Ուրբաթ, 19. 04. 2024

spot_img

Աղօթքի Շաբաթ՝ Քրիստոնէութեան Միութեան Համար

Նախաձեռնութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.), ամէն տարի Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ քրիստոնէութեան միութեան համար։ Այս ծիրին մէջ երբեմն եկեղեցիներ առանձնաբար եւ երբեմն միասնաբար կրօնական հաւաքներ կը կազմակերպեն եւ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզխօսութիւններու միջոցաւ կը շեշտեն եկեղեցիներու միութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

Արդարեւ, Կիրակի, 16 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիին մէջ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, համայնքներու առաջնորդներ, հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներ։ Յիշեալ արարողութեան յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։

Յայտնենք, որ 2019 թուականին Լիբանանէն ներս աղօթքի շաբթուան փակման արարողութիւնը տեղի ունեցած էր Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական առաջնորդներու: Այս առիթով իր Հայրապետական պատգամը ուղղած էր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին