Հինգշաբթի, 02. 05. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունած Է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հիմնադիր Նախարար  Հրանուշ Յակոբեանի Վեհարան Այցելութիւնը

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Հիմնադիր Նախարար  Հրանուշ Յակոբեանի «Հայրենի-Սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին» խորագրով վերջերս հրապարակուած իր եռահատորեակի շնորհանդէսին ներկայ գտնուելու համար Պէյրութ այցելութիւնը առիթ հանդիսացած է տիկին նախարարին հանդիպելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:

Հանդիպման ընթացքին  ընդհանուր արժեւորում կատարուած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ներկայ կացութեան մասին։

Վեհափառ Հայրապետը գնահատած է տիկին Յակոբեանի բերած կարեւոր նպաստը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման, միաժամանակ ողջունելով նոյն նպատակին նուիրուած իր եռահատորին հրատարակութիւնը:

Իր այցելութեան առիթով տիկին Յակոբեան իր եռահատորին յատուկ մակագրուած օրինակները նուիրած է Վեհափառ Հայրապետին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին