Ուրբաթ, 03. 05. 2024

spot_img

Հրանուշ Յակոբեանի Եռահատորեակին  Շնորհանդէսին Առիթով. «Քանդուած Կամուրջը՝ Հայրենիք Սփիւռք Միասնականութեան»

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Ստորեւ կը հրապարակենք Տիկ. Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի խօսքը արտասանուած՝ ՀՀ  Սփիւռքի Նախարար  Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի եռահատորեակին՝ «Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ  ուղին» շնորհանդէսին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ 15 Ապրիլ 2024-ին:


Խօսիլ անձնաւորութեան մը մասին որուն կեանքը չի սահմանափակուիր  նախարարական պաշտօնի մը տասը տարիներու  գործունէութեամբ միայն, այլ կու գայ հարուստ անցեալով մը սկսած 1986 թուականներէն արդէն եւ ապա   նորանկախ պետութեան կազմաւորման ճիգերուն մէջ ունեցած անուրանալի եւ նշանակալից ներդրումով, Մաթեմաթիկական, իրաւաբանական եւ քաղաքական գիտութիւններու  հարուստ մասնագիտութեամբ օժտուած, ստանձնելով, Հայաստանի հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի վերահսկիչ մարմնի մէջ ատենապետի պատասխանատուութիւնը՝  ընկերային,  առողջապահական, կենսոլորտի պահպանութեան  նախարարութիւններու մէջ։    Ինչպէս նաեւ շատ աւելի պատասխանատու պաշտօններ իբրեւ ՀՀ ազգային ժողովի եւ խորհրդարանի անդամ՝ գիտութեան,  կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան յանձնաժողովներուն  մէջ ստանձնելով ատենապետութեան պաշտօնները։

Ըլլալով Երեւանի եւ Գաւառի պետական համալսարաններու մէջ  Դասախօս, Տիկին  Հրանուշ Յակոբեան ամենաերկարամեայ ծառայութիւն ունեցող կին նախարարն է եօթը միակ կին նախարարներուն մէջ, որ անընդմիջաբար վարեց Սփիւռքի նախարարութիւնը՝ 2008-2018,  եւ խորհրդարան մուտք  գործեց ժողովուրդին ձայնով,  առանց քաղաքական կուսակցութեան մը պատկանած ըլլալու, կամ նշանակուած  ըլլալու քաղաքական կուսակցութեան մը կողմէ։ 1986-էն մինչեւ 2008-ը անընդմէջ 6 անգամ  ժողովուրդի քուէով ընտրուած է ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր, Գերագոյն խորհրդի նախագահութեան անդամ, ապա ընտրուած է  ՀՀ Գերագոյն խորհրդի պատգամաւոր, այնուհետեւ՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր։

  Իբրեւ մասնագէտ իրաւաբան եւ համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս մեծ ներդրում ունեցած է նորանկախ պետութեան նոր օրէնքներու բանաձեւումին եւ սահմանումին մէջ, դառնալով 100-է աւելի օրէնքներու հեղինակ։  Ինչպէս օրինակ սեռերու մասնակցութեան վերապահուած «gender-quota law»- կոչուած օրէնքը որ անցուցած է պետական  օրէնսդրութեան մէջ քաջալերելու կիներու մասնակցութիւնը երկրի քաղաքական եւ տնտեսական  զարգացման  ոլորտներէն ներս։

Եւ տակաւին արժանանալով՝ տարուայ լաւագոյն  կին, պատգամաւորի,  կին քաղաքական գործիչի, լաւագոյն կին նախարարի կոչումներուն որոնք կ՚ապացուցեն ոսկէ մեդալով Դպրոցը  եւ գերազանցութեան վկայականներով  համալսարանն  ու ակադեմիան աւարտած ըլլալու հպարտանալի երեւոյթները,  արժանանալով՝

«Ժողովուրդների բարեկամութեան» շքանշանին,

Մխիթար Գոշի մեդալին,

«Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» մեդալին, 

«Արժանիքի համար» շքանշանին  /Ֆրանսայի Նախագահի հրամանագրով,   ՀՀ Ազգային ժողովի յուշամետալով,   և բազմաթիւ այլ մեդալներով եւ պարգևներու։

Ահաւասիկ նման հարուստ ու պատկառելի գործունէութեամբ տիկնոջ մը մասին արտայայտուիլը պատիւ կամ առանձնաշնորհում մը ըլլալէ աւելի յանձնառութիւն է ու ազգային գիտակցութեան նախանձախնդրութիւն, պատմութեան յանձնելու եւ տալու  զկայսերն կայսեր,   պատմութեան եւ  գալիքին հանդէպ ըլլալու համար արդար ու անպարտ։  Յատկապէս  մեր ժամանակներուն երբ թացն ու չորը միասին կ՚այրենք  խորտակելով արժանապատուութիւնը եւ արժանաւորութիւնը անհատներուն։

                                              ★★★

Զարմանալի չէ որ այս նախաձեռնութիւնը այսօր կու գայ Լիբանանէն։   Ես առաջին առիթով կ՚ողջունեմ  Լիբանանի մեր երեք գլխաւոր մամուլի ՝ խմբագիրները, այս գեղեցիկ  գաղափարի  յղացման համար, առիթը տալով  Նոր Սերունդին, Թէքէեան Մշակութային Միութեան ՀԵԸ-ին  եւ Համազգայինին, հաւաքաբար  եւ միասնաբար   կազմակերպելու Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի գիրքերուն շնորհանդէսը այստեղ՝ Ազդակի Փիւնիկ Սրահին մէջ, մէկտեղելով բոլորը,  հանդիսանալով Սփիւռքի գաղութներուն մէջ առաջինը նախաձեռնելու գիրքերուն շնորհանդէսը։

Ահաւասիկ սքանչելի ապացոյց մը Տիկին Յակոբեանին հմայքներէն ու շնորհքներէն՝ համայնքները միաւորելու իր անձին շուրջ, տակաւին  վեց տարիներու թոհ ու բոհէն ետք, համահայկական միացեալ ձեռնարկութեան մղիչ ուժը կը հանդիսանայ այսօր եւս։  Ապրիք բոլորդ սիրելի տղաք։ (Յատկապէս այս օրերուն երբ համացանցի վրայ աններելի ատելավառ գրառումներով կ՚ապակողմնորոշեն զանգուածները աւելի ու աւելի խորացնելով ճեղքը սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ օտարելով երկուքը իրարմէ։  Միացեալ այս ձեռնակը կ՚ապացուցէ ուրիշ ճշմարտութիւն մը՝ վանելու կասկածներն ու պառակտելու ցանկութիւնները։ ) 

Զարմանալի չէ նաեւ որ Լիբանանէն կու գայ նախաձեռնութիւնը որովհետեւ, Հայոց  Ցեղասպանութեան  հարիւրամեակի  տարելիցին կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկները, իրենց որակով,  համազգային բնոյթով  եւ գաղութիս բոլոր բաղկացուցիչ տարրերու եւ  կողմերու մասնակցութեամբ,  կը հանդիսանային իբրեւ օրինակ  Սփիւռքի միւս գաղութներուն, արժանանալով Սփիւռքի նախարարութեան յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքին։ Վստահ եմ, Սփիւռքը արժանաւորապէս պիտի գնահատէ իր  շատ աշխուժ, խանդավառ,  դադար չ՚առնող  Նախարարը ՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանը որ դարձաւ բոլորին սիրելին ու  հարազատը եւ սիրեց բոլորին։ 

★★★

Տիկին Հրանուշին   ես դիմած եմ  միշտ եւ մինչեւ այսօր՝  իբրեւ մեծ քոյր,  ոչ տարիքով ի հարկէ, ես իրմէ մեծ եմ, այլ իմաստութեամբ, իմացականութեամբ եւ ոգիով։ Եւ հետեւաբար աւելի կը դժուարանայ այսօրուան մեր ըսելիքը պատշաճօրէն եւ արժանաւորապէս դրուատելու արժանին։

Մեր նամակագրութիւններէն վերջինին մէջ,  պատասխանելով «Քանդուած կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի  միջեւ»,  յօդուածին,  Տիկին Հրանուշ կը նկարագրէ թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ զգացած է երբ առաջին անգամ առաջարկուած  է ստանձնել Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնը։ Կը մէջբերեմ իր խօսքերը՝

 «5 տարի երիտասարդութեան հետ և նրա ղեկավարը լինելով, 22 տարի պառլամենտում հարիւրաւոր օրէնքներ հեղինակելով, կարծում էի, որ հնարաւորութիւններիս ներածին չափով, ինչ-որ բան արել եմ։  Սակայն այդ ամենը փոքրացան,  ածանցեալ դարձան, երբ ստանձնեցի Սփիւռքի հետ աշխատանքները։

 Լուսահոգի և տաղանդաշատ մայրս, որ 35 տարի դպրոցի տնօրէն էր եղել, խստագոյնս արգելում էր համաձայնուել՝  նման աշխատանքի ծանրութեան տակ կքելու և բացատրում էր, որ Սփիւռքում չեմ ունենալու աշխատակիցներ, որ նրանք ազատ մարդիկ են և բոլորովին պարտաւոր չեն իմ առաջարկներն ընդունելու։

 Իմ հայրենասէր և ազգային արժէքներով առաջնորդուող հայրս՝ որ փիլիսոփայական գիտութիւնների դոկտոր,փրոֆեսոր եւ Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադիր ռեկտորն էր,  սաստեց մորս՝ ասելով թող գնա և ծառայի իր ժողովրդին։ Իսկ մեր տանը հայրիշխանութիւն էր, ուստի և այսքանով քննարկումն աւարտուեց, և ես  մտահոգ ու մոլոր  համաձայնուեցի ստանձնել այդ մեծ պատասխանատուութիւնը և ո՛չ թէ պաշտօնը։

 Սփիւռքը՝ այդ բազմաշերտ, բազմակարիք, բազմակարծիք, բազմակրօն, բազմակուսակցական, բազմաբևեռ երևոյթը, նման է մի ովկիանի, որին դժուար է մինչև վերջ ճանաչել, բացայայտել նրա բարդութիւնները, բազում դժուարութիւններն ու առաւելութիւնները, կարոտն ու թաքնուած վիշտը։  Սակայն այդ 10 տարին եղաւ իմ կեանքի ամենահարուստ, ամենաիմաստալից և ամենապատասխանատու ժամանակահատուածը։  Այո՛,  սիրելի՛ Սեդա, Սփիւռքի նախարարը կառավարման համակարգի որևէ կառուցակարգ օգտագործել չէր կարող՝ չէր կարող հրամայել, յանձնարարել, պահանջել, վերահսկել․․․

Ինձ մնում էր ճանաչել, վստահել և գործակցել։ Միայն երկխօսութեամբ, մարդկանց գործունէութիւնը գնահատելով, նրանց հայ լինելու և մնալու ձգտումը հասկանալով է հնարաւոր գործակցել Սփիւռքի հետ, նրա հզօր կայացած ցանցերի, եկեղեցու, աւանդական կուսակցութիւնների, բարեգործականի, մասնագիտական և  այլ կառոյցների, անհատների հետ։ 

Թիմը, որ հաւաքեցի, գրեթէ պատկերացում չունէր Սփիւռքի մասին, ամեն օր սովորելով, հասկանալով սկսեցինք մեր գործը տեղից շարժել։

Նախագահը կարծես ինձ նետեց մի անեզր, մութ ու խիտ անտառ և ասաց՝ գտիր ակօս ու արահետ, դրանք լայնացրու, հարթեցրու և դարձրու բանուկ, երկկողմանի և ընդարձակ  ճանապարհներ, ամուր կամուրջներ գցիր և աշխատիր հզօրացնել դրանք։ Շնորհակալ եմ, որ այդ խոտոր, մութ ճանապարհին չխանգարեց, այլ տուեց լայն հնարաւորութիւններ ինքնուրոյն գործելու և ելքեր գտնելու։ Ես ծանօթացայ, ընկերացայ, բարեկամացայ  տասնեակ հազարաւոր  մարդկանց հետ, որոնք դարձան մեր գործընկերները, քանզի «Ծափ տալու համար երկու ձեռք է պէտք»։ Դուք ամուր  բռնեցիք մեր պարզած ձեռքը, հաւատացիք ու վստահեցիք մեզ, և երկկողմանի գործակցութեամբ մենք արդիւնքներ գրանցեցինք, երիտասարդների աչքերում առ Հայրենիք կրակներ բոցկլտացին։  Տարիների հեռուից էլ վստահ եմ, որ ժողովրդին ծառայել, հայրենասիրութիւն, ազգային  արժեհամակարգ, ընտանեկան արժէքներ, մարդկային որակներ, լեզու և մշակոյթ տարածելը հոգիդ լցնում է սիրով, բերկրանքով և մէկ հային էլ տուն բերելով, մէկ հայի օգնելով, որ  ծոցագրպանում  Հայաստանի անձնագիր ունենայ, մէկ հայ հայաստանեան բանկերում հաշիւներ բացի, գործ սկսի, կամ բնակարան գնի, դա յաղթանակ էր, յաղթանակ հայի ու հայութեան։  

Ահաւասիկ սքանչելի մեկնաբանութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան  առաքելութեան եւ յանձնառութեան մասին։  Եւ եթէ Սփիւռքի նախարարը յաջողեցաւ ամբողջ սփիւռքը գրաւել, սիրաշահիլ,  այդ եղաւ միա՛յն սիրով եւ ի զուր չէ որ ինք մեր գրականութիւնը ոչ միայն սերտած է, այլ իւրացուցած, տիրած է անոր, որովհետեւ  նախարարութեան գործին մէջ կիրարկեց մեր գրականութիւնէն ժայթքող պատգամները՝  «եթէ գերել ենք  լոկ սիրելով միայն»։

Անցնող աւելի քան եօթը տասնամեակներուն թերեւս  Հայաստան – Սփիւռք յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը չէ ունեցած այնքան բեղուն,  այնքան ազատ եւ ջերմ գործակցութիւն  եւ ո՛չ ալ այն տարողութիւնն  ու գործակցութեան թափանցիկութիւնը,  հանգիստ ու ազատ գործելաոճը որ ունեցաւ 2008- 2018 տասնամեակին։   Շատ մը ազդակներ եւ   հանգամանքներ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած նշումներուն համար ստեղծուած յանձնաժողովներու միացեալ գործակցութիւնը, նպաստեցին այդ յարաբերութիւններու հանգիստ ու անկաշկանդ հաղորդակցութեան։ Այսուամենայնիւ, գիրքին վերնագիրը կը հաստատէ ոգին որ կ՚ընգրկէր այդ տասնամեակին, արտայայտելով այն հոգեբանութիւնը որ կը տիրէր ամենուրէք։ 

Հայրենիք եւ Սփիւռք կ՚որակէ հեղինակը վերնագիրը,  եւ ո՛չ  Հայաստան եւ Սփիւռք եզրոյթ-ը, որ տասնամեակներով  թիւրաբար պարփակեց մեր ժողովուրդը հերձող  հասկացութիւնը։    Առաջինին մէջ կը խտանայ սփիւռքահայուն հասկացողութիւնը Հայաստանի նկատմամբ որ է՝ հայրենիք եւ ոչ սոսկ Հայաստան  մը, որ պետութիւն է եւ պետական շահերով առաջնորդուած էութիւն մը միայն։ Իսկ Սփիւռք հասկացութիւնը այստեղ չի վերաբերիր Լիբանանի մը, Ամերիկայի մը, կամ Ֆրանսայի մը  մէջ  գտնուող հայ համայնքներուն միայն,  այլ Սփիւռք մը որ Մայր  Հայաստանէն արիւնով անճիտուած, կոտորածի եաթաղանէն ճողոպրած   հազար հազարներով  տեղահանուած հայեր են,  տարածուած  աշխարհով մէկ ՝ Միջին Արեւելքի,  Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ աշխարհի տարբեր տարբեր տարածքներուն   ու վերածուած  լիբանանահայու, Ֆրանսահայու, կամ  ամերիկահայու։  Բայց բոլորին սրտերուն մէջ  «Հայաստան ասելիս» Հայրենիքն է որ կը զարթնի՝ այն հայրենիքը որուն ամէն մէկ սփիւռքահայ կը տենչայ, որ պատկանելիութեան  ամբողջ տարողութիւնն ու հզօրութիւնը  կ՚ընդգրկէ,  որ կը տանի  զինք դէպի  իր պապենական հողն ու տունը՝ Վան, Մուշ, Վասպուրական, Խարբերդ, Զէյթուն, Սւազ Այնթէպ  Կիլիկիա,   որ այսօրուան Հայաստանէն արիւնով  մասնատուած ու խլուած հող է,  տարածք է, իր պապերուն տունն ու կանչն է։

 Ահաւասիկ այս նրբութեան խորապէս գիտակից մարդն է հեղինակը, որ ընթերցողին ուշադրութեան կը  յանձնէ երբ, Հայրենիք Եւ Սփիւռք Գործակցութեան  Տասնամեայ Ուղին-ին կ՚որակէ իր գիրքին վերնագիրը։

Հեղինակը, ՀՀ Սփիւռքի պետական նախարարն էր, որ Սփիւռքի զանգուածներուն մէջ կրցաւ տեսնել հայրենիքի կարօտով բաբախուն սրտերը, եւ տասը տարի հեզասահ, հանգիստ ու անկաշկանդ,  հարազատ ու թափանցիկ գործեց  ու կամրջեց  երկու անջրպետները, ըմբռնելով հոգեբանական խորունկ իրողութիւնը որ տարիներով ընկճած էր հայը եւ որ ընդհանրապէս կը վրիպէր պետական այլ պաշտօնեաներու ուշադրութենէն։  

Հայրենիք Եւ Սփիւռք Գործակցութեան  Տասնամեայ Ուղին-ին  կ՚ընդգրկէ ծաւալուն երեք հատորներ գրեթէ երկու հազար էջ, (1994 էջ),  իւրաքանչիւրը առանձին  շուրջ 670 էջ հաշուող տասնամեայ բեղուն ու ծաւալուն գործունէութեան ընթացքին, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ,   համահայկական  ժողովներուն, համագումարներուն,  գիտաժողովներուն, եւ բազմաթիւ Հայաստանն ու Սփիւռքը յուզող այլ  հարցերու առնչուող հանդիպումներուն ընթացքին, հեղինակին արտասանած  խօսքերը, ելոյթներն ու նամակները։

Գիրքը խմբագրած է Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր՝ Վլատիմիր Կատվալեան, իսկ յառաջաբանը ընդարձակ ծանօթութիւններով գրած է՝ Պատմական Գիտութիւններու  Դոկտոր,  ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի  թղթակից անդամ՝ Ալպերթ  Խառատեան։ 

Իր բոլոր ելոյթներուն մէջ կ՚արտացոլան Սփիւռքի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրները, կապերու ամրապնդման միջոցներն ու հնարքները, անդրադառնալով իւրաքանչիւր համայնքի, կառոյցի, կազմակերպութեան իւրայատկութեանն ու առանձնախնդիրներուն։  Իր խօսքերը ուղղուած են, առ հասարակ երիտասարդ սերունդին, մեր ապագան, յոյսն ու ապաւէնը ամփոփող զանգուածին, եւ հայ կնոջ, որ դերակատար է ընտանիքի միջոցով պահել լեզուն  ու հայ մշակոյթը, ազգի մը գոյութեան  խարիսխները ։  

 Հեղինակը հիանալի կերպով կը դիտարկէ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու  մէջ քաղաքական, ազգային, պատմական, հոգեւոր  եւ մշակութային բոլոր հանգամանքները անդրադառնալով Հայաստանի պետութեան քաղաքական վարքագծին եւ Սփիւռքի ներուժի օգտագործման յանուն Հայաստան Սփիւռք յարաբերութիւններու հզօրացման։   

Տիկին Հրանուշ Յակոբեան մօտէն կը ճանչնայ սփիւռքի հոգեբանութիւնը,  ցաւը, կարիքները, թափած ճիգերն ու զոհողութիւնները եւ այդ ճանաչողութիւնը զինք կը դարձնէ աւելի  գիտակից, աւելի յանձնառու ու պատասխանատու Հայաստանի պետութեան  դերին ու պատասխանատուութեան նկատմամբ յաչս ազգապահպանման համար կատարուած  աշխատանքներուն, հայրենադարձութեան ծրագիրներու մշակման,  ապահովելու անոր  գործակցութիւնը։

Բոլո՛ր ելոյթներուն մէջ ճոխ մտքերով ու գաղափարներով,  բազմաբնոյթ տարբերակներով առաջարկներ կը ներկայացնէ, առաջնորդելու    Հայաստան-Սփիւռք ներդաշնակ համագործակցութեան։  Հարուստ ու ճոխ գաղափարները  ջրվէժի նման կը յորդին գրիչին տալով անկաշկանդ սլացք, ըսելիքը բարձրաձայնելու յախուռն ու գեղարուեստական թռիչքով ։   

Տիկին Հրանուշ Յակոբեան վեց անգամ յաջորդաբար ընտրուելէ ետք Սփիւռքի նախարար,  2013 Հոկտեմբեր 22 -ի հրամանագրով Սփիւռքի նախարարութիւնը կը հանդիսանայ «գլխադասային մարմին ՀՀ գործադիր իշխանութեան եւ տարածքային կառավարման մարմինների համակարգում՝ Հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման բնագաւառում։ Համակարգում է Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան իրականացումը, ամփոփում եւ գնահատում է Հայաստան-Սփիւռք  գործակցութեան զարգացմանն ուղղուած գործառոյթների  կատարման վերաբերեալ տեղեկութիւնները։  Դառնալով ամենամեծ եւ գլխաւոր համահայկական ցանցը որ կը գործէ հայկական աշխարհի մէջ ՝ Հայ եկեղեցւոյ  կառոյցներուն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայ Կաթողիկէ  եւ հայ աւետարանական Եկեղեցիներու հետ համատեղ։ Աշխատանքներ կազմակերպելու աւանդական կուսակցութիւնների, համահայկական կառոյցների եւ կազմակերպութիւնների եւ անհատ գործիչների   հետ ։» (Ա Գիրք էջ՝ 41 ) 

Ուրկէ  կը բխէր Հարիւրամեակի առթիւ հրապարակուած համահայկական հռչակագիրը։ Եւ հանգիտաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ միջազգայնացման  հարցին եւ գործընթացին մէջ Հայաստանի պետութեան դերին  անփոխարինելիութիւնն ու հրամայականը։ Այս ուղղութեամբ դերակատար եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հռչակագրի գաղափարին ու պատրաստութեան, որ դարձաւ հիմնաքարը Հայրենիք-Սփիւռք տասանամեակներու կարծրատիպերը շրջանցելու եւ ազգային

գաղափարախօսութիւն ձեւակերպելու նախաքայլերուն։  Իբրեւ մէկ ժողովուրդ մէկ ազգ, միացեալ ուղեգիծ ճշդելու շղթային ոսկէ  օղակը հանդիսացաւ համահայկական հռչակագիրը, որ անքակտելիօրէն կը միացնէր Հայաստանն ու Սփիւռքը ամրապնդելով երկու կողմերու գործակցութիւնը, գիտակցելով եւ արժեւորելով երկուքի լրացուցիչ  դերին կարեւորութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը։    

Նախարարին յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ,  կրօնական, քաղաքական եւ մշակութային, առանց ներքաշուելու մէկուն կամ միւսին  կողմը, հաւասարակշռուած վերաբերումով ազգային կեդրոններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անձերուն հետ, հարցերու պարզաբանման, կազմակերպման եւ գործադրութեան մէջ եղաւ համակարգող եւ ունկնդիր, բերելով իր  ու պետութեան անվերապահ զօրակցութիւնը  իբրեւ նեցուկ, սատար  հանդիսանալով անոնց պատշաճ իրագործման, արժանանալով Սփիւռքի բոլոր ղեկավարներուն ու առաջնորդներուն հիացմունքին ու յարգանքին։ 

Սփիւռքի նախարարութիւնը որպէս պետական կառավարման մարմին, չէր նմաներ  այլ նախարարութիւններու, որովհետեւ սփիւռքը ենթակայ չէր ՀՀ Կառավարութեան, կարելի չէր Սփիւռքի հետ հրամաններով կամ հրահանգներով գործել եւ ասոր շատ լաւ գիտակից էր սփիւռքի նախարարութիւնը, հետեւաբար, սփիւռքը կը դիտէր որպէս գործընկեր, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած,  հարցերուն համատեղ, միասին լուծումներ գտնելու ճանապարհով առաջնորդուելու։ Իսկ ծրագիրներու իրագործման մէջ պիւտճէի առիւծի բաժինը կ՚երթար սփիւռքի երիտասարդութեան, քաջալերելով անոնց հայրենիք տուն դարձին, կ՚ըսէ Տիկին Յակոբեան իր գրառումներուն մէջ։ 

Հետեւաբար,  շատ բարձր գնահատելի էր իր կեցուածքը Հարիւրամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ իբրեւ   խորհրդատուի դիրքորոշումով ներկայութիւն մը  ըլլալու հանգամանքը, առանց հարցերուն մէջ պետութիւնը միջամուխ դարձնելու։  Կարելի է ըսել որ Հայոց Ցեղասպանութեան   Հարիւրամեակի տարելիցին նուիրուած գործունէութիւնն ու Սփիւռքի նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեան շրջանը, եղաւ ոսկեդարը, անցնող եօթանասուն տարիներուն Հայրենիք -Սփիւռք գործակցութեան,   հոգ չէ թէ շատ բան կար սրբագրելի կամ կրկին անգամ արծարծելի, բայց  աւա՜ղ տեւեց շատ կարճ։ 

Բոլոր հանդիսութիւններուն, համագումարներուն, ցուցահանդէսներուն, տօնակատարութիւններուն,  աշխարհի որ անկիւնն ալ որ տեղի ունեցան անոնք,  հասաւ բոլորին։   Վարար ու համակող ու հայրենաշունչ խօսքերով,  հրդեհեց գաղութները, բորբոքելով անոնց սրտերուն մէջ հայրենիք տունդարձի կրակը։    «Դարձաւ կամուրջ  մահուան ափերէն դէպի գալիքը լուսաշող»  եւ «Մեսրոպի սուրբ հանճարով դարձաւ յոյս ու դրօշ» ։

Պատմութիւնը չի կրնար ուրանալ այն հսկայ, ընդարձակ ու անկողմնակալ գործունէութիւնը որ ծաւալեց Սփիւռքի նախարարութիւնը յանձինս Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին, որ ընդգրկեց ամբողջ Սփիւռքը՝ Միջին Արեւելքէն Ամերիկաները։  

Համայնքներու բոլոր կողմերուն, բոլոր յարանուանութիւններուն  եւ  պատկանելիութիւններուն,  հետ պահեց հաւասար հեռաւորութիւն եւ գիտցաւ բոլորին, անխտիր բոլորին, գոհացնել իր ներկայութեամբ եւ  մասնակցութեամբ։  Ի պատիւ իրեն  ճանչցաւ սփիւռքը եւ անոր հոգեբանութիւնը, ճանչցաւ  անոր կարիքները  եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններով դարձաւ Սփիւռքի խօսնակը Հայաստանի պետութեան մօտ։  

«Արի տուն»- ծրագրով  իրականացաւ՝ «Գնա կռունկ Հայոց արտից ծիլ տար կանաչ պանդուխտներին ու ետ դարձիր», բանաստեղծին  երազը։ Դարձաւ «կռունկ ու ետ բերաւ բոլոր պանդուխտներին»։

  Գնաց ամենուրէք ու մեր հանճարներու՝ Սեւակի ու Չարենցի պատգամովներով, ոգեւորեց  զանգուածները։

  Պահեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, միշտ բարձր մակարդակի վրայ  պահելով Հայաստանի դիմագիծը յաչս սփիւռքին ։   

Հանգանակը՞ Սփիւռքի նախարարութեան տասը տարիներու գործունէութեան, եթէ չափելու ըլլանք կը լեցնէ նոյնքան  ստուար էջեր ինչպէս  պատկառելի եռահատորը, ուր տակաւին չեն ներառուած պետական զեկոյցներու թղթածրարները։

Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներ  ու խորհրդաժողովներ, համահայկական գիտաժողովներ, մասնագիտական  արհեստագիտական համագումարներ՝ իրաւագէտներու, պատմաբաններու, իրաւաբաններու, լրագրողներու,   տնտեսագէտներու հետ, լեցուցին օրակարգը Սփիւռքի նախարարութեան ամէնօրեայ գործունէութեան։  Գործունէութիւն  ուրկէ կ՚արտացոլայ բազմաբնոյթ ու բազմակողմանի տաղանդը ձեռնհասօրէն վարելու նախարարութեան պահանջները՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու  սերտ գործակցութեան եւ զիրար հասկացողութեան դժուարին ու խրթին գործունէութեան մէջ։   

            Կազմակերպեց  հայապահպանման մշակութային փառատօներ՝ «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» տարազումով,  համահայկական խաղեր, մեծ աշխուժութիւն յառաջացնելով Հայրենիքի եւ  սփիւռքի մէջ։

Գումարուեցան-խորհրդաժողովներ եւ քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնահարցեր,  կարելիութիւններ եւ   առաջնահերթութիւններ։ Այս բոլորին իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցան՝ Սփիւռքագիտութեան ամպիոն՝ Պետական համալսարանի մէջ, բացուեցան Սփիւռքի բաժիններ,   Կազմակերպուեցան ուսուցիչներու  պատրաստութեան եւ  վերաւորակաւորման   յատուկ աշխատանքային վարժութիւններ,  դասագիրքերու պատրաստութիւն,  հայրենի գրականութեան առաքում, պետական անձնաւորութիւններու ուղեւորութիւններ՝ սփիւռքի գաղթօճախները, այցելելու հայ համայնքներուն։

Զարգացաւ եւ աշխուժացաւ գործակցութիւնը, ամրապնդուեցան կապերը, խթանուեցաւ հայրենադարձութիւնը, հզօրացան հայկական ցանցերը։  Քաջալերուեցաւ եւ պայմաններու դիւրութիւններ ընծայուեցան  քաղաքացիութիւն ստանալու համար եւ բազմահազար հայորդիք դարձան Հայաստանի քաղաքացի։  Երազ, որ ամէն մէկ սփիւռքահայ կը կրէր կրծքին տակ, ունենալ հայ ծնած ըլլալու պատկանելիութեան  հաստատագիրը։ 

Ձեռնհասօրէն վարեց այս բոլորը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Տարելիցի  գործունէութիւնը դարձաւ անկիւնաքարը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնը այդ գործունէութիւնը համակարգող ազգային կեդրոն։    

Հայրենիք-Սփիւռք Գործակցութիւն  եռահատոր գիրքերով պատմութեան կը յանձնուին ոչ անկարելի թուացող Հայրենիք-Արցախ-Սփիւռք- եռեակին յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները, ինչպէս կը փորձեն ցոյց տալ նոր օրերու բանդագուշակները։  Այս գիրքերը  պիտի ծառայեն իբրեւ Հայաստան սփիւռք   պատմութեան շտեմարան եւ փաստաթուղթ, գործունէութեան եւ տեղեկատւութեան անսպառ աղբիւր։

Այս գործակցութեամբ եւ ամրապնդուող միասնականութեամբ  հետզհետէ կ՚անհետանային կարծրատիպերը։  Սփիւռքը սկսած էր վերջապէս գտնել իր ուղին դէպի հայրենական տուն, իր վերջնական ու յաւերժական կայքը, վերջ դնելով տասնամեակներու աստանդական ու յոգնաբեկ թափառումներուն, հոգին խաղաղեցնելով հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքներուն իր լուման բերելով։   

Սակայն, 2018-ին տեղի ունեցած  ներքին յեղափոխութեամբ շրջադարձային  փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ի շարս այլոց վերացաւ նաեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Մենք ականջալուր եւ ականատես վկաները իրագործուած հսկայական աշխատանքներուն, թափուած վիթխարի ճիգերուն ու ստեղծուած հոյակապ  կառոյցներուն,  այսօր շփոթ ու շուար, հարց կու տանք՝ այս բոլորի վերականգնումին   համար քանի՞ տասնամեակ կը պահանջուի  եւ ինչպիսի՞ գերմարդկային ճիգ պէտք է, կամ ինչպիսի՞ հրաշք  պէտք է պատահի, կամ  յիրաւի պիտի կարենա՞նք երբեւիցէ վերականգնել կրկին,  հարցեր որոնք  կը մնան  անպատասխան։

★★★

Հայրենիք-Սփիւռք տասնամեայ ուղին,  եռահատոր գիրքերով, պատմութեան կը յանձնուին՝ Հայրենիք-Սփիւռք միասնական գործակցութեան ստոյգ, վաւերական եւ ճշմարիտ փաստերը, ուր կ՚արտացոլան  հայու անկոտրելիութիւնը ապացուցող հրաշալի իրագործումներ,  որոնցմէ  մեր թշնամիները  սարսափած փշրեցին մեր միասնականութիւնն ու հզօրութիւնը, պառակտելով ու մասնատելով հայրենիքն ու սփիւռքը։

 Ատելավառ քարոզչութեամբ կը շարունակուին  հայաքանդումն ու Հայաստանը վերացնելու քաղաքականութիւնը պարտադրելով Հայաստանի Հանրապետութեան՝ վերանայիլ իր սահմանները, Ազգային Սահամադրութիւնը, Հայոց Պատմութեան դասագրքերը եւ ջնջել Արցախն ու   «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, Հայոց Պատմութեան էջերէն, գրականութիւնէն,    ջնջելու հայու հոգիէն այն ամէն ինչը որ կը կապէ հայրենիքին, հողին ու քարին, այն ինչ  կը կերպարէ Հայը՝ ինքնութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, ունենալու համար հայութենէ, ազգայնականութենէ դատարկուած, ոչնչացուած հայ ու անապագայ Հայաստան, հասնելու համար վերջապէս, ներսէն խորտակելու Հայն ու Հայաստանը։  

★★★

Այսուամենայնիւ, պատմութիւնը չի մոռնար իր ազգի ազնուագոյն զաւակները յաւերժութեան յանձնելու, գալիք սերունդներուն որպէս ներշնչման աղբիւր անոնցմով առաջնորդուելու, որոնք գիտցան պահու հրամայականէն թելադրուած սքանչելի գործունէութեամբ կամրջել Հայրենիքն ու Սփիւռքը,  դարբնեցին ոսկեայ օղակը հայրենիքը սփիւռքին զօդող ամրակուռ շղթային, ստեղծելով  մէկ  ամբողջութիւն եւ մէկ բռունցք, որմէ մեր թշնամիները սարսափած միացան մեզ ճզմելու։

Պի՛տի շրջանցենք այս հանգրուանը եւս, որովհետեւ կը հաւատանք հայրենիքի յաւերժութեանը եւ պիտի վերականգնենք կրկին մեր միասնականութիւնը,  ու պիտի երթանք կրկին Սարտարապատի պատի  տակ բոլորս միասին, ինչպէս 2007-ին, Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ հայրապետներու, հանրապետութեան նախագահին ու ամբողջ պետական աւագանիին,  մեր մշակոյթի լաւագոյն եւ սքանչելի  կատարողներուն եւ համայն ժողովուրդին  հետ միահամուռ երգելու՝

«Ու պիտ գայ հանուր կեանքի արշալոյսը վառ հագած. Հազար հազար լուսապայծառ հոգիներով վարարած..

Ու  պոէտներ որ չեն պղծել իրենց շուրթերն անէծքով, պիտի գովեն  քո նոր կեանքը՝  նոր երգերով , նոր խօսքով։»      

Թող այս խօսքերը հնչեն որպէս երախտիքի արտայայտութիւն անձնուրաց հայուհիին՝ Մեծ Տիկնոջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի առաջին  նախարարին՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին  եւ իր խումբի վեհսիրտ ու վեհանձն, հայրենանուէր որդիներուն,՝ որոնք դարձան ոսկեայ կամուրջը  Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան  եւ առհաւտչեան ազգային միասնականութեան։        

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին