Շաբաթ, 27. 04. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի Լուրեր

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Վարժարան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ ընկ. սեւակ Յակոբեանին, Ամանորի եւ Սրբ. Ծննդեան տօնի շնորհաւորանքի համար Ուրբաթ 14 Յունուար 2022-ին այցելեց Վահան Թէքէեան Վարժարան: ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ Սեդրակ Քիւրէճեան եւ Արա Թերզեան:

Վահան Թէքէեան Վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհի Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեանի ազնիւ հիւրնկալութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամները հպարտութեամբ լսեցին այնտեղ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ ի սրտէ շնորհաւորեցին տնօրէնուհիին անխոնջ աշխատանքը ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ու աշխատակազմին անձնուէր նուիրումը Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար օրերուն:

Հանդիպումը առիթ մըն էր նաեւ Տնօրէնուհիին փոխանցելու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան բարեկամ՝ նախկին լիբանանահայ, ամերիկաբնակ ղեկավար ընկեր Վարդան Նազիրեանի 30 միլիոն լիբանանեան ոսկիի համեստ նուէրը մեր վարժարանին ուսուցչակազմին ու աշխատողներուն:

ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը Տիկին Սեւանայ Սեմերճեան-Տարագճեանին յաջողութիւն մաղթելով մեկնեցաւ իր հոգեհարազատ վարժարանէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին