spot_img

Հայ Ժողովուրդին Անսակարկելի Պահանջները Անկախ Թէ Ովքեր Պիտի Ըլլան Նոր Իշխանութիւնները

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Պետական բարձրագոյն՝

Member of the Order of Canada Շքանշանակիր

Հազիւ թէ քանի մը շաբաթներ մնացած են մինչեւ Յունիսի 7-ը ուր տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համապետական ընտրութիւնները: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք թէ մեծ չափով այս ընտրութիւններու արդիւնքէն կախեալ է յառաջիկայ երկար տարիներուն համար, թէ մեր հայրենիքին եւ թէ հայաստանաբնակ ինչպէս նաև Սփիւռքի հայութեան ազգային ճակատագիրը:

Սակայն հակառակ այս անգամուան ընտրութեանց անկիւնադարձային կարեւորութեան, որոշ յուսախաբութեամբ է որ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ ընտրարշաւի այս օրերուն, ընտրուելու հաւակնութիւն ունեցող որոշ հոսանքներուն  գործելակերպին, խօսելակերպին եւ խոստումներուն մէջ դրսեւորուած լրջութեան եւ յստակութեան պակասին կամ տկարութեան: Յատկապէս, նուազագոյնը անյարմար է ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին և իր որոշ գործակիցներուն «ընտրապտոյտներուն» ընթացքին, կրկնակի տարբեր ուտեստեղէններ ճաշակելով, կամ հրապարակներու վրայ թմբուկ նուազելով ժողովրդականութիւն շահելու փորձերը…

          Նախորդ մեր յօդուածով արծարծեցինք անվիճելի կարեւորութիւն ունեցող հարցերէն մէկը հանդիսացող Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ յարաբերութեանց յստակացումը: Եզրակացուցինք թէ Սփիւռքը իր առաւելութիւններով եւ տկարութիւններով հանդերձ անբաժանելի եւ իրաւասու թանկագին մէկ մասնիկն է Հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար ՝ անկախաբար Հայաստանի օրուան իշխանութեանց և յատկապէս հետընտրութեանց նոր իշխանութիւններուն նախասիրութիւններէն, այս վերջինները պարտաւոր են Սփիւռքին հետ վարուիլ այնպէս ինչպէս պարտաւոր են վարուիլ Հայ  ժողովուրդի որեւէ մէկ ուրիշ հարազատ հատուածին հետ: Չենք զարմանար թէ իշխանութիւնները աճապարուած չեն հակազդելու այս դժուար վիճելի և կառուցողական առաջարկին:

Այս անգամ, մեր այս յօդուածին նպատակն է բնորոշել գիտակից որեւէ հայու՝ նորընտրելի իշխանութիւններուն  ուղղռւած անսակարկելի միւս պահանջները, որպէսզի Յունիսի 7-ին քուէատուփին մօտեցող քաղաքացին արդարօրէն որոշէ իր քուէին արժանի խմբաւորումը:

          Պահանջ 1: – Այո խաղաղութիւն պէտք է տիրէ Հայաստանի տարածքին վրայ:

          Առաջնահերթ է այս պահանջը որեւէ երկրի՝ մանաւանդ Հայաստանի համար: Կարեւոր է սակայն մատնանշել թէ ներկայ եւ շուտով շրջանաւարտ իշխանութիւններուն հիմնական սխալը այն է թէ անոնք կուզեն համոզել թէ պէտք է այս պահանջը լրացնել մեկնելով բազմադարեան մեր թշնամիներուն նկատմամբ ամբողջական զինաթափութեան դիրքերէն, այսինքն «ի գին ամէն զիջողութեան»: Բացայայտօրէն անտրամաբանական եւ ազգաքանդ է այս «մաֆիայի զոհի» դասական օրինակը հանդիսացող կեցուածքը, ուր այս վերջինը ի վերջոյ ամբողջովին անձնատուր եւ անզօր գերին կը դառնայ զինք յօշոտող անյագ մաֆիապետին: Այդպէս ալ է այսօր, անյագօրէն պահանջող Ատրպէյճանին եւ յաւերժօրէն տեղի տուող Հայաստանին փոխյարաբերութիւններուն անընդունելի վիճակը…:

Ակնյայտ իրականութիւնը այն է թէ Հայաստանին առտու գիշեր «Խաղաղութեան համաձայնագիր» ստորագրելու ջանքերուն, Ատրպէյճանը ոչ իսկ դոյզն դրական պատասխան տուած է մինչեւ այսօր:

Ընդհակառակը ան իր տարբեր խօսափողերով չի դադրիր համարձակիլ Սեւանը եւ Երեւանը Արեւմտեան Ատրպէյճան որակելէ:    Իսկ անցեալ Օգոստոս 8-ի՝ առանց որևէ երաշխիքի Ուաշինկթընեան Թրամփի այլևս հանրծաօթ՝ թատերական ներկայացման համազօր «Համաձայագիրը», կը մշարունակէ մնալ ճիշդ այդ մակարդակին վրայ:

          Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի հետապնդել եւ իրականացնել իսկական արդար եւ արժանապատիւ, երաշխիքներով եւ ինքնապաշտպանութեամբ ապահովուած, տեւական խաղաղութեամբ  Հայաստանը օժտելու լուրջ աշխատանքը:

         Պահանջ 2: Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պարտի հաստատուիլ միջազգային մակարդակով մարդու խօսքի եւ իրաւունքներու ազատութեան, եւ ռամկավարական սկզբունքներու բծախնդիր գործադրութեան անվիճելի դրութիւնը:

        Ութ տարիներ առաջ երբ թաւշեայ յեղափոխութիւն  անուան տակ ձեւակերպուեցան այսօրուան իշխանութիւնները, անոնք ժամանակի մը համար վայելեցին համաժողովրդային համակրանք, որովհետեւ անոնք Հայաստանի ժողովուրդին կը խոստանային ճիշդ այդ սկզբունքները բծախնդրօրէն գործադրել:  Այսօր ութ տարիներ ետք կացութիւնը ոչ թէ միայն վերադարձած է նախորդ  շրջանին տեղի ունեցող կարգ մը այլանդակութեանց, այլ նաեւ աւելին՝ հիմա Հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւնները ոտնակոխ ընելու անամօթ՝ հիւանդագին եւ կոպիտ գործելակերպն է որ կը տիրէ:

          Առաւել ևս, ժողովուրդը ամէն օր ենթարկուած է արդարադատութեան եւ օրինական կարգ ու սարքի կամայական եւ քմահաճ գործադրութեան զզուելի գործելակերպին:

          Սովորական երեւոյթ դարձած է իշխանութեան քմահաճ դրդումով, իրենց անհաճոյ նկատած որեւէ անհատ կամ խումբ «կալանաւորելու» եւ ամիսներով կալանքի տակ պահելու, յետոյ ազատ արձակելու, եւ յետոյ կրկին «կալանաւորելու» անհաւատալիօրէն քմահաճ  գործելակերպը:

          Եկեղեցական բարձրաստիճան հոգեւորականներ, իրենց բացառիկ բարերարութեամբ՝ յարգուած գործարարներ, կամ երիտասարդ համարձակ  կարծիք յայտնող քաղաքացիներ, ամէն օր կ՛ենթարկուին այս կոպիտ անքաղաքակիրթ, անընդունելի վերաբերմունքին:

          Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի անմիջապէս դադրեցնել այս դիկտատորական հասարակ գործելակերպը, եւ ազատ արձակել բոլոր այս կարգի «կալանաւորները»:

        Պահանջ 3:- Վերահաստատել Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային բոլոր սրբութիւններու նկատմամբ յարգանքը եւ ակնածանքը: Այստեղ պէտք է յատուկ կարեւորութեամբ յիշուին հետեւեալ կարևորագոյն ստորաբաժանումները: 

          ա.- Հայաստանեայց Առաքելական բազմադարեան Եկեղեցւոյ նկատմամբ կը պահանջուի վերահաստատել ամբողջական յարգանք: Նորընտրուած իշխանութիւնները պարտին անմիջապէս դադրեցնել ժամանակէ մը ի վեր ներկայ իշխանութեանց ՝ Հ.Ա. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնայ եւ Ամենայն Հայոց ազգընտիր Հայրապետին նկատմամբ որդեգրած անօրէն վերաբերմունքը:

            Անընդունելի է իշխանութեանց կողմէ որեւէ կերպով միջամուխ ըլլալ Հ.Ա.Ե. ներքին գործունէութեան:  Սահմանադրականօրէն եւ դարաւոր մեր աւանդութեանց ոյժով հաստատուած այս անսակարկելի գործելակերպը պարտի անմիջապէս որդեգրուիլ նոր իշխանութեանց կողմէ:

          բ.- Ոչ մէկ հարազատ Հայ իշխանութիւն կրնայ հրաժաըիլ ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան պարտականութենէն:

Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը  անսակարկելի եւ անփոփոխելի պարտականութիւնն է հայ պետականութիւնը ներկայացնող բոլոր ժամանակի իշխանութեանց համար:

          գ.- Յաւիտենական Արարատ լեռը անփոփոխելի եւ անսակարկելի պատմական խորհրդանիշն է Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին: Անոր հայկական աշխարհին հոգեկան պատկանելիութիւնը սակարկութեան առարկայ դարձնելը ամօթալի արարք մըն է պարզապէս: Կը պահանջուի Արարատը վերադարձնել իր պատուոյ տեղը ազգային խորհրդանիշներուն, եւ սրտերուն մէջ:

          դ.- «Արցախը մերն է» ըսաւ Հայ ժողովուրդը ամբողջ երեսուն տարիներ իր քաղաքական , գրական, դպրոցական եւ բոլոր այլ հարթակներուն վրայ: Անհաւատալի խեղճութեան դրսեւորում է, մեր դարաւոր պատմութեան մէջ արձանագրուած այս տուեալ իրականութիւնը հարցականի տակ դնելը:

          Գիտակցելով հանդերձ դժբախտաբար տակաւին ինքնապաշտպանութեան մեր այսօրուան տկարութեան, կարելի չէ վաճառքի հանել պատմական իրականութիւնները: Անձնատուութիւնը երբեք լուծում մը չէ… նորընտիր իշխանութիւններէն կը պահանջուի իրատես ըլլալ սակայն երբեք չդաւաճանել մեր պատմութեան:

          Պահանջ 4 եւ վերջինը:

          Նորընտիր իշխանութիւններէն մեր վերջին պահանջը որ նաեւ միւս բոլորին իրականացման անվիճելի հաւաստիքը կը ներկայացնէ, վերականգումն է Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան  ազդու եւ արդիական միջոցներուն, որպէս առաջնահերթութեանց մէջ առաջինը:  Նախ շեշտենք թէ Հայաստանը ունի պահանջուած բոլոր միջոցները որպէսզի ինքնապաշտպանութեան իմաստով իր ռազմական կարողութիւնը հասցնէ արդիական  բարձրագոյն մակարդակին: Այս մասին քանիցս  մանրամասնօրէն գրած ըլլալով աւելորդ կը գտնենք անգամ մը եւս այստեղ ներկայացնել այս իրականութիւնը առարկայական պատճառաբանուած տուեալներով հաստատող փաստարկումը:

          Անհրաժշտ է վճռականօրէն կրկնել թէ առանց բարձրագոյն մակարդակով ինքնապաշտպանութիւն ապահովելու, մնացեալ վերեւը մեր նշած բոլոր արդար պահանջներու իրականացումը կը մնայ իտէալիստական ռոմանթիք երազի մակարդակին վրայ:

          Ալիեւին համար մեր Հայաստանը,  մինչեւ այսօր իր Արեւմտեան Ատրպէյճանն է…: Իսկ Եւրոմիութեան կամ Թրամփի Ամերիկային համար, մեզ համար թանկագին  մեր բազմադարեան հայրենիքը, պարզ անցողակի հետաքրքրութեան նոյնքան ալ դիւրաւ մոռցուելիք մանրամասնութիւն մըն է: 

          Պիտի եզրակացնե՛նք, յստակ կերպով յայտարարելով թէ Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն առնչութեամբ մենք յատուկ՝ ի սկզբանէ որեւէ  թեկնածուի  կամ քաղաքական խմբաւորումի նկատմամբ համակրանքով կամ հակակրանքով չենք ուզեր մօտենալ:

          Սակայն անվիճելի իրականութիւն է թէ Հայ ժողովուրդի անշահախնդիր եւ գերազանցօրէն գիտակից մասին մեծամասնութեան համակրանքը եւ զօրավիգը ուղղուած է այն, եզակի կամ յոգնակի, թեկնածուին կամ խմբաւորումին որ կը խոստանայ իր բոլոր միջոցներով ջանալ ապահովել այս յօդուածով բնորոշուած վերոյիշեալ անսակարկելի պահանջներու իրագործումը:

            Ի դէպ, ուշադրութեամբ կը հետևինք երթալով սաստկացող ներկայ ընտրարշաւին մէջ դրսեւորուող առարկայական զարգացումներուն: Արդէն իսկ ակնյայտ և տպաւորիչ են գլխաւորխմբաւորումներէն՝ մանաւանդ, Սամուէլ Կարապետեանի գլխաւորած եւ հսկայական հետևողութիւն ապահոված՝ «Ուժեղ Հայաստանի» և բազմահազար մասակիցներով ծովածաւալ՝ ջահերթ գլխաւորած՝ «Հայաստան Դաշինքի» վայելած ժողովրդականութիւնը: Անոնք նաև ակնյայտօրէն ջատագով են մեր վերևը թուած «պահանջներուն» իրականացման:

Հետևաբար այս պայմաններու տակ որոշապէս մաղթելի է որ միւս խմբաւորումները եւս, և մանաւանդ ՔՊ-ական շարժման մէջ եւս, դուրս գան ողջմիտ հայրենասիրութեան հետևորդներու մեծ խումբեր , և բոլորը միացնեն իրենց ոյժերը որպէսզի նորընտիր իշխանութիւնները վայելեն ամբողջ Հայ ժողովուրդին՝ ներառեալ ամբողջ Սփիւռքին զօրավիգը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին