Շաբաթ, 04. 05. 2024

spot_img

Ազգային-Պետական Գործիչ, Գիտնական-Ակադեմական Հրանոյշ Յակոբեան

Գինեձօն՝ Եռահատորներու Հրատարակութեան Առիթով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ստորեւ կը հրապարակենք «Զարթօնք»-ի նախկին խմբագիր, կրթական մշակ եւ հրապարակագիր՝ ընկ. Պարոյր Աղպաշեանի խօսքը արտասանուած՝ ՀՀ  Սփիւռքի Նախարար  Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի եռահատորեակին՝ «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ  ուղին» շնորհանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ 15 Ապրիլ 2024-ին:


Այսօր, մեզի համար, ոչ միայն անհուն ուրախութիւն է, այլեւ՝ մեծ հպարտութիւն, որ մեր մէջ կը գտնուի բացառիկ անձնաւորութիւն մը, գերյարգելի հեղինակութիւն մը, ձեռնհաս պետական գործիչ մը, ազգային հրաշալի դէմք մը, փայլուն հրապարակագիր մը եւ արժանաւոր ակադեմական մը:

Անիկա ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆՆ է, որ անկախ Հայաստանի տարերքութեան մէջ, եղաւ անկաշsառ նուիրեալ մը, բեղմնալի աշխատունակ մը, դարձաւ յատենի իշխանութեան մէջ կորովի եւ անաչառ աւագանի մը, նաեւ նշանաւորուեցաւ պետական, կառավարական եւ ազգային կալուածներուն մէջ իր մեծղի ներդրումներով եւ անաչառ գործելաձեւերով:

Իրեն վստահուած կառավարական դիրքը, Սփիւռքի նախարարութիւնն էր, որ, վստահաբար, բոլորովին նոր աշխարհ մըն էր, բայց, իրեն համար անկարելիութիւններ եւ անծանօթութիւններ, անցարգելներ ու խոչընդոտներ չկային, շնորհիւ իր պրպտող միտքին, զօրաւոր անհատականութեան, վառ տեսիլքներուն եւ, ամենէն կարեւորը, իր զօրաւոր կամքին, դժուարութիւններ յաղթահարելու վճռակամութեան, առանց ընկրկելու, վհատելու ու նահանջելու:

Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, կար Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն (հիմնուած 1964ին), որ իր ժամանակին վիթխարի դեր խաղցաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ու ճիւղաւորման մէջ, բազմաթիւ ոլորտներէ ներս բանալով հայ միտքի ու գրիչի, գրականութեան եւ արուեստի, մշակոյթի ու կրթութեան լայնածիր պատուհաններ:

Սակայն, այն ինչ որ վիճակուած էր նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան, անտարակոյս, նախորդին շարունակութիւնը ըլլալով հանդերձ, կ’ենթադրէր աւելի լայն հորիզոններու ու հարթակներու ստեղծում, որուն իրագործման համար, Հրանոյշ Յակոբեանը դարձաւ, իրօք, յոյսի ու լոյսի վստահելի բերրի աղբիւր մը:

Մեր զրոյցներու ընթացքին, յաճախ անդրադարձած ենք Սփիւռք հասկացողութեան եւ անոր հետ առընչուած բազմագոյն, բազմատեսակ ու բազմադէմ հանգոյցներուն, զայն նկատելով բարդ ու կնճռոտ իրականութիւն մը, տակաւին իրեն յիշեցնելով կամ ուշադրութեան յանձնելով, որ մենք՝ սփիւռքահայերս, այդ մարզէն ներս այնքան ալ գիտակ չենք կամ նոյնիսկ, որոշ առումով՝ «խակ»:

Սակայն Հրանոյշ Յակոբեանը ըմբռնելով ու բաժնելով, Սփիւռքի կարգավիճակին հետ շփուելու դժուարութիւններն ու նրբութիւնները, առանց բարդոյթի ու վարանումի, լծուեցաւ շրջանցելու այն բոլոր, տեսանելի եւ անտեսանելի խոցերը, որոնք կրնային ցցուիլ իր առջեւ, փորձելով, կարելի միջոցներով ու ճիգերով, զօրավիգ կանգնիլ իսկական Սփիւռքի նախարարութեան մը կազմաւորումին ու հիմնումին:

Դժբախտաբար, եռանդագին, երախտաշատ ու գործունեայ երբեմնի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ անոր տեսլապաշտ վաստակաշատ նախարարուհին, միանգամայն, ներկայիս չկան այդ բեմերուն վրան, բայց, անոնց գործերը, բոլորի վկայութեամբ ու խոստովանութեամբ, առկայ են եւ սփիւռքի զանազան գաղութներ, իրենց համայնական հատուածներով ու բաղադրիչներով, կը յիշեն այն անուրանալի դերը, նպաստը ու խթանը, որով անոնք դարձան կենդանի եւ շողշողուն լուսարձակներ:

***

Հրանոյշ Յակոբեանը ՏԱՍը տարի դարձաւ ու մնաց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան վէմն ու բեմը, իր ամբողջական լիութեամբ, յորդ էութեամբ եւ աչքառու ինքնութեամբ, միշտ վերանորոգելի, վերակերտելի ու վերաստեղծելի անսպառ ու հաղորդական նախաձեռնութիւններով, միջոցառումներով ու գործունէութիւններով:

Այսօր, ան արժանի հպարտութեամբ ու բուխ ոգեւորութեամբ, իր տասը տարուան փորձագիտութիւնը ու վարչագիտութիւնը, մտագիտութիւնն ու տեսագիտութիւնը, երեք պատկառելի հատորներով, հանրութեան սեղանին վրայ դրած է, զայն նկատելով ՍՐՏԱԳԻՆ նուէր մը իր ժողովուրդին, յատկապէս սփիւռքահայուն ցոյց տալու իր ակնածանքն ու համակրանքը, հմայքն ու հրայրքը անոր իւրաքանչիւր քայլին, իրագործումին եւ յարատեւման պայծառաշունչ արեւելումներուն:

Այս եռահատորը, որուն շնորհանդէսին առիթով հաւաքուած ենք, անկասկած, գլուխ-գործոց մըն է, ի պատիւ, մէկ կողմէն՝ տասնամեայ Սփիւռքի նախարարութեան ճոխ, բերքառատ ու ոգեպնդող կեանքին, միւս կողմէն՝ արժեւորելու ու գնահատելու Հրանոյշ Յակոբեանի բարձրամակարդակ ու բարձրարուեստ ունակութիւններու յատկանշելիութիւնները:

Հրանոյշ Յակոբեանի այս՝ «հանրագիտարան»ային մակարդակով, «հանրագիտակ» հրատարակութիւնները, որոնք մեծ չափով ու տարողութեամբ, աննախընթացութեան կարգով, մեծ կարեւորութիւն ու նշանակութիւն կրնան ունենալ սփիւռքագիտութեան բնագաւառէն ներս, ճանաչողութեան ու ծանօթութեան առումներով, խիստ ուսանելի եւ դրսեւորելի են:

Որոշապէս, Հայաստանի Ակադեմիան, նկատի առնելով այս հրատարակութիւններուն այժմէականութիւնը, նորարարութիւնն եւ առարկայականութիւնը, առաւել՝ անոնց պատմագիտականութիւնը, վաւերականութիւնն ու վկայագրութիւնը, զանոնք որդեգրած է ու, համապատասխան սլացքով, անոնց շնորհահանդէսային արժանի կարեւորութիւն ու պատուասիրութիւն պարգեւած է:

Որքան գովերգելի ու համանշելի է, որ այս պարագային, Սփիւռքի ՍԻՐՏԸ նկատուող, լիբանանահայ գաղութը, իր չորս բազմերախտ մշակութային կազմակերպութիւններով, համագործակցած է այս շնորհահանդէսը կազմակերպելու եւ իրականացնելու, ինչ որ մեծ բարենիշ մըն է անոր կատարած ու կատարելի շնորհաբեր բարիքներուն:

***

Եռհատոր հրատարակութիւնները այնքան համապարփակ ու համաձոյլ են, որ իրենց տեսակին մէջ, կրնան նկատուիլ եզակի եւ իւրայատուկ հատորներ, ուր հեղինակը կրցած է համարեա ամբողջականութեամբ եւ լիարժէքութեամբ, վերլուծել Սփիւռք հասկացողութեան եւ անոր հետ առընչուող  իւրաքանչիւր երեւոյթ ու գոյավիճակ, պատմագէտի ու գիտնականի հմտութեամբ եւ իրազեկութեամբ կատարել անոնց սահմանումն ու բնութագրումը, քննարկումն ու վերլուծումը:

Պէտք է ընդունիլ, որ Սփիւռքը, իր ելեւէջներով, յարափոփոխութեամբ, զարգացումներով, շերտաւորումներով եւ ընդհանրապէս, իր կառոյցներով ու հիմնահարցերով, երբեք չէ արժանացած այս խորութեամբ եւ առանձնայատկութեամբ արժեւորումի, ոչ ալ լուսարձակի տակ առնուած են անոր լծակներու ու մղիչներու ծալքերը, այն խորաթափանցութեամբ ու մանրամասնութեամբ, ինչպէս կը յուշեն եռահատորները:

Անդրադառնալ Սփիւռքի բազմագլուխ պարագաներուն ու խայտաբղէտ հանգոյցներուն, որ, իրօք, դժուարին ու խիստ պահանջքներ են, նկատի ունենալով, նախ՝ անոր փշոտ ու դարձդարձիկ պատմականութիւնը, ապա՝ անոր ճակատագրուած երկարամեայ անհարթ ուղիին ելեւէջները:

Թերեւս այս է պատճառը, որ մեր պատկան մտաւորականները ու գրիչները, խուսափած են այս կալուածէն ներս մուտք գործել, իր համապատասխան թռիչքներով ու հետքերով, այն ուժականութեամբ ու տեսլապաշտութեամբ, ինչպիսին Հրանոյշ Յակոբեանը նախաձեռնած է իր գործին:

Ասիկա չի նշանակեր, թէ Սփիւռքի մէջ չկան կամ չեն եղած նման փորձեր, ուր արժանաւոր գիտակներ խորասուզուած ըլլան անոր ընդերքին մէջ, բայց, մեր մատնանշումը կը վերաբերի մասնագիտական ու գիտական համատարբերակի մը, ակադեմական ոճով եւ առարկայական բովանդակութեամբ ներկայացնելու անոր ծնունդը, անցած ճանապարհը ու ժառանգ ձգած հետքերը:

Ի հարկէ, այդ պարապին կամ բացթողումին տեղ, թէկուզ ոչ-լրիւ սփիւռքագիտական յղացքի համապատկերով, բայց, արժանի տեղ գրաւելու շնորհաբերութեամբ, այս եռահատորը կրնայ ուղի հարթել դէպի նոր հորիզոններ, որոնք, նոյնիսկ եթէ անհատական երեւումներ ըլլան, բայց, կը կարօտին պատմագիտական եւ ակադեմական անխոնջ, մնայուն ու հետեւողական ճիգերու, իրատես թեկնածուներու ընտրութեամբ ու ճիշդ կողմնորոշումի ուղղամտութեամբ:

Հրանոյշ Յակոբեանին այս արժէքաւոր հրատարակութիւնները, անկասկած, տասը տարուան փորձառական տուեալներով, շփումներով, յարաբերութիւններով ու մերձեցումներով կը բնորոշուին, սակայն, ան կրցած է այդ «նեղ» ժամանակի բովերէն կերտել Սփիւռքի պատմութեան զանազան երեսները, հեռու զգացական դիտաւորութիւններէ, շրջանցելով կողմնակալական միտումներ, այլ՝ կեդրոնանալով Սփիւռքի այն շահեկանութեան վրայ, որ իր դիտարկումով ու դատումով, շահոյթ մըն են թէ՛ սփիւռքահայութեան եւ թէ՛ հայութեան հաշւոյն:

Մեր համեստ կարծիքով, այս եռահատորները կրնան կազմել նաեւ համալսարանական լուսատու ու շինիչ աղբիւրներ, որոնցմէ կրնան օգտուիլ մեր պատմաբանները, հայագէտներն ու բանասէրները, անշուշտ, եթէ Պետական Համալսարանին մէջ, ուր ենթադրուած է որ գործէ(ր) Սփիւռքի բաժինը, տակաւին կայ նաեւ այս ուղղութեամբ այն հսկայ կատարելի դերը, այսինքն՝ միակ օղակը Հայաստան-Սփիւռք կապերը զարգացնելու եւ ամրացնելու, զանոնք վերածելով կենդանի բազկերակներու, իրենց զանազան երանգներով, լուսաւորումներով ու ճառագայթումներով:

***

Այս մտորումներու եւ ուրուագծումներու լոյսին տակ, եթէ եռահատոր հրատարակութիւնները պիտի խորաչափենք, իմաստաւորենք, դասաւորենք եւ արժեւորենք, իրենց հանգրուանային ու հոլովութային աստիճաններով, անհրաժեշտ է զանոնք վերածել, բաշխել ու շարահիւսել հիմնաւորուած բաժանմունքներով, թէկուզեւ իրենց համառօտեալ, ամփոփեալ, կէտադրեալ եւ ընդգծեալ յաջորդականութիւններով, ուր կը նշուին ու կ’ամփոփուին այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնք կ’առնչուին Սփիւռքի գոյատեւման ու կեցութեան, վերականգման եւ յարատեւման գործօններով, իրենց բազմատեսակ տարբերակներով եւ արեւելումներով:

Հրանոյշ Յակոբեան, որոշապէ՛ս, այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, լծուած է այս «տասնամեայ» պատմութիւնը գրառելուն, որովհետեւ հոն տեսած է անոր արժեւորման էախնդիրները եւ այն յառաջխաղացքները, որոնք կրնան Սփիւռքը պահել կանգուն, կենսախինդ եւ յառաջադէմ, իր ներկայի եւ ապագայի հեռանկարներով եւ իրագործումներով:

Այս հպումներէն, մտորումներէն եւ յիշեցումներէն ետք, ուր արդէն Սփիւռքը հաստատելու շրջագիծը երեւան կու գայ, կ’արժէ անդրադառնալ, այն հիմնախնդիրներուն, որոնք Սփիւռքը կ’ուրուագծեն, իր զանազան բեւեռներով, յղացումներով, հարթակներով ու գոյաշերտերով, որոնք այնքան բազմաբնոյթ, բազմասեռ, բազմամէտ ու բազմակողմ են ու կը կազմեն ամբողջ ամրաբերդութիւն մը, որոնց կարգ մը, խտացուած, բայց, պերճախօս խորագիրները հետեւեալները կը կազմեն.

1)ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, որ իր մէջ կը ներդաշնակէ հարուստ ու ճոխ բովանդակութեամբ հայաշխարհի անցումներ, իրենց գաղջ ու դառն, մռայլ ու մութ, դալուկ ու բուռն, բայց նաեւ, հպարտացնող, գովերգող, շէնշող ու փայլատակող պատկերներով, որոնց մէկ հայելին կը կազմէ այն տասը տարին, որ դարձած է Յակոբեանի ուշադրութեան բերքառատ դաշտը, ուրկէ ալ ձեւաւորուած ու խմբագրուած են նախընծայ հատորները:

2) ՍՓԻՒՌՔԻ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՇՐՋԱՆ. վստահաբար, այս ծիրէն ներս, գիրքերը կը դառնան տեսանելի, գրառելի ու շօշափելի արձանագրութիւններ, որոնք, անտարակոյս, համակուած են թարմաշունչ, իրապաշտական, հաղորդական, բացատրողական ու կենսաւորական լիառատ տեղեկութիւններով, մեկնաբանութիւններով ու բնութագրութիւններով:

3) ՍՓԻՒՌՔԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՂԿԱՑՈՒՑԻՉ ՏԱՐՐԵՐԸ, ուր մանրակրկիտ ու ճշգրիտ մէջբերումներով, ոչ միայն տարածքային ու համայնքային տեղեկանքներով գերյագեցած են անոնց շահեկանութիւն ներկայացնող լրացումները, այլեւ՝ սփիւռքահայութեան արուեստի ու մշակոյթի, կրթութեան ու դպրութեան, միութենական ու հայապահպանական, կոթողային ու թանգարանային, հայագիտական ու մամլոյ ցանցերու հարստութիւն ու հպարտութիւն բուրող համարեա բոլոր կառոյցներու թուարկումները, իրենց բազմաբնոյթ յատկութիւններով, բարեմասնութիւններով եւ առաւելութիւններով:

4) ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ ԵՒ ԱՆՈՐ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ

Ակնյայտ ուշագրաւութիւն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հաստափոր թղթածրարը եւ անոր հետ կապուող բազմաթիւ հիմնահարցեր, իրենց մարտահրաւէրային, կազմակերպչական, քաղաքական, միջազգային թէ համահայկական առումներով, նոյնպէս գրաւած են զգալի տեղ, այն գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ, որ անիկա թէ՛ Արեւմտահայութեան ճիտին պարտքն է, որպէս իրաւատէրը անոր դատին, թէ՛ Հայաստանի պետութեան, որպէս դրօշակակիրը համայն հայութեան:

Այս սկզբունքով ալ հեղինակը յատուկ կերպով արտայայտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հետապնդման բարդ, բայց, չմոռցուող ու չխամրող ուխտաւորութեան զօդուած մնալու ոգիին, ոչ միայն հայկական, այլեւ՝ միջազգային հասարակութեան առջեւ կանգնելով, իբրեւ պահանջատէր:

Հեղինակը պատմագէտի ու միջազգայնագէտի պատասխանատուութեամբ, վեր առած է Հայոց Ցեղասպանութեան անժամանցելի դատին պատմական ու քաղաքական, մարդկային ու հանրային համաոճրութեան յանցապարտութիւնը, հաւատալով որ ան համահայկականութեան անփոփոխելի եւ անփոխարինելի օրակարգ մը կը մնայ, իւրաքանչիւր հայու, անհատական թէ հաւաքական պարտականութիւնը ըլլալով ան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համատարած նշումը նկատելով կենդանի ու վարակիչ փաստ մը:

5) ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ ԻՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄՆԱԼՈՒ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ

Ահաւասիկ ուրիշ արժէքաւոր փաթեթ մը, որ հեղինակին համար եղած է ու կը մնայ յարգելի, կիրարկելի ու կշռելի, այնքան ատեն որ՝ Սփիւռքը, օդէն ու ջուրէն աւելի անոր կարիքն ունի եւ անմիջական զօրակցութիւնը անոր:

Ատիկա, իր խորհրդածութեանց առանցքը կը կազմէ, համոզուած ըլլալով, որ Սփիւռքը, իր հայրենասիրական լուրերու բաբախումի կողքին, աւելի քան փարած է, հարազատ մնալու իր արմատներուն, հաւատարիմ մնալու իր ակունքներուն, կառչած մնալու իր ժառանգական կանչերուն:

Իսկ այդ բոլորը առողջ ու լուսաւոր պահելու համար, հեղինակը շեշտը կը դնէ՝ հայոց լեզուի պահպանման վրայ, հայ դպրոցը նկատելով միտքի ու կրթութեան հնոց, հայ ընտանիքը՝ բուխ դաստիարակչական դարբնոց, հայ մշակոյթը՝ մշտական արեւաշող դափնեպսակ, Հայաստանեայց եկեղեցին՝ հոգեկան ու պաշտամունքային օճախ, իսկ առհասարակ հայու ինքնութիւնը, իր ամբողջական նուիրականութիւններով ու սրբութիւններով, հայութեան գոյութեան հիմնասիւն մը:

6) ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՂԻՉ ՈՒԺԵՐ, ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԵՒԵՐՈՎ

Այս բաժինը կը կարեւորուի ու կը նշանաւորուի, անով, որ թէ՛ պետական վարչակարգը, թէ՛ սփիւռքահայ կարգավիճակը, չեն կրնար կամ իրաւունք չունին առանձին-առանձին գործելու, յատկապէս երբ հարցերը կը վերաբերին ճակատագրական ճգնաժամային  կամ հրատապական խնդիրներու:

Հոս արդէն հեղինակը, կուռ տրամաբանութեամբ, ողջմիտ դատողութեամբ, պայծառ տեսլապաշտութեամբ, պերճախօս բացատրութեամբ ու համոզիչ մտածողութեամբ, իր միտքերն ու մտածումները կը հիւսէ փորձագէտի ճարտարութեամբ, որոնց կարելի չէ շրջանցել, այլ՝ յամենալ անոնց վրայ, զանոնք ճշգրիտ, տեղին ու լրիւ ընկալելով, որպէս գործօն երաշխիքի շարունակականութիւն:

Այս կէտերը, ինչպէս սփիւռքահայերուն, նաեւ հայաստանցիներուն համար ալ կը ներկայացնեն բացարձակ անհրաժեշտութիւն, որպէսզի կամուրջին երկկողմ կայքերը մնան աներեր, ոչ-խախուտ, չհանդիպելու համար արուեստական պատնէշներու եւ անկումներու, հեռու մնալով այնպիսի ցնցումներէ, որոնք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն կրնան վնասել:

***

Սիրելի ներկաներ ու բարեկամներ,

Գինեձօնի այս գողտրիկ, բայց բացառիկ պահը, որքան ալ գրաւիչ ու հմայիչ ըլլայ, ի լուր Հրանոյշ Յակոբեանի արժէքաւոր հատընտիրներուն, չեն կրնար լիացնել բոլորին հետաքրքրութիւններն ու տրամադրութիւնները, որովհետեւ անոնք շատ են եւ անսահման, հետեւաբար, մեր ճեպընթաց խօսքը կ’աւարտենք, ջերմապէս շնորհաւորելով հեղինակին՝ ակադեմական գիտնականին, բերած նպաստին, բեղուն վաստակին, թանկագին նուէրին համար, որ, իրաւամբ, անգին եւ անմոռանալի ընծայ մըն է, մաղթելով իրեն՝ ամենայն բարիք, նորանոր իրագործումներ, յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին