Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

Ուաշինկթըն Շուքի Մէջ. Գահիրէ-Անգարա Առանցքը Կը Զարգանայ

Նամակ Ամերիկայէն – 30 –

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այսպէս կոչուած ”Արաբական գարունը” որ բռնկեցաւ Թունուզէն, ու մահասփիւռ իր ճանկերը տարածեց Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ*, Եգիպտոսին նաեւ պիտի չխնայուէր չարագուշակ այս ճակատագիրը, եթէ երբեք եգիպտական բանակը չզսպէր եւ չճզմէր արմատական իսլամական շարժումը: Պահ մը թուեցաւ թէ արաբական աշխարհի ամենամարդաշատ երկիրը պիտի ունենար “Դեմոկրատական կարգով” քօղարկուած պետական վարչակարգ, որուն միահեծան պարագլուխները իսլամ եղբայրակցութեան աւագանիէն կազմուած էին: 2012 թուականի Յունիսին, իսլամ եղբայրակցութեան կողմէն տիրապետուած խորհրդարանը, որդեգրեց Մոհամէտ Մուրսիի թեկնածութիւնը եւ եգիպտացի ժողովուրդը այս  իսլամիստ ղեկավարը երկրին նախագահ ընտրեց:

Արաբական աշխարհի իսլամիստ շարժումին համար յաղթանակի փառապանծ օրեր էին: Արաբական Ծոցի ամենէն հարուստ երկիրներէն Քաթար անմիջապէս իր քսակը լայն բացաւ կայունացնելու համար Եգիպտոսի անկումի սեմին գտնուող տնտեսութիւնը: Անօգուտ: Նախագահ Մուրսի երկրին կաղացող տնտեսութիւնը վերականգնելու փոխարէն, անմիջապէս սկսաւ իսլամիստներու օրակարգը գործադրութեան դնել: Համաիսլամիստ Քաթարի նման, Թուրքիան անմիջական օժանդակութեան հասաւ Մուրսիին:

Իսլամ ծայրայեղականներ յարձակում սկսան գործել ղպտի համայնքին դէմ, փորձեցին բռնութեամբ փակել գիշերային զբօսավայրերը եւ պարտադրել իսլամ կիներու ծածկել իրենց գլուխները:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտոկանի համար ոգեւորիչ դրոյթ մըն էր տեսնել եգիպտոսը իբրեւ դաշնակից հետապնդելու համար իսլամամէտ քաղաքականութիւն մը Միջին Արեւելքի մէջ: Նախագահ Մուրսի նոյնիսկ իսլամ ամբոխներու առջեւ ճառախօսելով, քաջալերեց զանոնք ուղղուիլ Սուրիա, Թուրքիոյ վրայով մասնակցելու համար հակապետական զինեալ ապստամբութեան:

Այս բոլորը Էրտոկանի համար յուսադրիչ զարգացումներ էին: Նախագահ Մուրսիի արկածախնդրութիւններով լեցուն իսլամ ծայրայեղական վարքագիծը հազիւ տարի մէջ տեւեց սակայն: 2013 թուականի Յուլիս ամսուն եգիպտական բանակը 24 ժամուան վերջնագիր մը տուաւ նախագահ Մուրսիին լքելու իր աթոռը արիւնայեղութիւնը կանխելու համար, ի տես հակամուրսիական եւ հակածայրայեղ իսլամական զանգուածային ցոյցերուն: Շաբաթ մը ետք, Եգիպտոսի ներկայ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսի, որ նոյնինքն անկեալ նախագահին կողմէ նշանակուած էր եգիպտական զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար, ձեռք առաւ երկրին ղեկը: Այս ձեւով ան ճզմեց ծայրայեղ իսլամական շարժումի բոլոր խաւերը:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտոկան որ արեւմուտքի կողմէ կը նկարագրուի իբրեւ “Մեղմ իսլամիստ”, իր ցասումէն պոռթկաց ի տես իսլամիստներու պարտութեան: Ան անմիջապէս դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեց Գահիրէի հետ: Աւելին, թուրք նախագահին անձնական նախաձեռնութեամբ Եգիպտոսէն փախուստ տուած իսլամիտներ, Թուրքիոյ մէջ ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի կայաններ հաստատեցին, անդադար յարձակելու համար նորահաստատ նախագահ Սիսիի վարչակարգին դէմ:

Ամբողջ տասնամեակ մը պէտք եղաւ որպէսզի շրջանային կարգ մը զարգացումներու հետեւանքով, երկու մայրաքաղաքները փոխանակեն իրենց լիազօր դեսպանները: Անցեալ ամիս, դիւանագիտական յարաբերութիւնները Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերահաստատուեցան: Իբրեւ նախաքայլ Էրտոկանը քանի մը տարիներ առաջ նախագահ Սիսին քննադատող բոլոր ձայները խեղդած էր արդէն Թուրքիոյ մէջ:

Դիւանագիտական մեկնաբաններ կը հաստատեն թէ Անգարա – Գահիրէ այս մերձեցումը կայունութիւն պիտի բերէ Միջին Արեւելքի մէջ, թէեւ երկու երկիրները մրցակիցներ եղած են Լիպիոյ մէջ նեցուկ կանգնելով զիրար հակադրող ուժերու:

2020 թուականին, երբ Զօրավար Հաֆթար որ միշտ վայելած է նեցուկը Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ էմիրութեան եւ որոշ չափով ալ Ռուսիոյ, Թրիփոլիի դռներուն առջեւ կը գտնուէր տապալելու առաջադրութեամբ ՄԱԿ-ի կողմէն ճանչցուած կառավարութիւնը, որուն գլխաւոր հովանաւորողը Թուրքիան է:

Լաւապէս կազմակերպուած եւ մատակարարուած Զօր. Հաֆթարի ուժերը, արեւելեան Լիպիայէն առանց որեւէ ընդդիմութեան, շուրջ հազար քիլոմեթր կտրելով արդեն սկսած էին դիրքեր գրաւել մայրաքաղաք Թրիփոլիի շուրջ: Չուշացաւ սակայն թրքական հակահարուածը: Նոյնիսկ ֆրանսական ոչ պաշտօնական զինուորական խորհրդատուներ, որոնք ռուսական Wagner կազմակերպութեան մասնագէտներուն նման կ՛օժանդակէին Հաֆթարի ուժերուն, անմիջապէս անհետացան: Այս ձեւով Թուրքիան իր զինուորական եւ տնտեսական ազդեցութիւնը բազմապատկեց Լիպիոյ մէջ, յատկապես ընդարձակելով զինուորական իր խարիսխները:

Նոյնիսկ սակայն եթէ տարածաշրջանին մէջ Գահիրէ – Անգարա համագործակցութիւն իրագործուի, Լիպիան  խոցելի հարց մը պիտի մնայ: Թուրքիոյ նման, Եգիպտոսն ալ տնտեսական շահեր կ՛ակնկալէ Լիպիայէն: Բայց եթէ նոյնիսկ անոնք համաձայնին Լիպիական տնտեսական աղբիւրներէն համատեղ օգտուիլ, Եգիպտոս երբեք պիտի չթոյլատրէ զինուորական օտար ռազմախարիսխներու ներկայութիւնը իրեն սահմանակից այս երկրին մէջ: Առաւել եւս, Եգիպտոս քանիցս Անգարայէն կտրուկ կերպով պահանջած է Լիպիական հողամասէն հեռացնել Սուրիայի ծայրայեղ իսլամիստ ահաբեկիչներու ոհմակները որոնք որոշ դեր մը խաղցան խափանելու Զօր. Հաֆթարի ուժերուն Թրիփոլի մուտքը:

Օժանդակելէ ետք բռնատէր Քատտաֆիի տապալման, Ամերիկայի Միացեալ նահանգները իր միջամտութիւնները նուազեցուցած է Լիպիոյ մէջ թոյլ տալով, որ Թուրքիան  յանձնակատարի դերը կատարէ:

Եգիպտոսն ալ իր կարգին ամերիկեան ծիրէն շատ չի կրնար հեռանալ: Հակառակ Արաբական Ծոցի երկիրներուն տածած նիւթական առատ օժանդակութեան եւ լայնածաւալ ներդրումներուն, Եգիպտոս կարիքը ունի Ուաշինկթընի կողմէն տրամադրուած տարեկան շուրջ 1.2 միլիառ տոլարին:

1978էն ի վեր, երբ Եգիպտոս ի կապերը թուլացուց երբեմնի Սովետ Միութեան հետ, ԱՄՆը Եգիպտոսին յատկացուցած է 50 միլիառ տոլարի զինուորական եւ 30 միլիառի տնտեսական նպաստ:

Նմանութիւնները մէկէ աւելի  են Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Երկու երկիրներն ալ տիրական ներկայութիւն մըն են Միջին Արեւելքի մէջ, զօրաւոր բանակներով օգտուած: Երկու երկիրներն ալ Արաբական Ծոցի Երկիրներուն կը նային իրենց տնտեսութիւնը բարելաւելու համար:

Եգիպտոս դառն դասեր քաղելով ժամանակակից իր պատմութենէն, դադրած է թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական գետնի վրայ միջամուխ ըլլալէ դրացի երկիրներու ներքին գործերուն:

Արդեօ՞ք Թուրքիան պիտի օգտուի Եգիպտոսի սուղ փորձառութենէն:

Նիւ Եորք

* Յետադարձ ակնարկով մը կարելի է յստակօրէն տեսնել թէ “Արաբական գարուն”ին ետին քօղարկուած էր ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական շարժումը, որուն գլխաւոր նպատակն էր զգետնել Սուրիոյ եւ Լիպիոյ նման ոչ-իսլամական վարչաձեւերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին