Հինգշաբթի, 02. 05. 2024

spot_img

Սրտի Խօսք Օշին Մոստիչեանի Յիշատակին

ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԵՔԵԱՆ

Խորունկ ցաւով իմացայ Ընկեր Օշին Լէոն Մոստիչեանի մահուան տխուր լուրը։ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան, բայց մանաւանդ պրազիլահայ գաղութի երեւելի ազգայիններէն էր ողբացեալը։

Տակաւին երիտասարդ տարիքին մասնակցած է ազգային-գաղութային կեանքին, մաս կազմելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար կառոյցներուն։ Ան վերջին մոհիկանն էր այն սերունդին, որ աւելի քան կէս դար նուիրուած էր հեռաւոր Հարաւային Ամերիկայի հայագաղութներու ձեւաւորումին, ազգային-եկեղեցական եւ կուսակցական կեանքի աշխուժացումին, բայց մանաւանդ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդումին։

Գաղութային թէ համազգային հարցերով ապրող, մտածող եւ տառապող հայ մարդն էր ան։ Անձնապէս վաստակաւոր ընկերոջ հետ ծանօթանալու, համագործակցելու եւ մտերմանալու առիթ ունեցած էի 80-ականներուն, երբ իբրեւ խմբագիր կը պաշտօնավարէի Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթին մէջ։  Ան, Սան Փաուլոյէն ժամանելով, յաճախ կը մասնակցէր Հարաւային Ամերիկայի մեր Շրջանակի ժողովներուն։ Երկու պատուական ղեկավարներու՝ Նահապետ Նահապետեանի եւ Օշին Մոստիչեանի ներկայութիւնը այդ ժողովներուն եւ ընդհանրապէս տեղւոյն գաղութային կեանքին,  անմոռանալի էջեր կը կազմեն յիշողութեանս մէջ, հարստացուցած ըլլալով նաեւ հոգիս։

   Այդ թուականներէն ի վեր մեր բարեկամութիւնը շարունակուած եւ աւելի քան ամրապնդուած էր հայրենիք կատարած իր յաճախակի այցելութիւններուն ընթացքին, ուր կը մասնակցէր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու թէ կուսակցական հանդիպումներու։ Աւելի քան տասնամեակ մը ան իր ժամանակը, եռանդը եւ կարողութիւնները ի սպաս դրած էր Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի ծրագիրներու յաջողութեան։

Օշին Մոստիչեանը ճանչցած եմ իբրեւ հայրենասէր, նուիրեալ եւ ազնուական հոգիի տէր անձնաւորութիւն մը, գաղափարական ամուր սկզբունքներով, մի՛շտ յառաջադէմ գաղափարներով,  կատակասիրութեան անգերազանցելի ձիրքով, եւ, մանաւանդ, անմիջական եւ հաճելի խօսակից։  Տակաւին ականջիս կը հնչեն մեր հեռաձայնային վերջին խօսակցութեան ընթացքին իր արտայայտած լաւատեսական տրամադրութիւնները, որով կը հաստատէր նաեւ թէ յառաջիկայ տարի դարձեալ պիտի այցելէ Հայաստան, քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք։

Ծանր այս կորուստին առիթով իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ այրիին՝ սիրելի Տիկին Սիւզիին եւ զաւակներուն՝ Ալինին եւ Անտրէ -Լէոնին, հարազատներուն եւ մտերիմներուն։

Ընկեր Օշինին պայծառ յիշատակը մի՛շտ պիտի մնայ մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Օշին։

Երեւան 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին