկան եւ ազգականական կապեր ունին հայերու հետ, անոնց դաւանափոխութեան մասին անդրադարձը կարելի է հետագային ներկայացնել ։

Զինեալ ծայրայեղականները եւ մանաւանդ այդտեղ ժամանած իսլամական զանազան խմբաւորումներէն՝ Ճապհաթ Ալ-Նուսրային զինեալները, երբ գիւղ խուժեցին, լատիններու հոգեւորականները եկեղեցւոյ եւ յարակից շէնքերուն բանալիները յանձնեցին իսլամականներուն, որպէսզի փրկուին։ Ստորակայութեան հասնող այս զիջումն անգամ օգտաբեր չեղաւ․ անոնց եկեղեցիէն վար առնուեցան խաչերը, լռեցին եկեղեցւոյ զանգերը, անոնք ենթարկուեցան ընկերային սահմանափակումներու, կիներուն պարտադրուեցաւ գլխածածկ դուրս գալը եւ այլն։

Նոյնն էր նաեւ այդ շրջանին բոլոր քրիստոնեայ գիւղերուն մէջ մնացող քիչ թիւով քրիստոնեայ իրաւատէրերուն պարագան։ Ի վերջոյ ձեւով մը պէտք է տիրէր իսլամական խալիֆայութեան մը կառոյցի հիմնական բաղադրիչներէ բաղկացած համակարգ մը՝ կրօնական դատարան, բանտ եւ չարչարանքներու կեդրոններ, զինամթերքի շտեմարաններ եւ մանաւանդ կանանց եւ տղամարդկանց աղօթարաններ, այդ բոլորը տեղի ունեցած են օգտագործելով գիւղէն հեռացող եագուպիէցիներու բնակարանները, շահագործելով նաեւ անոնց առանձնատուները եւ կալուածները։

Սուրիոյ տագնապի շրջանին՝ 2012 թուականէն ետք դառնութիւններով լեցուն փորձութիւնները, խալիֆայութեան մը շեմին հասնող իրավիճակը գործադրուեցաւ Եագուպիէի մէջ։


  • «Զարթօնք» օրաթերթ 06 Սեպտեմբեր 2022 էջ 6 եւ 7;
  • Յակոբ Չոլաքեան, «Քեսապի երեք օրերը» (Երեւան, 2014) էջ 20 եւ 23

Շարունակելի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին