Երկուշաբթի, 29. 04. 2024

spot_img

Թէքէեան ՄշակութայինՄիութեան Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան Ամենամեայ Մրցանակաբաշխութիւն

  Մտաւորական, լրագրող, հասարակական գործիչ եւ ՌԱԿ բազմաթիւ թերթերու շուրջ կէսդարեայ խմբագիր Դոկտոր Նուպար Պէրպէրեանի 2023 թուականի մրցանակաբաշխութեան դիմելու մեկնարկը տրուած է:

            Նուպար Պէրպէրեանի մրցանակը կը տրուի հայկական ծագում ունեցող ուսանողներուն, որոնք կը մասնագիտանան միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան մէջ: 

            Մրցանակաբաշխութիւնը սահմանուած է մտաւորականի  կտակին համաձայն, իսկ Պէրպէրեան կեանքէն հեռացած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 23ին, 94 տարեկան հասակին:

            Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու պահանջներն են՝ 

  1. կրնան մասնակցիլ ուսումնական հաստատութիւններու՝ հայկական

ծագում ունեցող ուսանողները, որոնք գլխաւորապէս մասնագիտացած են կամ միջազգային իրաւունքի, կամ քաղաքագիտութեան մէջ:

  • դիմորդը պէտք է ամբողջական դրոյքով ներգրաւուած ըլլայ աշխարհի 

հաւատարմագրուած քոլէճներու կամ համալսարաններու  պաքալորէայի կամ ասպիրանթուրայի ծրագիրներով:

  • դիմորդը պէտք է ներկայացնէ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, որ

սահմանուած է դիմումի ձեւով:

  • դիմորդը պէտք է ներկայացնէ քոլէճի գրագրի պատճէնը:
  • դիմորդը պէտք է ներկայացնէ դիմանկար:
  • դիմումը հնարաւոր է ստանալ Tcadirector@aol.com ելեկտրոնային փոստին 

գրուած նամակի միջոցով:

  • դիմորդները պէտք է դիմումները ներկայացնեն ելեկտրոնային

տարբերակով՝ ուղարկելով Tcadirector@aol.com հասցէով:

  • յայտերի ընդունման վերջնաժամկէտը 2023 Սեպտեմբեր 30-ն է:
  • հիմնադրամի  կառավարիչները 2023 թ. Հոկտեմբերին կը քուէարկեն

որակաւորուած յաղթողներու օգտին՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւր դիմումատուին ներկայացուցած դիմումը:

  1. յաղթողը կամ յաղթողները կը ստանան իրենց մրցանակները 2023 

Նոյեմբերին:

  1. յաղթողները իրաւասու չեն կրկին դիմել մրցանակի համար:

Ուոթըրթառւն, ԱՄՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին